ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 6 Օգոստոս 1914. Դաշնակցութիւնը մերժեց Իթթիհատի առաջարկ-պահանջը՝ Թուրքիոյ կողքին Ռուսաստանի դէմ պատերազմի մէջ մտնելու

6 Օգոստոս 1914. Դաշնակցութիւնը մերժեց Իթթիհատի առաջարկ-պահանջը՝ Թուրքիոյ կողքին Ռուսաստանի դէմ պատերազմի մէջ մտնելու

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 6 Օգոստոս 1914. Դաշնակցութիւնը մերժեց Իթթիհատի առաջարկ-պահանջը՝ Թուրքիոյ կողքին Ռուսաստանի դէմ պատերազմի մէջ մտնելու

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

6 Օգոստոս 1914.

Դաշնակցութիւնը մերժեց Իթթիհատի առաջարկ-պահանջը՝
Թուրքիոյ կողքին Ռուսաստանի դէմ պատերազմի մէջ մտնելու

06 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 –

Ն. Պէրպէրեան

Հայեւթուրք յարաբերութեանց «խմորումներու հաստափոր թղթածրար»ին վրայ ռազմավարական կարեւոր լոյս կը սփռէ Օգոստոս 6ի այս օրը, 106 տարի առաջ, ատենի Օսմանեան Կայսրութեան ղեկավար կուսակցութեան՝ Իթթիհատի բանագնացներուն եւ հայ ժողովուրդի քաղաքական ամէնէն կազմակերպ ու ժողովրդական ուժին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացած պատմական հանդիպումը։

6 Օգոստոս 1914ին, հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ապագային հաշւոյն, Դաշնակցութիւնը պարտաւորուեցաւ ծայր աստիճան դժուարին ընտրութիւն մը կատարելու՝ որդեգրելով ազգային-քաղաքական հեռահար անդրադարձ ունենալու կոչուած, այլեւ բախտորոշ նշանակութեամբ պատասխանատու դիրքորոշում մը։

Օգոստոս 1914ի առաջին օրերուն, Օսմանեան Կայսրութիւնը կառավարող Իթթիհատ կուսակցութիւնը բանագնաց յատուկ պատուիրակութիւն մը ուղարկեց Կարին (Էրզրում), ուր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը նոր աւարտած էր իր 8րդ Ընդհանուր Ժողովը։

Իթթիհատի բանագնացները Պեհաէտտին Շաքիրն ու Նաճի Պէյն էին, իսկ անոնց հետ հանդիպումին եւ բանակցութեանց՝ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէին Ռոստոմ, Վռամեան եւ Ակնունի։

Իթթիհատի բանագնացներուն յանձնարարուած էր հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական ամէնէն ազդեցիկ ուժին՝ Դաշնակցութեան նախ ներկայացնել թրքական կառավարութեան կողմէ առնուած կարեւորագոյն որոշումը, որ Կայսերական Գերմանիոյ կողքին Ռուսաստանի դէմ պատերազմի հռչակումն էր։

Ապա՝ յանուն թրքական պետութեան՝ առաջարկի ձեւով պահանջել Դաշնակցութենէն, որ միանայ Ցարական Կայսրութեան դէմ Օսմանեան Կայսրութեան յայտարարած պատերազմին՝ շարժման մէջ դնելով թուրքեւռուս սահմանագիծի երկու կողմն ապրող ողջ հայութիւնը։

*
* *

Իթթիհատի այդ նենգամիտ ու դաւադիր առաջարկ-պահանջին վերաբերեալ՝ Հրաչ Տասնապետեան կ՚ընդգծէ «Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. Ընդհանուր Ժողով» գործին մէջ․-

Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ ընտրուած Հայաստանի Բիւրոյի երեք ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելով՝ Իթթիհատի պատուիրակները «Դաշնակցութեան կ՚առաջարկեն Անդրկովկասի մէջ յառաջացնել ապստամբութիւն մը՝ ռուս զօրքը կռնակէն հարուածելու եւ դիւրացնելու համար թրքական բանակին յառաջխաղացքը դէպի Պաքու. փոխարէնը՝ «կը խոստանային» պատերազմի աւարտին նպաստել անդրկովկասեան ինքնավար Հայաստանի մը ստեղծման։

