Եգիպտոսի Եւ Յունաստանի Միջեւ Ծովային Իրաւասութիւններու Սահմանափակման Վերաբերեալ Կնքուած Համաձայնագիրը Չի Կրնար Մեզ Մեր Ուղիէն Շեղել

ԱՅԺՄԵԱՆ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու

Եգիպտոսի Եւ Յունաստանի Միջեւ Ծովային Իրաւասութիւններու Սահմանափակման Վերաբերեալ Կնքուած Համաձայնագիրը Չի Կրնար Մեզ Մեր Ուղիէն Շեղել – Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

08 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Եգիպտոսի եւ Յունաստանի միջեւ կնքուած ծովային իրաւասութիւններու սահմանափակման վերաբերեալ համաձայնագիրին` յայտարարելով, որ Թուրքիոյ համար այդպիսի համաձայնագիր չի կրնար գործել:

«Այդպիսի համաձայնագիրները կը խախտեն մեր ցամաքային տարածքն ու իրաւունքները, Յունաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ կնքուած այդպիսի համաձայնագիրը չի կրնար հիմք հանդիսանալ Թուրքիոյ համար, մենք պիտի անտեսենք այդ համաձայնագիրն ու նմանատիպ բոլոր համաձայնագիրները: Մենք բոլոր հաւանական մարզերուն մէջ ցոյց պիտի տանք, որ այդ համաձայնագիրը չի գործեր ո՛չ միայն մեր, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի համար: Այդպիսի համաձայնագիրները չեն կրնար մեզ մեր ուղիէն շեղել», նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Եգիպտոսի եւ Յունաստանի միջեւ կնքուած համաձայնագիրը ուղղուած է Թուրքիոյ կողմէ Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ կատարուող հորատման աշխատանքներուն դէմ:

Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածի պետութիւններուն հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները սրուած են իր կողմէ այս երկիրներու ջրային տարածքներուն մէջ հորատման աշխատանքներու սկսելէն ետք:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին երէկ յայտարարեց, որ Յունաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը որեւէ արժէք չունի:

ԱՅԺՄԵԱՆ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու

aztagdaily.com/archives/479992

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail