Արցախը Պատրաստ է Ընդունելու Լիբանանահայերը – Արցախը Պատրաստ է Ընդունելու Լիբանանահայերը
ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
05 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան անդրադարձած է Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած մահաբեր պայթումին, հեռախօսազրոյց ունեցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ: Այս մասին «Սիվիլնեթ»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի նաագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան:
«Նախագահը յայտարարած է, որ մենք պատրաստ ենք 100-150 ընտանիք ընդունելու Արցախի մէջ: Ատիկա նորութիւն չէ, եւ այս պարագայով չէ պայմանաւորուած: Այդ մտադրութիւնը եղած է նաեւ անցեալին` կապուած Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային – տնտեսական ծանր իրավիճակի հետ: Առաւել եւս այս պայթումէն ետք, նախագահը խօսած է Արամ Ա․-ի հետ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է ինչպէս ընտանիքներու ընդունման, այնպէս ալ տարբեր աջակցութեան ծրագիրներ իրականացնելու առումով: Այսինքն, բոլոր հնարաւորութիւններով այսօր Արցախը պատրաստ է օգնելու լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին»,- ըսած է Վահրամ Պօղոսեան:
Պէյրութի մէջ Օգոստոս 4-ին տեղի ունեցած ուժգին պայթումին հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է 78-ի, աւելի քան 4000-ը վիրաւորուած է (Օգոստոս 5-ի կէսօրուան դրութեամբ): Զոհուածներուն մէջ կան վեց հայեր:
yerakouyn.com/2020/08/05/արցախը-պատրաստ-է-ընդունելու-լիբանանա/