ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայութեան ՍԻՐՏԸ ԽՈՑՈՒԱԾ Է ապակիի անհամար փշրանքով․․․

Պէյրութի Պայթումին Հետեւանքով Զոհուած Հայերուն Թիւը Այս Պահուն Վեց է

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայութեան ՍԻՐՏԸ ԽՈՑՈՒԱԾ Է ապակիի անհամար փշրանքով․․․

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Հայութեան ՍԻՐՏԸ ԽՈՑՈՒԱԾ Է
ապակիի անհամար փշրանքով․․․

05 Օգոստոս 2020

Ն․ Պէրպէրեան

Պէյրութ դարձեալ ԱՐԻՒՆ կու լայ՝ ամէնուր քանդում է եւ աւերակոյտ, ջարդուփշուր ապակի, զոհեր ու վիրաւորներ։
Հիրոշիման յիշեցնող ՊԱՅԹՈՒՄը ծանրօրէն հարուածեց Պէյրութի նաւահանգիստին շրջակայքը՝ հոն բոլորուած ամէնէն ՀԱՅԱՀՈԾ թաղամասերով հանդերձ։

Ոչ միայն Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի, այլեւ համայն Հայութեան ՍԻՐՏԸ ԽՈՑՈՒԱԾ Է ապակիի անհամար փշրանքով․․․

Ցաւը կը սեղմէ բոլորիս ԿՈՒՐԾՔը, որովհետեւ Լիբանանի հայութեան ՈԳԵՂԷՆ ԱՒԱՆԴԷՆ մասունք մը անպայման կը շնչէ ԱՄԷՆՈՒՍ մէջ։

Զոհուած կամ վիրաւոր աղէտեալներու շարքին ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐ ունին մեզմէ ՇԱՏԵՐԸ։

Նոր առաւօտ բացուած է, բայց բարի լոյս ԱՒԵՏԵԼՈՒ ոչ մէկ տրամադրութիւն կայ մէջս։

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ փութալու ղօղանջներու կարիք ալ չկայ՝ ամբողջ աշխարհը շարժած է արդէն Պէյրութի ՑԱՒՈՎ։

Բայց անպայման ԺԱՄՆ է ամէն զանգ հնչեցնելու, որպէսզի այս ԱՆԷԾՔԸ ի վերջոյ հանգիստ ձգէ ոգեղէն ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ մեր գեղեցիկ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԸ։

Բարի լոյս՝ քարերով եւ ապակիներով ծածկուած ԱՒԵՐԱԿՈՅՏԻՆ մէջէն ՊԷՅՐՈՒԹԸ վերստին, ֆիզիքապէ՛ս թէ հոգեպէ՛ս աւելի ԳԵՂԵՑԻԿ ՍԼԱՑՔՈՎ ոտքի բարձրացնող ՓԻՒՆԻԿԻՆ, որ ՄՈԽԻՐՆԵՐԷՆ ՅԱՌՆԵԼՈՒ ՆԵՐՈՅԺՈՎ բնորոշած է ՀԱՅԱԿԵՐՏՄԱՆ մեր հնաւանդ՝ անմոռանալի ՕՃԱԽԸ։

Բարի լոյս՝ այսօրուան օրը իր ՔԱՆԴՈՒԱԾ ԲՈՅՆԸ վերաշինելու ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՄԲ սկսած ՀՐԱՇՔ ՀԱՅՈՒՆ, որ գիտէ, համոզուած է եւ զինուած է վաղը աւելի ՊԱՅԾԱՌ ԵՒ ՇԷՆ ՕՐ ԿԵՐՏԵԼՈՒ ԿԱՄՔՈՎ։

Բարի լոյս՝ փլատակներու եւ ցաւերու մէջէն ԴԷՊԻ ԱՂԲԻՒՐԸ ՅՈՅՍԻՆ մեր քայլերն ու ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ առաջնորդող ԱՆԸՆԿՃԵԼԻ ՊԷՅՐՈՒԹ։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail