02 դեկտեմբեր 2015 ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ
ԷԼՉԻՆ ՄԱՃԱՐ
Դ. դարու սկիզբներուն հիմնուած Հայաստանի Առաքելական Եկեղեցին չէ ճանչցած 451 թուի Քաղկետոնեան Կրօնական Ժողովի որոշումները։ Այդ իսկ պատճառաւ մաս չի կազմեր երկբնութիւնը իւրացնող եկեղեցիներուն։ Կաթողիկէ եկեղեցին Պապը կ՚ընդունի իբրեւ միակ իշխանութիւն։ Արեւելեան եկեղեցիները եւ անոնց շարքին Հայաստանեաց եկեղեցին ունեցած են մէկէ աւելի հոգեւոր կեդրոններ։
Այսօր կը գործեն չորս նուիրապետական աթոռներ՝ Ա-Էջմիածնի Կաթողիկոսութիւն, Բ-Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, Գ-Երուսաղէմի Պատրիարքարան, Դ-Պոլսոյ Պատրիարքարան։ Ինքնիշխան այս չորս աթոռներու մէջ Էջմիածնի հոգեւոր պետը կը կոչուի «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս»։
Միջնադարեան Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութիւնը կը գտնուի Անաթոլիայի հարաւը, որուն մայրաքաղաքն է Սիս, այժմու Քոզան քաղաքը։ Հիմնարկութենէն մինչեւ Ժ. դար Էջմիածին խարսխուած Կաթողիկոսական աթոռը, Հայաստանի արշաւումէն ետք զանազան վայրեր շրջելէ յետոյ 1292-ին հաստատուեցաւ Սիս։ Իսկ երբ Կիլիկիան գրաւուեցաւ Մէմլիւքներու կողմէ, Մայր Աթոռը 1441-ին վերադարձաւ Էջմիածին։ Սակայն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը շարունակեց գոյատեւել։
Օսմանեան արխիւներու մէջ ԺԹ. դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ մինչեւ Ի. դարու սկիզբներուն վերաբերող բազմաթիւ փաստաթուղթեր կան։ Այդ փաստաթուղթերէն կ՚իմանանք թէ պետութիւնը կաթողիկոսներու թոշակ կը վճարէր, մերթ ընդ մերթ հատուցումներ կը կատարէր եւ կաթողիկոսի ընտրութեան ժամանակ Պոլսոյ Պատրիարաքարանը խօսակից ունենալով հանդերձ գործընթացին կը հսկէր Ատանայի կուսակալի միջոցաւ եւ կը նշանակէր ամենաշատ ձայներ ստացած վեց թեկնածուներուն առաջինը։ Փաստաթուղթերէն յայտնի կը դառնայ թէ պետութիւնը Պոլսոյ Պատրիարքարանի եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ որոշ հաւասարակշռութիւն մը կը պահէ ու կ՚ապահովէ կաթողիկոսական աթոռի ինքիշխանութիւնը։
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 1915-ին
Նախքան Ա. Համաշխարհային Պատերազմ, Կիլիկիոյ մէջ կը գործէր կաթողիկոս, երկու արքեպիսկոպոս եւ 10 եպիսկոպոսներ։ Հայաբնակ 267 կեդրոններու մէջ կը գործէին 214 եկեղեցիներ։ Հայոց Պատրիարքարանի 1912-ի վիճակագրութեան համաձայն Կիլիկիոյ հայոց թիւը 407 հազար էր։ Այդ թիւը 1914-ին կը ներկայանայ 205 հազար 50, իսկ Օսմանեան վիճակագրութիւնով ալ 91 հազար 855։
Մայիս 1915-ին բարձաստիճան հոգեւորականներուն հրամայուեցաւ Հալէպ երթալ։ Այսպէսով Սուրբ Սոֆիա տաճարի ընտիր ձեռագիրները, եկեղեցւոյ գանձարանը եւ մասունքները Հալէպ փոխադրուեցան։ 13 Սեպտեմբեր 1915-ին «Լքուած կալուածներու օրէնք»ի միջոցաւ գրաւուեցաւ վանական համալիրը։ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը գաղթական թուրք որբերու համար օթեւանի վերածուեցաւ։ 10 Օգոստոս 1916-ին շրջանառութեան մտած նոր կանոնագիրով մըն ալ Օսմանեան տարածքին մէջ գտնուող Կիլիկոյ Կաթողիկոսութիւնը, Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնները միացուեցան եւ անոնց իշխանութեան տարածքը սահմանուեցաւ Օսմանեան երկիրով։ Այսպէսով կապը խզուեցաւ Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան հետ եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Սահակ, կոչուեցաւ «Կաթողիկոս Պատրիարք»։ Այս դրութիւնը վերջ գտաւ 30 Հոկտեմբեր 1918-ին, երբ Օսմանեան Կայսրութիւնը ստորագրեց Մոնտրոսի զինադադարը եւ 21 Նոյեմբեր 1918-ին ալ որոշում կայացաւ 1863-ի սահմանադրութեան գործադրութեան։
Կիլիկիա դարձ եւ երկրորդ գաղթ
Ա. Աշխարհամարտին օսմանցիներու պարտութիւնով ֆրանսացիներ իշխեցին Կիլիկիոյ մէջ։ Նոր կանոնադրութիւններով հայերուն վերադարձը եւ իրենց գրաւուած կալուածներուն վերատիրանալը ապահովուեցաւ։ 15 Հոկտեմբեր 1918 թուակիր փաստաթուղթ մը կը տեղակացնէ որ Սիսի Կաթողիկոսութեան պատկանող վանքը վերադարձուած է հայերուն։ Կաթողիկոս Պատրիարք Սահակն ալ 20 Սեպտեմբեր 1919-ին նախ Ատանա եկաւ ու ապա անցաւ իր աթոռին։ Վերադարձող հայերը Ֆրանսական վարչութենէն կը պահանջէին որ ետ տրուի իրենց գրաւուած կալուածները։ Կիլիկիոյ կուսակալ գնդապետ Պրէմոն Ապրիլ-Յունիս 1919 թուականներուն երեք շրջաբերականներ հրատարակեց այս մասին բայց Օսմանեան թղթաբանութիւնը ձգձգեց այդ հրահանգներու գործադրութիւնը։ Այդ միջոցին յունական բանակը պարտութիւններ կը կրէր եւ Ֆրանսա Սուրիոյ մէջ իր գոյութիւնը ապահովելու համար մտադիր էր Անգարայի հետ բախումներէ խուսափի 1921-ին Ֆրանսա որոշեց Կիլիկիայէն հեռանալ։ Այսպէս 31 Մայիս 1921-ին Սիսի հայութենէն պահանջուեցաւ քաղաքը լքել։ 31 Յուլիսին ֆրանսացիներ Սիսի հայ բնակչութեան հետ միասին Կիլիկիայէն հեռացան։ Գլէր Փրիս կը գրէ թէ 20 Հոկտեմբեր 1921-ի Թուրք-Ֆրանսական համաձայնութենէ ետք 65 հազար հայեր դէպի հարաւ գաղթեցին։ Անոնց մէկ մասը Լիբանան, Սուրիա եւ Պաղէստին հաստատուեցան՝ իսկ մէկ մասն ալ տակաւին Ֆրանսական տիրապետութեան տակ գտնուող Ալեքսանդրէթ։
1915-ին տարագրուած հայերու կալուածները գրաւուած էին «Լքուած Կալուածներու Օրէնք»ով։ Անգարայի կառավարութիւնը 15 Ապրիլ 1923 թուակիր նոր օրէնքով մը այդ կարգադրութիւնը գործադրեց 1919-էն ետք հեռացածներուն ունեցուածքին համար ալ։
2015-ի դատը
Թուրքիա վերջին տարիներուն փոքրամասնութիւններուն հիմնարկներուն կալուածատիրութիւնը սահմանող կիրարկումներէն հրաժարած եւ ցարդ գրաւուած կարգ մը կալուածները վերադարձուցած է։ Ասոնց մէջ Ենիգիւղի Այա Եորկի յունաց եկեղեցին նմանութիւն ունի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պահանջատիրութեան հետ, քանի որ այս եկեղեցւոյ սեփականութիւնը կը պատկանի ո՛չ թէ Կոստանդնուպոլսոյ, այլ Երուսաղէմի Յունաց Պատրիարքարանի։ Այս զարգացումները նկատի ունենալով Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Թուրքիոյ վարչապետին 31 Օգոստոս 2011-ին նամակ մը գրելով պահանջած է Սիսի Կաթողիկոսութեան պատմական նստավայրը՝ Սուրբ Սոֆիայի Եկեղեցին եւ վանքը։ Կաթողիկոսը այս դիմումին պատասխան չէ ստացած։ Իսկ 2015-ին դիմեց օրինական ճամբաներու եւ դատ բացաւ Սահմանադրական Ատեանի մօտ։
Տարածքը այսօր քաղաքապետարանի սեփականութիւնն է եւ հոն զանազան բնակարաններու կողքին կը գործէ բացօթեայ սրճարան մը։ Դատի լուրին լսուելէն ետք ալ կառուցուեցաւ մանկական զբօսայգի մը։ Հարցը Թուրքիոյ մամուլին մէջ ներկայացուեցաւ իբրեւ հատուցման պահանջ, բայց Արամ Կաթողիկոս շեշտելով աղօթելու իրաւունքը, ընդգծեց որ պահանջատիրութիւնը կը կայանայ եղեկեցւոյ վերադարձին վրայ այլ ո՛չ հատուցման։
http://www.agos.com.tr/am