Սագօ Արեան – Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող կազմակերպութիւններ օժանդակութիւններ բաժնելու ելած են աղէտեալ շրջաններուն մէջ

Turkish sponsored organizations had distributed aid to affected areas

Սագօ Արեան – Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող կազմակերպութիւններ օժանդակութիւններ բաժնելու ելած են աղէտեալ շրջաններուն մէջ

Այսօր առաւօտ կանուխէն Պէյրութէն լուրեր կը ստանամ այն մասին, որ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող կազմակերպութիւններ օժանդակութիւններ բաժնելու ելած են աղէտեալ շրջաններուն մէջ։

Անոնք նաեւ մօտեցած են մասնաւորապէս էշրէֆիյէի հայաբնակ թաղամասերուն։ Իսկ քիչ առաջ TRT-ն յայտնեց, որ Թուրքիան ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ ԱԳ նախարար Մէվլուտ Չաւուշօղլուին շուտով Պէյրութ պիտի հասնի…

Այս բոլորը պատահական չեն, ու ասկէ առաջ ալ բազում անգամներ անդրադարձ կատարուած է Անգարայի նոր միտումներուն մասին, որոնց կիզակէտային թիրախներէն մին է Պէյրութը.

Անգարա կ՚ուզէ կարեւոր դեր ունենալ Լիբանանի մէջ, այն պայմաններուն տակ ու այն ժամանակին, երբ սիւննի աշխարհի գլխաւոր ներկայացուցիչները բացակայ եւ հեռու են Լիբանանի զարգացումներէն։

#ԿարեւորիՄասին (Լուսանկարը այսօր Պէյրութի քրիստոնէական շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ տրամադրուած օժանդակութեան մակնիշն է…)

Turkish sponsored organizations had distributed aid to affected areas

Սագօ Արեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail