ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ – Ակնարկ. Ձրի Խելք Տուողներուն Ձրի Խրա՛տ Եւ Յանդիմանութի՛ւն
07 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – Անորակ խելք տուողները եւ մենք:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ 6-7 տարիներ ոճրային անփոյթ տնօրինումով մը՝ շուրջ 2700 թոն սաստիկ վտանգաւոր, պայթուցիկ ամոնիա-բորակատ (ammonium nitrate NH4NO3) պահ դրուած է թիւ 12 շտեմարանին մէջ, որ 4 օգոստոս 2020-ին ցարդ անյայտ պատճառներով պայթեցաւ, կորիզային փոքր ռումբի համազօր ուժգնութեամբ, որ խլեց շուրջ 300 զոհեր եւ 5000 վիրաւորներ, եւ մեծ թիւով առանց ապահով բնակարանի ժողովուրդ, պատճառելով հսկայական նիւթական վնասներ, մինչեւ շուրջ 15 քմ շառաւիղով:
Պէյրութի նաւահանգիստին անմիջապէս հարաւը՝ հայահոծ Մար Մըխայէլ, Էշրէֆիէ եւ Նոր Հաճըն շրջաններն են, իսկ դէպի հարաւ՝ Գարանթինայի շրջանը, որուն պայթումի վայրին նայող առաջին գիծին վրայ կը գտնուին հայերու բնակարաններ, ուր մահացաւ Սարգիս Թէքիլեան եւ հրաշքով՝ վիրաւորուելով փրկուեցան ուրիշներ, որոնցմէ «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեանը եւ իր եղբայրը: Գարանթինային կը յաջորդէ հայահոծ Պուրճ Համուտը, որ նաւահանգիստին հարաւային սահմանն է, Պէյրութ գետին միւս ափը: Ինչպէս յայտնի դարձաւ, ցարդ ունեցանք 11 հայ զոհեր եւ 250 վիրաւորներ:
Շատ զարմանալի եւ ընդվզեցուցիչ էր հայրենի մամուլի կարգ մը լրատուութիւնները, որ պայթումէն քանի մը ժամ ետք, արդէն կը գրէին, թէ՝ հազարաւոր հայեր կ՛ուզեն Հայաստան հաստատուիլ… Կ’ուզեմ գիտնալ գաղտնիքը, թէ՝ քանի մը ժամուան մէջ Ի՛ՆՉ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ ԱՅԴ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԸ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ, այն ալ այդ ահաւոր քաոսային վիճակին մէջ, երբ մենք Լիբանանի մէջ դժուարաւ մեր հարազատներուն եւ բարեկամներուն կը փնտռէինք:
Երկրորդը՝ ասդին անդիէն անհեթեթ խրատներ «ի՞նչ կեցեր էք այդ երկրին մէջ…», «Պէտք է Հայաստան փոխադրուին…» եւ այլն: Թող բարեհաճին այս գրիչներուն տէրերը հաւաքուին եւ.
1.Հարիւրաւոր օդանաւեր վարձեն լիբանանահայերուս Հայաստան փոխադրելու:
2.Թող բոլոր մեր կալուածները գնեն եւ իւրաքանչիւրիս բնակարան ապահովեն եւ դրամատնային հաշիւ մը բանան Հայաստանի մէջ:
3. Թող Մեր եկեղեցիներուն դպրոցներուն, ակումբներուն եւ այլն, պահակներ վարձեն, Սինկափուրի եւ այլ վայրերու հայկական գաղութէն պարպուած եկեղեցիներուն եւ հաստատութիւններուն նման:
Արդեօք վերոնշեալները տեղեա՞կ են, որ առ նուազն ինծի ծանօթ երեք ընտանիքներ Հայաստան հաստատուելէ ետք վերջերս Լիբանան վերադարձան…
Կրնամ շարքը երկարել, սակայն որեւէ աղէտէ ետք, մի՛այն առաջին հերթին բարոյական կարեկցութիւնն է կարեւորը, որուն պէտք է յաջորդեն վերականգնումի անհրաժեշտ օժանդակութիւնը:
Բոլոր անոնք, որոնք չե՛ն կարեկցիր եւ անկարող են վերականգնումի գործին օժանդակել, ԱՌ ՆՈՒԱԶՆ ԹՈՂ ԼՌԵ՛Ն:
Լիբանանահայութիւնը ինչպէս այսօր՝ երբե՛ք անտէր չէ եղած, շնորհիւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, համայնքապետերուն, կուսակցութիւններուն, միութիւններուն եւ ամենակարեւորը՝ հզօ՛ր ներուժով մեր հրաշալի երիտասարդներուն եւ անոնց ծնողներուն:
7 օգոստոս 2020
aztagdaily.com/archives/479876