ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Գրիգոր Օտեան (1834-1887). Զարթօնքի Սերունդին հեղինակաւոր՝ ազգային-պետակա՛ն դէմքը

– Գրիգոր Օտեան (1834-1887). Զարթօնքի Սերունդին հեղինակաւոր՝ ազգային-պետակա՛ն դէմքը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Գրիգոր Օտեան (1834-1887). Զարթօնքի Սերունդին հեղինակաւոր՝ ազգային-պետակա՛ն դէմքը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

Գրիգոր Օտեան (1834-1887).

Զարթօնքի Սերունդին հեղինակաւոր՝
ազգային-պետակա՛ն դէմքը

05 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020

Ն. Պէրպէրեան

«Մարդս, որ աշխարհիս մէջ կը թաւալի ու կեանքի պատերազմը կը մղէ, պիտի տեսնէ պայծառ ու զուարթ օրեր, այլեւ շատ անգամ՝ անձրեւոտ օրեր. հողմ ու փոթորիկ պիտի փչեն ու կայծակ պիտի գոռայ, ու սլաքներ ու ռումբեր պիտի գոռան չորս կողմը, եւ երբեմն ալ պիտի հարուածեն զինքը։

«Ա՛յս է բաժինը ամէն մարդու, որ կ՚ապրի։ Կեանքը պատերազմ մըն է թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս։ Այն մարդը, որ միշտ լսած է իր ներսիդին Աստուծոյ ձայը՝ եւ այն ձայնին միշտ հնազանդած, ան կը վայելէ ներքին երանութիւն մը, որուն չեն հասնիր ու չեն ազդեր փոթորիքներն ու սլաքները. ան կը վայելէ խղճմտանքի զուարթութիւնը, զոր ոչ ոք կրնայ կապտել իրմէ։

«Մարդս այնքա՜ն վտանգներով շրջապատուած է, այնքա՜ն թշնամիներ ունի եւ իր ամէնէն մեծ թշնամին ի՛նք է, իր տկարութիւնները՝ իր մոլութիւններն են։ Իյնալէն ետք նորէն ո՞վ պիտի կանգնէ զինքը, եթէ ոչ աղօթքը»…

Այսպիսի՛ խոհականութեամբ, իմաստութեամբ եւ հաւատքով իր կեանքը արժեւորեց հայ ժողովուրդի Ազգային Զարթօնքի Սերունդին ամէնէն հեղինակաւոր դէմքերէն Գրիգոր Օտեան, որ 5 Օգոստոսի այս օրը, 133 տարի առաջ, Փարիզի մէջ վտարանդի կեանքի դատապարտուած, 53 տարեկանին առյաւէտ հեռացաւ մեր աշխարհէն։

*
* *

Օտեաններու հռչակաւոր տոհմէն սերած էր Գրիգոր. ծնած էր Պոլիս, 1834ին. զաւակն էր Պօղոս Օտեանի, որուն հիմնած դպրոցին մէջ ալ ստացաւ իր նախնական կրթութիւնը։

Բարձրագոյն ուսումը ստացաւ Փարիզ, որ 1840ականներու վերջերուն դարձեալ կ՚ապրէր յեղափոխական բուռն վերիվայրումներու մէջ։

Ազատական եւ ընկերվարական հոսանքներու մակընթացութեան ժամանակներն էին՝ Մարքս նոր հրապարակած էր իր «Կոմունիստական Մանիֆեստ»ը, իսկ Ֆրանսայի մէջ ազատականները հասած էին իշխանութեան՝ ժողովրդավարական բարեկարգումները իրենց գաղափարական հունով յառաջ մղելու համար։

Գրիգոր Օտեանի քաղաքական եւ գաղափարական կազմաւորումը հունաւորուեցաւ 1848ին Եւրոպան ցնցած ժողովրդավարական բարեկարգութեանց ու ազատական մտածողութեան ուղիով։

Գրողի, հասարակական գործիչի եւ քաղաքական մարդու հարուստ պաշարով զինուած՝ 1851ին ան վերադարձաւ Պոլիս եւ անմիջապէս նետուեցաւ արեւմտահայոց Ազգային Զարթօնքի բուռն շարժումին մէջ։

*
* *

Իր գաղափարներն ու համոզումները տարածելու համար՝ Գ․ Օտեան դարձաւ կանոնաւոր աշխատակիցը Յարութիւն Սվաճեանի «Մեղու» թերթին, որ այդ շրջանին կը հանդիսանար գլխաւոր բեմերէն մէկը յանուն աշխարհաբարի մղուող պայքարին։

