«ՏԱՀԵՇ Կը Շարունակէ Թուրքիան Իբրեւ Ռազմակայան Օգտագործել» Կ՛ըսէ Փենթակոն
08 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի վերաբերեալ պատրաստած զեկուցումին մէջ կը նշէ, որ Թուրքիան, փոխանակ ուժեղացնելու ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարը, ՏԱՀԵՇ-ի համար գումակային, ելեւմտական եւ սպառազինութեան տարանցիկ երկիր կը հանդիսանայ:
Քոնկրեսին ներկայացուելիք 136 էջնոց զեկուցումին մէջ` հիմնուելով Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու հրամանատարութեան տուեալներուն վրայ, կը նշուի, որ Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-ի համար դարձած է ռազմակայան:
Զեկուցումին մէջ նաեւ կը նշուի, թէ ՏԱՀԵՇ-ի գումարներու փոխանցումները ապահովելու համար Թուրքիոյ մէջ լիազօրուած են 10-է աւելի կազմակերպութիւններ:
aztagdaily.com/archives/479993