«Դաշնակցութեան ղեկավարները կը փորձեն թուրքերը տարհամոզել եւ ետ պահել Կայսերական Գերմանիոյ կողքին պատերազմի մէջ մտնելու իրենց մտադրութենէն՝ նման քայլ մը վտանգաւոր գտնելով Կայսրութեան ապագային համար։ Կը յայտնեն նաեւ, պաշտօնապէս, Ընդհանուր Ժողովի ծանօթ որոշումը։ Իթթիհատականները դժգոհ կը բաժնուին. պարզ է, որ նման պատասխան մը պիտի չգոհացնէր զիրենք»։

Ի՞նչ էր Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհանուր Ժողովին այդ «ծանօթ որոշում»ը, որ իբրեւ պատասխան Դաշնակցութիւնը տուաւ Իթթիհատի բանագնացներու առաջարկ-պահանջին եւ որ օրին այդքա՜ն դժգոհ ձգեց թրքական պետութեան ղեկավարութիւնը։

Որոշումը փաստօրէն առնուած էր Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհանուր Ժողովին, որ Հ.Յ.Դ. պատմական Ընդհանուր Ժողովներու շարքին ամէնէն կարճատեւը եղաւ, գումարուեցաւ դարձեալ Կարնոյ մէջ եւ բացուեցաւ 17 Օգոստոս 1913ին ու տեւեց միայն մէկ շաբաթ։ Պատճառը միջազգային տագնապալի կացութիւնն էր, որ առաջացած էր մօտալուտ մեծ պատերազմի մը հաւանականութեան հետեւանքով եւ մղած էր Դաշնակցութիւնը, որպէսզի աղիտալի վտանգը դիմագրաւելու միակ օրակարգով գումարէ Ընդհանուր Ժողով։

Դարձեալ Հ. Տասնապետեանի վկայութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհանուր Ժողովի «առաջնահերթ քննութեան առարկան կը դառնայ «Հ.Յ.Դաշնակցութեան այլեւայլ հատուածներու փոխ-յարաբերութեանց» հարցը։

Պատերազմը նախատեսելի հաւանականութիւն մըն է, եւ մտահոգիչ է այն պարագան՝ որ հայութեան – ուստի նաեւ Դաշնակցութեան – տարբեր հատուածներ (Թրքահայաստան, Կովկաս եւ Պարսկաստան) կրնան գտնուիլ հակադիր ճակատներու վրայ։

Ընդհ. Ժողովը կ՚որոշէ՝

«Քաղաքական յարաբերութիւններու ատեն, համախորհուրդ ընկերվարական միւս կուսակցութիւններուն՝ օրինական բոլոր հնարաւոր միջոցներով կանխել զինուած ընդհարումները». իսկ եթէ պատերազմը անխուսափելի դառնայ, «ամէն քաղաքացի կը կատարէ իր քաղաքացիական պարտականութիւնը ի՛ր պետութեան հանդէպ»։

*
* *

Հայ ժողովուրդին համար ռազմաքաղաքական ծայր աստիճան բախտորոշ այդ որոշումին յանգելու համար, միշտ Հ․ Տասնապետեանի համաձայն՝ Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհանուր Ժողովին «քննութեան նիւթ կը կազմեն նաեւ՝ Թուրքիոյ կացութիւնը ընդհանրապէս եւ հայոց դիւանագիտական ճիգերը յատկապէս։

«Կ՚արձանագրուին Իթթիհատի հետ Դաշնակցութեան խզման պատճառներն ու պարագաները։ Իթթիհատ անխախտ կերպով կը շարունակէ Թուրքիոյ աւանդական քաղաքականութիւնը՝ փոքրամասնութեանց եւ յատկապէս քրիստոնեաներու ճնշման գծով. այդ քաղաքականութիւնը ոչ միայն երկիրը քաղաքական թէ տնտեսական աղէտի կ՚առաջնորդէ, այլեւ՝ ոչ մէկ երաշխիք կը ներշնչէ՝ օսմանեան հայութեան գոյատեւման ապահովութեան տեսակէտէն»։

Պայթիւնավտանգ զարգացումներով յղի կացութիւնը կազմակերպականօրէն դիմագրաւելու առաջադրանքով՝ Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհ. Ժողովը նաեւ հիմնական վերանայման կ՚ենթարկէր կուսակցութեան ղեկավար կառոյցը. վերջ կու տար Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրոյի եւ Պոլսոյ Պատասխանատու Մարմնի դրութեան, անոնց լիազօրութիւններով եւ աւելի ընդգրկուն իրաւասութիւններով կեանքի կոչելով Հայաստանի Բիւրօ, որ նստավայր պիտի ունենար Կարինը եւ նոր հանգրուանի մը՝ հայաստանակեդրոն ղեկավարման սկիզբը պիտի դնէր Դաշնակցութեան կեանքին մէջ։

*
* *

Ազգային-քաղաքական միեւնոյն այս մտահոգութիւններէն եւ հիմնաւորումներէն մեկնելով՝ տարի մը ետք, Կարինի մէջ Յուլիս 1914ի կէսերուն բացուած եւ երկու շաբաթ տեւած Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհանուր Ժողովը, իր կարգին, եկաւ հաստատելու միեւնոյն որոշումն ու համապատասխան կեցուածքը։

Ժողովը որոշեց «մնալ անյողդողդ ընդդիմադիրի եւ անաչառ քննադատի դերին մէջ հանդէպ Իթթիհատի՝ պայքարելով անոր ազգայնական վնասակար եւ հակապետական քաղաքականութեան դէմ»։

Այդ մեկնակէտով ալ Ժողովը վերահաստատեց կուսակցութեան քաղաքական ուղեգիծը՝ մեծ պատերազմի մը հաւանականութեան պարագային.

– «Իւրաքանչիւր պետութեան քաղաքացի պէտք է կատարէ իր պարտականութիւնները իր պետութեան նկատմամբ»։

Ահա ա՛յս պատասխանը տրուեցաւ Ժողովի աւարտէն ետք Կարին ժամանած եւ նորընտիր Հայաստանի Բիւրոյի ներկայացուցիչներուն հետ Օգոստոս 6ին հանդիպում ունեցած Իթթիհատի բանագնացներուն։

6 Օգոստոս 1914. Դաշնակցութիւնը մերժեց Իթթիհատի առաջարկ-պահանջը՝ Թուրքիոյ կողքին Ռուսաստանի դէմ պատերազմի մէջ մտնելու

*
* *

Հայեւթուրք յարաբերութեանց արիւնոտ թղթածրարին եւ ընդհանրապէս Հայկական Հարցի հոլովոյթին մէջ, ճակատագրական նշանակութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան մերժողական պատասխանը, որ տրուեցաւ Ռուսաստանի դէմ Թուրքիոյ կողքին պատերազմի մէջ մտնելու Իթթիհատի առաջարկութիւն-պահանջին։

Թրքական պետութեան ներկայացուցիչները մինչեւ այսօր կը փորձեն խեղաթիւրել պատմական ճշմարտութիւնը, երբ պաշտօնապէս եւ հետեւողականօրէն կը պնդեն, թէ հայերը իբր թէ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին ապստամբեցան թրքական պետութեան դէմ՝ ի նպաստ Ռուսաստանի, եւ թէ՝ իբր այդ պատճառով Թուրքիա ստիպուեցաւ… տեղահան ընելու հայերը, իսկ ջարդե՞րը. իբր թէ երկու կողմերն ալ զիրար սպաննեցին եւ «ողբերգական դէպքեր»ու պատճառ դարձան…

Իբր թէ…

Պատմական ճշմարտութիւնը ա՛յն է, որ 6 Օգոստոս 1914ին, նոյնինքն Իթթիհատի բուռն ընդդիմադիր Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելով, Իթթիհատի յատուկ բանագնացները պաշտօնապէս պահանջեցին, որ հայ ժողովուրդը Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ կռնակէն հարուած հասցնէ թուրքեւգերման միացեալ գրոհին դէմ պատերազմ մղող ռուսական զօրքին, որ Դաշնակից Ուժերու կողքին մտաւ Առաջին Աշխարհամարտի արհաւիրքին մէջ։

Այդ օրերուն դեռ չկար նաեւ ռուսական զօրքերու կողքին հայ կամաւորական ջոկատներ կազմելու մտածումն անգամ, որուն այնքան կարեւոր տեղ կու տան թուրք պաշտօնական աղբիւրները, պատմական ճշմարտութիւնները նենգափոխելու եւ հայ ժողովուրդը դատապարտելու իրենց հետեւողական ճիգին մէջ։

Հայ Կամաւորական Շարժման մտածումը հասունցաւ միայն այն ատեն, երբ թրքական պետութիւնը պատերազմ յայտարարեց Ռուսաստանի դէմ եւ Անդրկովկասի հայութիւնը, թէ՛ հայութեան սպառնացող օրհասական վտանգը դիմագրաւելու, թէ՛ Ռուսաստանի նկատմամբ քաղաքացիական իր պարտաւորութիւնները կատարելու առաջադրանքով՝ ընդառաջեց հայկական կամաւորական խումբեր կազմելու Դաշնակցութեան կոչին։

*
* *

Թրքական ուրացումներուն եւ պատմական նենգափոխումներուն ամէնէն հատու պատասխաններէն ու հերքումներէն մէկը Ուինսթըն Չըրչիլի այն մատնանշումն է, որ՝

«Հայերը նախընտրեցին՝ թշնամի երկու բանակներուն մէջ ծառայելով՝ եղբայրասպան կռիւ մղել, քան թէ դաւաճանել թուրք թէ ռուս քաղաքացիի իրենց պարտաւորութեանց» («The World Crisis», Ե. հատոր, Լոնտոն, 1929, էջ 404)։

Թրքական պետութիւնը անշուշտ կանխեց «եղբայրասպան կռուի» այդ հաւանականութիւնն ալ, երբ Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին բանակ զօրակոչուած հայ զինուորները, յատկապէս ռուսեւթրքական սահմանի ամբողջ երկայնքին, խրամներու եւ ռազմական դիրքերու պատրաստութեան բանուորական աշխատանքի լծելու պատրուակով, զանոնք զինաթափ ըրաւ եւ կոտորեց՝ շարժման մէջ դնելով հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկելու պետական իր մեծ ոճիրին գործադրութիւնը։

Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի թէ՛ արեւմտեան եւ թէ արեւելեան մասերուն վրայ իբր հայկական ինքնավարութիւն շնորհելու Իթթիհատի խոստումին, միայն կեանքէն կտրուած եւ ցնորատեսութեան անձնատուր եղած քաղաքական միտքը կրնար կուլ տալ նման անհեթեթ, այլեւ սուտ ու կեղծ առաջարկներ, երբ եւրոպական մեծ տէրութեանց միացեալ որոշումով հաստատուած Բարեկարգումներու Ծրագիրը – Հոֆի եւ Վեստենենկի գլխաւորութեամբ հայկական երկու ինքնավար շրջաններ ստեղծելու վերաբերեալ – փաստօրէն իր սաղմին մէջ խեղդուեցաւ Իթթիհատի կողմէ՝ երբ Օսմանեան Կայսրութիւնը պատերազմի մէջ մտաւ Գերմանիոյ կողքին ընդդէմ Դաշնակից Եւրոպայի։

Թրքական պետութեան հետ «երկխօսութեան» եւ «հաշտեցման» համար Ցեղասպանէն Մեծ Հատուցման պահանջէն դուրս ուղիներ որոնողները իրաւունք չունին մտահան ընելու պատմութեան դաժան դասերը, որոնց շարքին վճռորոշ տեղ ունի 6 Օգոստոս 1914ի այս օրը հայութեան ուղղուած Իթթիհատի հեգնական առաջարկ-պահանջը։

6 Օգոստոս 1914. Դաշնակցութիւնը մերժեց Իթթիհատի առաջարկ-պահանջը՝ Թուրքիոյ կողքին Ռուսաստանի դէմ պատերազմի մէջ մտնելու

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail