Վասպուրականցի Իրաքահայերու Դար Մը Պատմութիւնը – ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ (Շար. 3)

Վասպուրականցի Իրաքահայերու Դար Մը Պատմութիւնը - Երուսաղէմ փոխադրուած որբերը

Վասպուրականցի Իրաքահայերու Դար Մը Պատմութիւնը – ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ (Շար. 3)

02 ՅՈՒLԻՍ 2019 – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Որբանոցի կրթական, դասաւանդման եւ կարգապահական աշխատանքները իրենց հունին մէջ մտան կանոնաւոր կերպով: Բազմաթիւ հանդէսներ, ներկայացումներ եւ մանուկներու յատուկ ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենային անգլիացի, հայ եւ ասորի բարձրաստիճան անձնաւորութեանց ներկայութեամբ: Որբանոցը դարձած էր մշակոյթի եւ աստիճանաւոր ու պատուաւոր այցելուներու կեդրոնատեղի: Այս բարձրութեան հասած հաստատութեան մը տնօրէն եղաւ Սարգիս Շիրվանեանը: Ան բարձր գնահատեց թափուած ջանքերը եւ եղած աշխատանքները, բարեխղճութեամբ հետեւեցաւ դասատուութեանց եւ կարգապահական աշխատանքներուն, սակայն հակավանեցի, մոլեռանդ հակադաշնակցական ըլլալով, իր արարքներուն պատճառով, վանեցի դասատուները դժգոհ` հեռացան որբանոցի իրենց պաշտօններէն:

Արդէն, տարագրուած Սալմաստի եւ Ուրմիոյ բոլոր պարսկահայերը հակավանեցի էին, ինչպէս նաեւ` Տէր Զօրի ջարդէն ճողոպրածները, իրենց այն համարումով, որ պատահած զուլումի պատճառը վասպուրականցիներն էին: Ըստ իրենց, «Եթէ վանեցիները չապստամբէին, կոտորած պիտի չպատահէր»:

1919-ին զօրավար Օսիթին փոխարինեց գնդապետ Օփընը: Ասոր պահանջով գաղթականական մարմին մը ընտրուեցաւ ազատ քուէով, վրանաւանի ժողովուրդին կողմէ, որուն, ի միջի այլոց, անդամակցեցան Վահան ծ. վրդ. Հիւսեանը եւ հանրածանօթ ֆետայի Լեւոն Շաղոյեանը, որ ղեկավարած էր նահանջը Կ. Համբարձումեանի նահատակութենէն ետք:

Գաղթականական կոմիտէն, անգլիական իշխանութեան հովանաւորութեամբ, հայկական քեմփերուն մէջ բացաւ դպրոցներ, ուր յաճախել սկսան մօտ 1500 երկսեռ աշակերտներ: Կարճ ժամանակ ետք այս դպրոցները միացուեցան ընդարձակ գետնի վրայ բարձրացուած վրաններու տակ: Դասատու նշանակուեցան մօտ 30 երկսեռ ուսուցիչներ, որոնց մաս կազմեցին որբանոցէն հեռացած նախկին դասատուները: Տնօրէնութիւնը յանձնուեցաւ ջուղայեցի հայ կրթուած երիտասարդի մը, որ որպէս անգլերէն լեզուի թարգման` կ՛աշխատէր Գաղթականական կոմիտէի կողքին:

Իրաքի հանրածանօթ հայոց լեզուի դաստիարակ, Պէյրութի Համազգային ճեմարանէն շրջանաւարտ, Համավասպուրական հայրենակցական միութեան Խրիմեան սան Պաղտասար Յարութիւնեանը հետեւեալը պատմած է գաղթակայանի դպրոցի մասին` թեմի ազգային առաջնորդարանի քառամեայ պաշտօնաթերթ «Կանթեղ»-ի մէջ յետ մահու հրատարակուած յուշերուն մէջ.

«Այժմ ալ, երբ ասոնք կը գրեմ, կը յիշեմ այդ տարիները տխուր, աչքերս կ՛արցունքոտին… Տարինե՜ր էին, անցուցինք ես եւ շա՜տ ինձ նմանները: Գրե՞մ մանրամասն, բայց ո՞րը գրեմ, ո՞րը թողնեմ, մէկը միւսէն աւելի յուզիչ, որոնք արցունքով կը յիշեմ:

Թուղթի եւ մատիտի խնայողութիւնը… հոգ կ’ընէինք, կը մտածէինք այնպէս գործածել, որ զուր տեղ չգործածուին, այնպէս զգուշութեամբ գործածել մատիտը, որ ծայրը չկոտրի` նոր ծայր հանելու ստիպուինք, այնպէս զգուշութեամբ ծայր հանենք, որ չկոտրուի, որ ծայրը շատ չբարակի: Ո՜րքան զգուշութիւն ու խնայողութիւն` միաժամանակ…

Մատիտը երբ մատի մը չափ մնար եւ կարելի չըլլար լաւ բռնել եւ գրել, անոր թուղթէ պոչ մը կը փաթթէինք, որ կարելի ըլլար լաւ բռնել եւ գրել:

«Այսպէս դպրոց կ՛երթայինք մենք` սորվելու մեր մայրենի լեզուն, մեր պատմութիւնը` հայ մնալու համար: Դպրոց կ՛երթայինք Ս. Մեսրոպի աստուածապարգեւ 36 մոմերէն լոյս ստանալու` մեր մութ ճամբան լուսաւորելու ու հայ մնալու համար: Կ՛երթայինք կէս բոպիկ, չոր հաց ուտելով, կէս փորով, բայց կ՛երթայինք եւ լաւ կը սորվէինք»:

Տարագիր ժողովուրդի համար հոգեկան մեծ գոհունակութիւն պատճառած էր Հայաստանի մէջ ծնունդ առած մեր ազատ ու անկախ հանրապետութիւնը: Մեծ էին յոյսերը, որ հայկական կառավարութիւնը միջոցներ ձեռք պիտի առնէր զիրենք հայրենիք վերադարձնելու: 1919 յուլիս 19 թուակիր գրութիւնով Պաղտատի Ազգային իշխանութիւնը դիմեց Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին` խնդրելով միջամտել նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մօտ` գաղթականութիւնը երկիր փոխադրելու:

Նոյն տարուան, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ գաղթակայան ժամանեցին Մանուէլ Յովակիմեանն ու ընկերը եւ սպասուածէն շատ աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ հաւաքելով, վերադարձան հայրենիք` խոստանալով օրուան կառավարութեան մօտ հարկ եղածը ընելու ժողովուրդի փրկութեան համար: Յաջորդ տարուան սկիզբները (1920) գաղթաւան այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան որպէս լիազօր ներկայացուցիչ` Արսէն Կիտուրը, որուն Հայաստանի դեսպանը Իրաքի մէջ համարելով` Գաղթականական կոմիտէն յատուկ տօնակատարութիւն մը կազմակերպեց պատշաճ յայտագրով: Այդուհանդերձ, Հայաստանի Հանրապետութեան այդ ժամանակուան դժուար պայմանները արգելք դարձան գաղթականութեան հարցով զբաղելու:

Նոյն տարին ծագեցաւ երկրի տեղացի արաբ ժողովուրդին ապստամբութիւնը: Անգլիացիք Պաղտատի գրաւումով (1917-ին) ազատութիւն եւ անկախութիւն խոստացած էին արաբներուն, եւ ահա մօտ երեք տարի անցած էր ու բան մը ըրած չէին: Ըմբոստութեան շրջանին Տիալա գետի միւս ափէն տարագիրներու վրանաւանն ալ կրակի տակ առնուեցաւ: Առ ի հետեւանք, թէեւ ապստամբութիւնը ճնշուեցաւ անգլիացիներու կողմէ, բայց որպէս յաղթական, արաբ ազատականները յաջողեցան պարտադրել իրենց պահանջը` Իրաքի պետութեան կազմութիւնը: Պատահեցաւ, որ անգլիացիք վերցուցին Պաքուպայի վրանաւանը եւ ասորիները փոխադրեցին երկրի հիւսիսը, իսկ հայերը` հարաւը:

1920 օգոստոս 18-ին վրան բաց երկաթուղիի բեռնակառքերով (վակոններ) դէպի Պաղտատ ու Քութ, ապա գետանաւերով հայ գաղթականութիւնը փոխադրուեցաւ Նահր Օմար` Տիգրիսի գետափին, Պաքուպայի գաղթակայանի նման նախապէս դասաւորուած քեմփերու, վրաններու տակ բնակեցնելու:

Երկրորդ հաւաքավայր` Նահր Օմար

1920 սեպտեմբեր 1-ին Պասրայէն մօտ 40 քիլոմեթր հեռու Նահր Օմարի հաւաքավայրի վրաններու տակ հաստատուեցան 12-13 հազար վասպուրականցիներ` յոյս կապելով անգլիացի պատասխանատուներու հաւաստիացումներուն` շուտով Հայաստան մեկնելու: Պաքուպայի տարագիրներէն մաս մը մնաց Պաղտատ` անգլիական զինուորական աշխատավայրերու մէջ, մաս մը գնաց Մուսուլ եւ մաս մըն ալ (գրեթէ պարսկահայ) վերադարձաւ Պարսկաստան:

Նահր Օմարի հաւաքավայրը նման էր Պաքուպային` կարգ ու կանոնով, նոյն անգլիացի զինուորականներով: Վերաբացուեցաւ կեդրոնական դպրոցը, իսկ որբանոցը մնաց անջատ, Շիրվանեանի տեղ Փերուզ Փափազեանի նշանակութեամբ` որպէս տնօրէն եւ Եղիշէ Վարդանեանի` որպէս օգնական:

Հայրենիքի մէջ դէպքերը, սակայն, անսպասելի ուղղութեամբ ընթացան: Կարսի գրաւումը թուրքերու կողմէ եւ անկախ պետութեան տապալումը Կարմիր բանակի օժանդակութեամբ, խորտակեցին բոլոր յոյսերը, տարագիրներու մէջ: Անմիջական ներգաղթի յոյսը չքացաւ այլեւս:

Առ այդ, յուսահատութեան ալիք յառաջացաւ ժողովուրդին մէջ, որուն յաջորդեցին դժգոհութիւններ` գանգատ, մեղադրանք ղեկավարներուն, մինչդեռ իրականութեան մէջ անոնք ժողովուրդին անունով գրած էին Փարիզ` Պօղոս Նուպար փաշային ու Աւետիս Ահարոնեանին, Պոլիս` Զաւէն պատրիարքին ու Թահթաճեանին եւ Երեւանի նորաստեղծ պոլշեւիկ կառավարութեան:

Այդ միջոցին իրաքահայ հանրածանօթ բարերար Սիմոն Ղարիպեանը, որ նաեւ Նորվեկիոյ հիւպատոսն էր Պասրայի մէջ, կրցաւ Պասրայի շրջանի անգլիական ընդհանուր հրամանատար զօր. Ուիլսընը համոզել եւ անձամբ մինչեւ Նահր Օմար բերել` ժողովուրդին վիճակը տեսնելու: Այս քայլին շնորհիւ կարճ ժամանակ ետք անգլիացիները ներգաղթի նախաձեռնող դարձան եւ երեք նաւեր տրամադրեցին այս նպատակի համար:

1921 հոկտեմբեր եւ դեկտեմբեր ամիսներուն երկու նաւեր` «Տարա» եւ «Աքպար», իւրաքանչիւրը երեք հազար անձ տեղափոխեց Հայաստան` Սեւ ծովի եւ Պաթումի վրայով: Երրորդ նաւը` «Ջումա», 1922 յունուարին թեմի Քաղաքական ժողովի նախագահ Մարտիրոս Գույումճեանի եւ վրանակայանի որբանոցի վերին խնամատարութեան կարգադրութեամբ, յատկացուեցաւ որբանոցի աշակերտութեան եւ պաշտօնէութեան Երուսաղէմ` Ս. Յակոբեան վանք, առաւել երկու հազար անձ ալ հայրենիք փոխադրելու:

Ատկէ ետք անգլիական իշխանութիւնը յայտարարեց, որ այլեւս նաւ չկայ եւ մնացած գաղթականութեան համար պատասխանատու չէ: Մօտ 9 հազար գաղթական վասպուրականցիներ բախտը ունեցան հայրենի ժողովուրդին միանալու, իսկ մնացած 3500-ին վիճակուեցաւ Իրաքի մէջ հաստատուելու դառն բախտը` անգլիական իշխանութեան ծրագիրով:

Վասպուրականցի Իրաքահայերու Դար Մը Պատմութիւնը – Երուսաղէմ փոխադրուած որբերը

Տեղին է հոս յիշել, որ ՀԲԸՄ-ի նիւթական օժանդակութեամբ Երուսաղէմ փոխադրուած որբանոցը, օրերու ճամբորդութենէ ետք, կը հասնի Գանտարա, ուրկէ աշակերտներն ու պաշտօնեաները շոգեկառքով Ռեմլէ եւ վերջապէս Սուրբ Քաղաքի կայանը, ապա Ս. Յակոբեանց վանքը կը հասնին: Երուսաղէմի մէջ, որբերէն Զգօն եպս. Տէր Յակոբեան աշխարհական անունով` Ներսէս, ծնեալ` Քէօչանի (Վան), 1904-ին, եւ Ասողիկ արք. Ղազարեան, աշխարհական անունով` Ղազար, ծնեալ` Պեհեսնի, 1909-ին, կրօնական ասպարէզ մտան եւ հետագային իրաքահայոց առաջնորդներ եղան տարբեր թուականներուն:

Նմանապէս Սիոն արք. Մանուկեան, ծնեալ` Կիրաշէն (Վան), 1906-ին, եղաւ ատենապետ Երուսաղէմի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի, Եղիշէ արք. Տէրտէրեան, ծնեալ` Կայնամերան (Վան), 1910-ին, եղաւ պատրիարք Երուսաղէմի, եւ Հայրիկ արք. Ասլանեան, ծնեալ` Աղբակ (Վան), եղաւ լուսարարապետ Երուսաղէմի: Երուսաղէմ փոխադրուած որբերէն որոշ թիւ մըն ալ ընդունուեցաւ Կիպրոսի Մելգոնեան քոլեճ` բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար: Եթովպիոյ թագաւոր Հայլէ-Սելասի` որպէս մեզի դաւանակից յարանուանութեան զաւակ, Երուսաղէմ այցելութեան ընթացքին կը հիանայ զինք դիմաւորող մեր որբերէն կազմուած նուագախումբի ելոյթէն եւ պատրիարք հօր դիմելով ու անոր արտօնութեամբ, նուագախումբը կը փոխադրէ իր երկիր` պալատին մէջ նուագելու:

Աւելի ուշ, որբերէն ոմանք Երուսաղէմէն ու Կիպրոսէն Իրաք դառնալով` մուտք գործեցին մեր ազգային կազմակերպութիւններուն մէջ եւ հասան պատուաւոր դիրքերու, յաջողեցան կարեւոր ծառայութիւններ մատուցել` որպէս ղեկավար տարրեր:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Նահր Օմար հաւաքավայրի իր բախտին լքուած տարագիրներուն, թեմի Քաղաքական ժողովին կողմէ ներկայացուցիչ մը տեղ հասաւ եւ պատասխանատու մարմին մը ընտրել տուաւ ժողովուրդին, որ կոչուեցաւ «Նահր Օմարի հայ գաղթականական կոմիտէ»: Մարմինին դիւանը կազմուեցաւ այսպէս. Վահան ծ. վրդ. Հիւսեան` նախագահ, Լեւոն Շաղոյեան` ատենադպիր եւ Գեղամ Վարդանեան ու Աւետիս Աւետիսեան` անդամներ: Իրաքի «հայքոմիշընըր» Սըր Փերսի Քոքս շուտով վաւերացուց սոյն մարմինը, եւ անգլիացի հովանաւորը պատրաստուեցաւ հեռանալ` ժողովուրդի ընդդիմութեան հակառակ:

Այդպէս, 1922 մայիսին անգլիական իշխանութիւնը գործադրեց Վասպուրականի գաղթականներու ցրւումը Նահր Օմար վրանակայանին մէջ. հիւանդանոցը փակուեցաւ, վրանները վերցուեցան, ու նպաստը դադրեցաւ: Յունիսի կէսին այլեւս անգլիացին, որ ամբողջ չորս տարի տարագիր հայ ժողովուրդը ապրեցրուց եւ հովանաւորեց (որուն համար յամենայն դէպս մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք միշտ), անմարդկային այս կեցուածքին դիմեց:

Եղածը անբացատրելի էր արեւակէզ անապատին մէջ ամենածանր տառապանքը ճաշակող մեր ժողովուրդին համար: Մինչեւ այդ օր ան հաւաքավայրի փշաթելերէն դուրս չէր ելած եւ տեղացի արաբ ժողովուրդին հետ կապ չէր հաստատած: Գաղթականական կոմիտէն ինքզինքը գտաւ ծանր ու դժուար պատասխանատուութեան դիմաց` քանի մը հազար ժողովուրդի բնակեցման, մատակարարման եւ ապահովութեան պահանջներուն հասնելու:

(Շար. 3)

aztagdaily.com/archives/443804

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail