Պէյրութի Պայթումին Հետեւանքով Զոհուած Հայերուն Թիւը Այս Պահուն Վեց է. ԱԳՆ

Պէյրութի Պայթումին Հետեւանքով Զոհուած Հայերուն Թիւը Այս Պահուն Վեց է

Պէյրութի Պայթումին Հետեւանքով Զոհուած Հայերուն Թիւը Այս Պահուն Վեց է. ԱԳՆ

05 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով զոհուած հայերուն թիւը վեց է, կը յայտնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան:

Ան կը յայտնէ, որ ԱԳՆ-ի մէջ ձեւաւորուած է աշխատանքային խումբ` Լիբանանին թիրախային աջակցութեան տրամադրումը Լիբանանի ճգնաժամային կառոյցի հետ համակարգելու նպատակով: Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը մշտական կապի մէջ է տեղի պատկան մարմիններուն հետ` միասնաբար գնահատելու լիբանանեան կողմի կարիքները եւ աջակցութեան շրջանակը:

«Զուգահեռաբար կապ կը պահպանուի հայ համայնքային կառոյցներու հետ` կարիքները գնահատելու նպատակով: Լիբանանի մէջ դեսպանութիւնը կ՛աշխատի արտակարգ կարգով, կը գործէ թէժ գիծ», – Ֆէյսպուքի մէջ գրած է ԱԳՆ խօսնակը:

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 4-ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ ուժգին պայթում կը տեղի ունեցած: Նախնական տուեալներով զոհուած է աւելի քան 100 մարդ, հազարաւոր մարդիկ վիրաւորուած են, քաղաքին մէկ մասը փլատակներու վերածուած է: Երկրին մէջ երեք օր սուգ յայտարարուած է:

yerakouyn.com/2020/08/05/պէյրութի-պայթումին-հետեւանքով-զոհու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail