Թրամփ. «Ոչ Ոք Կրնայ Ներկայիս Ըսել, Թէ Պէյրութի Պայթումը Յարձակո՞ւմ Էր, Թէ՞ Ոչ»

Թրամփ. «Ոչ Ոք Կրնայ Ներկայիս Ըսել, Թէ Պէյրութի Պայթումը Յարձակո՞ւմ Էր, Թէ՞ Ոչ»

08 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Ներկայիս ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ Պէյրութի մէջ արձանագրուած քանդիչ պայթումը յարձակումի՞ հետեւանք էր, թէ՞ ոչ»:

«Չեմ կարծեր, որ ոեւէ մէկը հիմա կրնայ վճռել… մենք հարցը ուժեղ կերպով կը քննարկենք… ոմանք կը կարծեն, որ յարձակում էր, ուրիշներ կը հերքեն այդ տեսակէտը… ոմանք կ՛ըսեն, թէ ական էր», աւելցուց ան:

«Պայթումը սարսափելի էր եւ բազմաթիւ մարդիկ սպաննեց ու հսկայական թիւով մարդոց ծանր վէրքեր պատճառեց», աւելցուց Թրամփ:

Սպիտակ տան ղեկավարը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ հանդիպում ունեցած է ամերիկացի հրամանատարներու հետ, եւ վերջիններս Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած պայթումը կը նկատեն յարձակում:

«Այո՛, պայթումի բնոյթէն մեկնելով` ատիկա յարձակումի նման է: Ես հանդիպած եմ մեր քանի մը հրաշալի զօրավարներուն հետ, եւ անոնք, կարծես թէ, ես եւս, այդպէս կը մտածենք: Ատիկա նման չէր արտադրական պայթումի մը, կարծես թէ ատիկա, ըստ զօրավարներուն, յարձակում եղած է, ռումբ մը», յայտարարած էր Թրամփ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ իր կարգին յայտարարած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ կը սպասեն Լիբանանի կառավարութեան կողմէ պայթումին վերաբերեալ տեղի ունենալիք հետաքննութեան արդիւնքներուն` միաժամանակ շեշտելով, որ աղէտէն վերականգնելու համար պատրաստ են օգնութիւն ցուցաբերելու Լիբանանին:

Սպիտակ տան անձնակազմի ղեկավար Մարք Մետոզ յայտնեց. «Ամերիկեան կառավարութիւնը ամբողջովին չէ բացառած, որ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի պայթումը յարձակումի հետեւանք էր»: Ան աւելցուց, որ ամերիկեան կառավարութիւնը կը շարունակէ պայթումին վերաբերեալ գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններ հաւաքել:

Փենթակոնէն պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեցին, թէ կը մերժեն նախագահ Թրամփի այն տեսակէտը, թէ Պէյրութի մէջ պայթումը յարձակում էր: Անոնք նշեցին, թէ չեն գիտեր, թէ Թրամփ ինչի՛ մասին կը խօսի, եւ պայթումին յարձակում մը ըլլալուն մասին ցուցանիշներ գոյութիւն չունին:

aztagdaily.com/archives/479991

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail