ՀՀ կառավարութիւնը Ըստ Անհրաժեշտութեան Որոշումներ Պիտի Կայացնէ. Փաշինեան` Լիբանանին Օգնելու Մասին
05 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ: Այս մասին ան գրած է ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ։
«Քիչ առաջ հեռախօսազրոյց ունեցայ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ:
Զօրակցութիւն եւ ցաւակցութիւն յայտնելով երէկուան պայթումին եւ զոհերուն կապակցութեամբ` Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութիւնը առաջարկեցի Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին:
Լիբանանի կառավարութիւնն այժմ կարիքները կը գնահատէ եւ գնահատման արդիւնքով Հայաստանի կառավարութիւնը ըստ անհրաժեշտութեան որոշումներ պիտի կայացնէ»,- գրած է վարչապետը:
ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն շնորհակալութիւն յայտնած է սփոփանքի խօսքերուն համար եւ իր երախտագիտութիւնը փոխանցած Լիբանանի կարիքներուն հիման վրայ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան համար: Ան տեղեկացուցած է, որ երկրի իշխանութիւնները կը գործադրեն ամէն ջանք` ստեղծուած խնդիրները հնարաւորինս շուտ յաղթահարելու համար:
yerakouyn.com/2020/08/05/հհ-կառավարութիւնը-ըստ-անհրաժեշտութե/