Գրիգոր Օտեան զգալի ազդեցութիւն ունեցաւ ընդհանրապէս «Մեղու»ի եւ որոշապէս Յ. Սվաճեանի գաղափարական ուղղութեան վրայ։

Արեւմտահայ ազատական մտածողութեան մշակման, տարածման ու զարգացման մէջ մեծ ներդրում ունեցան Օտեան եւ Սվաճեան, որոնք սակայն, 1860ականներու սկզբնաւորութեան՝ Ազգային Սահմանադրութեան պատրաստութեան եւ հաստատման թէժ պայքարներու շրջանին, իրարմէ որոշակի հեռաւորութիւն առին՝ գաղափարական իրենց մօտեցումներուն մէջ հետզհետէ շեշտուած տարակարծութեանց հետեւանքով։

Գրիգոր Օտեան արմատական յեղաշրջումներու մարդը չէր, մինչ Սվաճեան կողմնակից էր ժողովրդային խաւերու իշխանութեան ամրապնդումը մինչեւ վերջ տանելու մտածողութեան։

Օտեան նաեւ շնորհալի հռետոր էր, որ իր հրապարակային ելոյթներով ու մշակուած ատենախօսութիւններով՝ առաջացուց համախոհներու եւ հետեւորդներու ազդեցիկ շարժում։

Յատկապէս մշակութային կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ մեծակշիռ եղաւ Օտեանի ներդրումը, որ հետեւողականօրէն կանգնեցաւ յառաջապահ դրօշակիրի դիրքերուն վրայ` յանուն հայոց լեզուի բիւրեղացման, աշխարհաբարի յղկման եւ ընդհանրապէս արեւմտահայոց մշակութային զարգացման։

*
* *

Գրիգոր Օտեանի հեղինակութիւնը չսահմանափակուեցաւ միայն հայ իրականութեամբ։

Օսմանեան Կայսրութեան լայն ընդգրկումով եւս՝ Օտեան աշխոյժ եւ ազդեցիկ մասնակցութիւն բերաւ եւրոպական արժէքներով ու գաղափարներով յառաջ եկած եւ ժողովրդավարական-ազատական շարժում ծաւալած թուրք քաղաքական-պետական գործիչներու պայքարին։

Իբրեւ այդպիսին՝ 1875-1876 թուականներուն, Գրիգոր Օտեան աջ բազուկը դարձաւ Օսմանեան Կայսրութիւնը բարեկարգչական ու սահմանադրական կարգերով օժտելու դրօշը պարզած Միտհաթ Փաշային՝ ճարտարապետի դեր ստանձնելով 1876ի հռչակաւոր Թանզիմաթի (Սահմանադրութեան) մշակման մէջ։

Նոյն տարիներուն, երբ ռուս-թրքական պատերազմի աւարտին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը կը պատրաստուէր Պերլինի վեհաժողովին ներկայացնելու Օսմանեան Կայսրութեան հայերուն ազգային-քաղաքական պահանջները, Գրիգոր Օտեան եղաւ հայկական բարենորոգումներու իր սեփական պատկերացումը մշակող հեղինակութիւններէն մէկը:

Այդպէ՛ս գրուեցաւ «Ծրագիր կազմակերպական կանոնագրի Օսմանեան Հայաստանի» խորագրով իր առաջարկած բարեկարգութեանց նախագիծը։

*
* *

Գրիգոր Օտեանի ազգային-հասարակական եւ քաղաքական-պետական գործունէութիւնը ծանր հարուած ստացաւ 1880ին, երբ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ առկախեց Միտհաթեան Սահմանադրութիւնը եւ կատաղի հալածանք սկսաւ բարեկագչական շարժման պարագլուխներուն դէմ։

Օտեան իր կարգին հեռացուեցաւ Օսմանեան Կայսրութենէն եւ դատապարտուեցաւ վտարանդի կեանքի՝ Փարզի մէջ։

Գրիգոր Օտեանի տարողութեամբ գործիչը բնականաբար վար չդրաւ իր զէնքերը։ Փարիզէն շարունակեց իր պայքարը յանուն թէ՛ օսմանեան ընդհանուր բարեկարգումին, թէ՛ արեւմտահայոց ազգային-քաղաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան։

Եւ երբ 1885ին հիմնուեցաւ Արմենական կուսակցութիւնը, Գրիգոր Օտեան անվարան իր աջակցութիւնը ցուցաբերեց Մկրտիչ Փորթուկալեանին՝ Արմենականներու հիմնադիր խորհուրդին մաս կազմելով։

Բայց 1887ին վաղաժամ ընդհատուեցաւ կեանքի թելը արժանաւոր եւ հեղինակաւոր այս մեծանուն հայուն։ Գրիգոր Օտեան աչքերը փակեց Փարիզի մէջ եւ թաղուեցաւ Փեր Լաշէզ։

Յետ մահու հրատարակուեցան Գրիգոր Օտեանի «Սահմանադրական խօսքեր ու ճառեր» (1910ին) եւ «Գրիգոր Օտեանի գոհարները» (1931ին, երկու հատոր) գործերը։

Ազգային Զարթօնքի Սերունդին այս մեծարժէք պատգամաբերին նուիրուած ոգեկոչումի այս էջը եզրափակենք անոր հետեւեալ խոստովանութեամբ.-

«… Ազգը առաջին բառն էր, զոր արտասանեցին Պալեան եւ Ռուսինեան, երբ միացան տողերս գրողին հետ։ Այդ օրերուն՝ Ազգը վարչութեան պէս բան մը ունէր, լեզուի պէս բան մը, ու դպրոցի պէս բան մը։ Սոքա ձեռն արկին կերպարանել այս երեք բաներն, որ երեք էական պայմաններն են ազգային յառաջադիմութեան։ Այս ձեռնարկութենէն ծնած Սահմանադրութիւնը, Ուղղախօսութիւնը եւ 1854ի Ուսումնական Խորհուրդը, աւելի երկունք, տքնութիւն եւ զոհողութիւն պատճառած են հեղինակաց, քան(1863ի) Սահմանադրութիւնը․․․։ Երբ այնքան տարիներէ ետք մտքովս կը յածիմ այն ժամանակներուն մէջ, ուր լաւ պատերազմը պատերազմեցանք,․․․ երբ աչքիս առջեւ կը բերեմ այնքան խոչընդոտները, այնքան սպառնալիքները, ահ ու դողը կը պատէ զիս ու կ՚ըսեմ․- Ի՛նչ վեհ է երիտասարդութիւնը»։

*
* *

Ինչպէս որ մեր նահատակ գրողներէն Հրանտ (Մելքոն Կիւրճեան) հետագային պիտի վկայէր, Գրիգոր Օտեան շատ ծանր տարաւ փարիզեան աքսորի իր տարիները․-

[Օսմանեան] «պետութիւնը զրկուեցաւ մեծ օժանդակէ մը, ազգն ալ զրկուեցաւ մեծ զաւկի մը գործակցութենէն։ Փարիզը, Օտեանի պէս գործողի մը համար, շատ աննպաստ տեղ էր. իր երկրի՛ն, իր ազգի՛ն համար էր ան։ Իր միտքը ատոնցմով զբաղած էր միշտ։ Օր մը, Նիսի մէջ, քանի մը ընկերներով նստած ատեն, հարցում կ՚ըլլայ՝ թէ իրենցմէ իւրաքանչիւրը ո՞ր ազգէն եղած ըլլալ պիտի ուզէր, եթէ, ծնելէ առաջ, իրեն խորհուրդ հարցուէր։

Մէկը՝ Անգլիացի,- կ՚ըսէր. ուրիշ մը՝ Ֆրանսացի. երրորդ մը՝ Գերմանացի։ Կարգը եկած է Օտեանի։ Անհամբեր են գիտնալ՝ թէ ի՞նչ պիտի ըսէր։ Ան, մեղմ ժպիտ մը շրթունքին վրայ.- «Ո՛չ Ֆրանսացի, ո՛չ Գերմանացի, ո՛չ Իտալացի եւ ոչ ալ Անգլիացի»,- կ՚ըսէ։ «Այլ պիտի ուզէի Հայ ծնած ըլլալ, որպէսզի աւելի աշխատանք ունենամ»։

Զարթօնքի Սերունդը Ազգին եւ Հայրենիքին համար անձնուիրաբար գործելու ա՛յս պատգամը փոխանցեց հայոց սերունդներուն։
Գրիգոր Օտեան այդ պատգամաբերներուն ազգային-պետական հեղինակաւոր դէմքը եղաւ։

– Գրիգոր Օտեան (1834-1887). Զարթօնքի Սերունդին հեղինակաւոր՝ ազգային-պետակա՛ն դէմքը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail