Ցուցարարներու Զայրոյթը Կը Հարուածէ Մայրաքաղաք Պէյրութը. 2 Նախարարներ Եւ 6 Երեսփոխաններ Կը Հրաժարին
10 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Վարչապետ Հասսան Տիապ Կոչ Կ՛ուղղէ Կանխահաս Խորհրդարանական Ընտրութիւններու
Երեքշաբթի, 4 օգոստոսին, Լիբանանի պատմութեան մէջ ամէնէն ուժգին ու հսկայական պայթումին հետեւանքները տակաւին կը շարունակուին երկրին ու քաղաքացիներուն վրայ:
Պայթումին ազդեցութիւնը տակաւին շատ երկար պիտի մնայ լիբանանցի ժողովուրդին վրայ` ուղղակի իր ճնշումը բանեցնելով առօրեայ կեանքին, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կրթական, առողջապահական ու ապահովական ոլորտներուն վրայ:
Երեքշաբթի, 4 օգոստոսէն ի վեր ցնցուած քաղաքացիները անցեալ շաբաթավերջին դրսեւորեցին իրենց բարկութեան ու ցասումի արտայայտութիւնը, որուն հետեւանքները եղան մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ յաւելեալ քանդում, հարիւրաւոր յաւելեալ վիրաւորներ եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ոստիկանի մը նահատակութիւնը:
Շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին «Հաշուետուութեան» ցոյց խորագիրը կրող բողոքի ցոյց մը կատարուեցան Կեդրոնական Պէյրութի մէջ:
Քաղաքացիական ընկերութեան եւ ժողովրդային շարժումին հրաւիրած այս ցոյցին ընթացքին Ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին դէմ բռնկեցաւ ցուցարարներուն ցասումը:
Մար Մխայելի եւ Ժըմմէյզէի փողոցներէն Նահատակաց հրապարակ հասած բազմամարդ ցոյցին ընթացքին երկրին իշխանութիւններուն դէմ լուտանքներ ու վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ հնչեցին: Նահատակաց հրապարակին վրայ պատրաստուած էին խորհրդանշական կախաղաններ, որոնք կը վերաբերէին Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին պատասխանատուներուն:
Քիչ անց հարիւրաւոր երիտասարդներ ուղղուեցան Օմարի մզկիթին կողմը գտնուող խորհրդարանին մուտքերէն մէկը եւ սկսան բախումներ ունենալ այդ մուտքին հսկող ապահովութեան ուժերուն հետ:
Շուրջ ժամ մը ետք այդ թաղը արդէն իսկ պատերազմի դաշտի վերածուած էր` ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ:
Առաջինները անխնայ կը քարկոծէին ապահովութեան ուժերը, իսկ վերջիններս կը փորձէին պաշտպանել խորհրդարան տանող մուտքը, ինչպէս նաեւ արցունքաբեր կազերով ցրուել ցուցարարները:
Ցոյցէն երկու ժամ ետք ցուցարարները մուտք գործեցին «Լը Կրէյ» պանդոկ եւ բարձրանալով վերի յարկերը նեղութիւն պատճառեցին պանդոկի հիւրերուն ու հրդեհ մը բռնկեցուցին պանդոկին մէջ:
Ներքին ապահովութեան ուժերէն խմբակ մը փութաց «Լը Կրէյ» պանդոկ` հակակշիռի տակ առնելու համար պանդոկին մէջ արձանագրուող խուլիկանութիւնները:
Պանդոկին մէջ ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուած բախումներուն իբրեւ հետեւանք նահատակուեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ոստիկան Թաուֆիք Տուէյհի:
Ամբողջ այս ընթացքին ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումները շարունակուեցան եւ շատ աւելի սաստկացան` տեղափոխուելով Ազարիէ փողոց:
Կեդրոնական Պէյրութի կարգ մը շէնքերուն մէջ ցուցարարներ բռնկեցուցին հրդեհներ եւ քանդեցին հոն գտնուող գրեթէ բոլոր կառոյցներն ու վաճառատուները:
Մինչ Պէյրութի մէջ այս բուռն բախումները տեղի կ՛ունենային, խումբ մը ցուցարարներ` գլխաւորութեամբ հանգստեան կոչուած գնդապետ-զօրավար Ժորժ Նատերի, մուտք գործեցին Պուսթրոս պալատ, այլ խօսքով` արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ յայտնեցին, որ նախարարութիւնը իրենց հակակշիռին տակ կը գտնուի եւ պիտի վերածուի «յեղափոխութեան» կեդրոնին:
Ցուցարարները արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին վրայ բարձրացուցին կարմիր պաստառ մը, որուն վրայ պատկերուած էր ժողովրդային շարժումը խորհրդանշող բռունցքը եւ գրուած, թէ Պէյրութը ապազինուած մայրաքաղաք է:
Նատեր նշեց, որ իրենք նախարարութիւնը չեն բռնագրաւած, այլ ազատագրած են փտած իշխանութեան լուծէն:
Ցուցարարները նախարարութեան պատէն վար առին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի պաշտօնական լուսանկարը եւ գետին նետեցին զայն, ու քանդելէ ետք անոր շրջանակը, լուսանկարը պատռտեցին ու ապա հրկիզեցին զայն:
Նատեր յայտնեց, որ ցուցարարները պիտի գրաւեն նաեւ այլ նախարարութիւններ:
Իսկապէս ալ յաջորդ նախարարութիւնը եղաւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւնը, ուր ցուցարարները մուտք գործեցին եւ հոն գտնուող բոլոր փաստաթուղթերը փճացուցին:
Յաջորդը եղաւ Դրամատուներու միութեան կեդրոնը, ուր ցուցարարները քանդեցին ամէն ինչ:
Ցուցարարները մուտք գործեցին նաեւ կենսոլորտի նախարարութեան կեդրոնատեղի, Ելեկտրականութեան ընկերութիւն, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի նախարարութիւն:
Գիշերուան ժամը 10:30-ի շուրջ լիբանանեան բանակը հասաւ Պուսթրոս պալատ, ինչպէս նաեւ մնացեալ նախարարութիւնները եւ ցուցարարները ցրուեց այդ կառոյցներէն:
Արտաքին գործոց նախարարութեան պարագային, Էշրեֆիէի փողոցներուն մէջ արձանագրուեցան բախումներ բանակին եւ ցուցարարներուն միջեւ:
Նշենք, որ բանակը երեկոյեան ժամը 7:30-ին արգելք հանդիսացաւ, որ երիտասարդներու մեծաթիւ խումբ մը Խանտաք Ղամիքէն դէպի Կեդրոնական Պէյրութ կ՛ուղղուի` կանխարգիլելու համար ցուցարարներուն եւ այդ երիտասարդներուն միջեւ բախումներու հաւանականութիւնը:
Կեդրոնական Պէյրութի մէջ արձանագրուած բախումները հանդարտեցան գիշերուան ժամը 11:15-ին, իսկ կէս գիշերին բոլոր ցուցարարները հեռացած էին մայրաքաղաքէն:
Լիբանանեան Կարմիր խաչը յայտնեց, թէ ցոյցին ընթացքին արձանագրուած են 238 վիրաւորներ, որոնցմէ 70-ը փոխադրուած են տարբեր հիւանդանոցներ:
Ժորժ Նատեր երէկ յայտնեց, որ ժողովրդային շարժումը պիտի շարունակէ իր ընթացքը եւ մագլցողական այլ քայլերու պիտի դիմէ:
Ան շեշտեց, որ ժողովուրդն է իշխանութիւններուն աղբիւրը` հաստատելով, որ ներկայ իշխանութիւնը քանդած է Լիբանանը:
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան անունով ուշ գիշերին կատարուեցան թուիթըրեան երկու գրառումներ, որոնցմէ առաջինը այն էր, թէ լիբանանցիները երկարատեւ տառապանքներ ապրած են եւ արժանի են ունենալու այնպիսի ղեկավարներ, որոնք կը լսեն զիրենք եւ թափանցիկութեամբ ու հաշուետուութեան ենթարկուելով կ՛անսան անոնց պահանջներուն, իսկ երկրորդը կը հաստատէր, որ դեսպանատունը կը զօրակցի լիբանանցի ժողովուրդին խաղաղ ցոյցերուն եւ կոչ կ՛ուղղէ դադրեցնելու ցուցարարներուն վայրագութիւններն ու բռնարարքները:
Երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ ցուցարարներ սկսան հաւաքուիլ Նահատակաց հրապարակին վրայ:
Ժամը 6:30-ի շուրջ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ցուցարարները յարձակեցան ցոյցին վայրը հասած երեսփոխան Շամել Ռուքոզի վրայ եւ քարկոծեցին անոր թիկնապահները, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Ռուքոզ Կեդրոնական Պէյրութէն հեռանայ:
Շուրջ ժամ մը ետք ցուցարարները ուղղուեցան խորհրդարանին մուտքը տանող Պէյրութի քաղաքապետարանի թաղը եւ դարձեալ բախումներ ունեցան ապահովութեան ուժերուն հետ:
Մինչ ցուցարարներուն եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումները կը շարունակուէին, խումբ մը երիտասարդներ ներխուժեցին Սթարքոյի մէջ Հանրօգուտ շինութեանց եւ հարցերու նախարարութեան կեդրոն: Բանակը անմիջապէս փութաց Սթարքօ եւ տեղւոյն վրայ ցուցարարները նախարարութենէն դուրս բերաւ:
Տիապ. «Երկրին Տագնապը Կարելի Չէ Լուծել Առանց Կանխահաս Երեսփոխանական Ընտրութիւններու»
Շաբաթ օր, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարչապետ Հասսան Տիապ վարչապետարանէն արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, թէ տակաւին մայրաքաղաք Պէյրութը կը տնքայ նաւահանգիստին մէջ արձանագրուած հսկայական պայթումին ազդեցութեան տակ:
Տիապ հաստատեց, որ չկայ յանցաւոր լիբանանցի մը, որ պաշտպան պիտի գտնէ: «Ո՛վ որ այս աղէտին պատասխանատու է, հարցաքննութեան պիտի ենթարկուի եւ դատական իշխանութենէն առաջ ժողովուրդին հարցումներուն պիտի պատասխանէ», ըսաւ ան:
Վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ այս օրերուն պէտք է ազգային պատասխանատուութիւն արձանագրուի, որովհետեւ Լիբանան աղէտի մէջ է եւ խիստ զգայուն եւ դժուար պայմաններէ կ՛անցնի:
«Ինչպէ՞ս կարելի է այդքան վտանգաւոր քիմիական նիւթ մը պահեստանոցին մէջ պահել` առանց ապահովական որոշ քայլեր որդեգրելու: Ինչո՞ւ այդ նիւթը 7 տարիէ ի վեր նաւահանգիստին մէջ կը գտնուէր: Ո՞վ էր այդ նիւթին գոյութենէն օգտուող կողմը: Այս բոլորը հարցումներ են, որոնց պատասխանները պիտի բացայայտուին հետաքննութեան ընդմէջէն` աւելցնելով, որ հետաքննութիւնը պիտի ընդարձակուի», ըսաւ ան:
Տիապ յայտնեց, որ կառավարութիւնը գործած է ժողովրդային շարժումին պահանջներուն յանձնառութեամբ` գիտնալով, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի փլուզում: «Երկրին տագնապը կարելի չէ լուծել առանց կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու: Մենք բոլորին համագործակցութեան կարիքը ունինք` շրջանցելու համար այդ դժուար փուլը: Ժողովուրդին մտավախութիւններն ու հարցադրումները լաւ կը հասկնամ, եւ ցաւակցութիւն կը յայտնեմ նահատակներուն ընտանիքներուն, որոնց ցաւը մեծ է», յայտնեց ան:
Տիապ շեշտեց, որ Լիբանան աղէտալի վիճակի եւ արտակարգ դրութեան մէջ կը գտնուի, եւ կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն համաձայնելու յաջորդ փուլին շուրջ: «Ես պատրաստ եմ այս պատասխանատուութիւնը յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին ալ ստանձնելու, մինչեւ որ համաձայնութիւն գոյանայ, իսկ երկուշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին պիտի առաջարկեմ երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններ կատարել: Ես կը զօրակցիմ փոփոխութիւններ յառաջացնելու լիբանանցիներուն փափաքին», ըսաւ ան:
Տեղեկատուութեան Նախարարն Ու Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Երեսփոխանական Պլոքը Հրաժարեցաւ
Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ երէկ հրաժարեցաւ կառավարութենէն:
«Լիբանանցիներէն ներում կը հայցեմ, որ չկրցանք անոնց ձգտումները իրագործել: Փոփոխութեան գործադրութիւնը դարձաւ անկարելի: Իրականութիւնը ձգտումներուն չհամապատասխանեց, իսկ Պէյրութը հարուածած աղէտէն ետք, ես կը հրաժարիմ կառավարութենէն», շեշտեց Ապտել Սամատ:
Կենսոլորտի եւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Տըմիանոս Քաթթար վարչապետ Տիապին ներկայացուց իր գրաւոր հրաժարականը:
«Պայթումին պատճառով զաւակներուս ընկերները զոհուեցան. ես չեմ կրնար նախարարութեանս պատասխանատուութիւնը շարունակել», շեշտեց Քաթթար: Երեկոյեան ժամը 9:30-ին Քաթթար պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ հրաժարած է կառավարութենէն: Ան ըսաւ. «Հոգիս տխուր է մեռնելու չափ»:
Երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ երէկ կէսօրին Տիմանէն յայտնեց, թէ կը հրաժարի խորհրդարանէն:
Իր կարգին, երեսփոխան Միշել Մուաուատ երէկ երեկոյեան խորհրդարանէն հրաժարեցաւ:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Տիմա Ժամալի հրաժարեցաւ խորհրդարանէն` յայտնելով, որ Լիբանանի քաղաքական կեանքը արմատական փոփոխութեան կարիքը ունի:
Միւս կողմէ, երէկ կէսօրէ ետք կարգ մը նախարարներ վարչապետարանին մէջ ունեցան հանդիպում մը, որմէ ետք ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլա հաստատեց, որ կառավարութիւնը պիտի չհրաժարի եւ պիտի շարունակէ ստանձնել իր պատասխանատուութիւնը` առանց ճնշումներու եւ շանթաժի ենթարկուելու:
«Մենք ժողովուրդին նկատմամբ մեր պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնենք», ըսաւ Հուպալլա:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նազար Նաճարեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ յայտարարեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքի երեսփոխաններուն` իր, Էլիաս Հանքաշի եւ Նետիմ Ժեմայէլի հրաժարականը` խորհրդարանէն:
Նշենք, որ Նազար Նաճարեան նահատակուած էր Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին պատճառով: Անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ` յուղարկաւորներու հոծ բազմութեան ներկայութեան: Ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շաբաթ երեկոյեան այցելեց «Սեսին» հրապարակ, ուր յայտարարեց, որ հրաժարականները կը գտնուին իրենց գրպաններուն մէջ` աւելցնելով, որ Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխանները պիտի հրաժարին, երբ երաշխիքներ ստանան, որ այդ հրաժարականը իրապէս փոփոխութիւն մը պիտի արձանագրէ:
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին:
Պըրրի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ խորհրդարանի բաց նիստեր յայտարարեց հինգշաբթի, 13 օգոստոսէն, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ` քննարկելու համար մայրաքաղաք Պէյրութը հարուածած պայթումին վերաբերող մանրամասնութիւնները` սկսեալ նաւահանգիստին մէջ ամբարուած քիմիական նիւթի գոյութեան անտեսումէն եւ այդ թղթածրարին նկատմամբ ցուցաբերուած անփութութենէն մինչեւ անոր ստեղծած աղէտը:
Որոնողական Աշխատանքներն Ու Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուին
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն թիւը հասաւ 158-ի, վիրաւորներունը հասաւ 6000-ի, ինչպէս նաեւ կան 21 անյայտ կորսուածներ:
Լիբանանեան բանակը գուժեց բանակայիններ Ըսթֆեն Ռուհանայի, Հասան Սատեքի եւ Համզա Իսքանտարի մահերը, որոնք նահատակուեցան Պէյրութի նաւահանգիստին պատճառած պայթումին ընթացքին:
Երէկ կէսօրէ ետք պայթումի վայրին մէջ գտնուեցաւ Պէյրութի հրշէջներու անդամներէն մէկուն դիակը:
Լիբանանի մէջ սուրիական դեսպանատունը հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուած են 43 սուրիացիներ` աւելցնելով, որ զոհերուն թիւը տակաւին վերջնական չէ:
Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպանին կինը, որ ծանրօրէն վիրաւորուած էր` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով, երէկ մահացաւ:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ բանակը կը շարունակէ անյայտ կորսուածներու որոնողական աշխատանքը` ընդգծելով, որ ողջ մնացած քաղաքայիններ որոնող բոլոր խմբակներուն աշխատանքը վերջ գտած է, եւ աշխատանքը կը շարունակուի մարմինի մնացորդներ որոնելու իմաստով` միջազգային խմբակներու օժանդակութեամբ:
Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ նաւահանգիստը բաժնուած է տարբեր բաժիններու, եւ իւրաքանչիւր օտար խմբաւորում ստանձնած է բաժին մը` որոնողական աշխատանքները շարունակելու:
Միւս կողմէ, Զինուորական ոստիկանութիւնը` հովանաւորութեամբ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի, երէկ շարունակեց ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն հարցաքննութիւնը` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առնչութեամբ:
Վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղասսան Խուրի այսօրուընէ սկսեալ պիտի հարցաքննէ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուները` անոնցմէ ստանալով պայթումին վերաբերող թեքնիք տեղեկութիւններ:
«ԱՖՓ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գործող ֆրանսացի փորձագէտներ ընդգծած են, թէ նաւահանգիստի հսկայական պայթումը 43 մեթր խորութեամբ փոս մը յառաջացուցած է:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը մարդկութեան դէմ գործուած անարգ ոճիր է` պահանջելով պայթումին մասին միջազգային հետաքննութիւն բանալ:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց կառավարութեան` հրաժարելու, ինչպէս նաեւ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու:
Իր կարգին, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը հաստատեց, որ ինքզինք յարգող երկիրներուն մէջ պատասխանատուները կը հրաժարին, երբ իրենց պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին թերացում մը կամ բացթողում մը արձանագրուի:
Օտար Պաշտօնական Անձնաւորութիւններ Կը Հասնին Լիբանան` Զօրակցութեան Եւ Օժանդակութեան Նպատակով
Հանրապետութեան նախագահութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի կողմէ արաբական եւ միջազգային օժանդակութիւններ մերժելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուող բոլոր լուրերը անճիշդ են:
Միւս կողմէ, շաբաթ առաւօտեան Լիբանան հասաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ, որ հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի պետական պատասխանատուներու հետ:
Ապուլ Ղէյթ այցելեց Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ապուլ Ղէյթ շեշտեց, որ ինք խոր վիշտով ցաւակցութիւն յայտնած է նախագահ Աունին` հաստատելով, որ Արաբական լիկան եւ արաբական երկիրները կը զօրակցին լիբանանցիներուն:
«Կ՛ուզեմ լիբանանցի քաջ ժողովուրդին յայտնել, թէ հակառակ բոլոր աղէտներուն եւ ողբերգութիւններուն, անոնք հզօր պիտի մնան եւ պիտի յաղթահարեն բոլոր դժուարութիւնները: Իմ կարգիս, Լիբանանին բացարձակ զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն յայտնեցի», ըսաւ ան:
Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ ինք գոհ կը զգայ արաբական երկիրներուն ցուցաբերած ընդառաջումին նկատմամբ` յուսալով, որ Լիբանանի բոլոր կարիքները կարելի կ՛ըլլայ գոհացնել:
«Արաբական լիկայի տնտեսական խորհուրդին նաեւ կրնանք առաջարկել Լիբանանին մնայուն օժանդակելու օրակարգը», ըսաւ ան:
Ապուլ Ղէյթ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ Արաբական լիկան մեծ ջանքեր ի գործ պիտի դնէ` օժանդակելու Լիբանանին:
Ապուլ Ղէյթ այցելեց վարչապետ Հասսան Տիապի եւ ընդգծեց, որ Արաբական լիկան պատրաստ է օժանդակելու` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին շուրջ բացուած հետաքննութեան:
Ան այցելեց արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղի, ուր հաստատեց, որ ինք կը հաւատայ, թէ լիբանանցիները իրենց ամուր կամքով պիտի կարենան վերականգնել եւ վերակառուցել Պէյրութը:
Ապուլ Ղէյթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ` ընդգծելով, որ Արաբական լիկան պատրաստ է ամէն տեսակի օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, որպէսզի անոնք կարենան շրջանցել իրենց դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Ժոմպլաթ շնորհակալութիւն յայտնեց Ապուլ Ղէյթի ջանքերուն համար` հաստատելով, որ Լիբանան չի կրնար շարունակել իր ընթացքը` առանց արաբական օժանդակութիւններուն:
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին Ժոմպլաթ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է տապալել եւ զայն դատել: «Կառավարութիւնը խորհրդարանին մէջ պէտք է տապալել: Մենք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին միջազգային հետաքննութիւն պահանջած ենք եւ կառավարութեան խորհուրդներ չենք տար, այլ` կը պահանջենք, որ անոր նախարարներուն համար կախաղաններ բարձրացուին», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ապուլ Ղէյթ Լիբանանէն մեկնումի պահուն շեշտեց, որ ինք կը հաւատայ, որ լիբանանցիները միասնականութեամբ պիտի դիմագրաւեն այս աղէտը եւ իրենց զօրութեամբ ու ինքնավստահութեամբ պիտի կարենան շրջանցել այս տագնապը:
Նախքան մեկնումը, Ապուլ Ղէյթ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց նաւահանգիստին պայթումն ու անոր հետեւանքները:
Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով Լիբանան հասաւ նաեւ Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայը` ընկերակցութեամբ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի:
Թրքական պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ:
Հանդիպումէն ետք Օքթայ յայտնեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին` աւելցնելով, որ Թուրքիա միշտ պիտի զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:
Օքթայ յայտնեց, որ Թուրքիա ցարդ Լիբանան ուղարկած է երկու դաշտային հիւանդանոց, ինչպէս նաեւ 400 թոն ցորեն եւ սննդեղէն:
Օքթայ այցելեց նաեւ Պըրրիի եւ Այն Թինէէն մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Թրքական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ վարչապետ Տիապի, որուն խոստացաւ ամէն տեսակի օժանդակութիւն տրամադրել Լիբանանին, ինչպէս նաեւ օժանդակել նաւահանգիստի եւ Պէյրութի վերակառուցման:
Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել իր կարգին այցելեց Լիբանան:
Նախագահ Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին ան հաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանի վերակառուցման աշխատանքին:
Ան հաստատեց, որ իրենք կազմ ու պատրաստ են` Լիբանանին ամէն տեսակի օժանդակութիւն մատուցելու:
Շարլ Միշել յայտնեց, որ իբրեւ նախնական օժանդակութիւն, Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանին կը տրամադրէ 33 միլիոն եւրօ:
Ան հաստատեց, որ Եւրոպական Միութեան համար առաջնահերթութիւն է լիբանանցիներուն պատսպարան ապահովել եւ վստահ ըլլալ, որ ոչ ոք առանց երդիքի կը մնայ:
Շարլ Միշել այցելեց դէպքին վայրը, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Պըրրիի եւ Տիապի հետ:
Մեկնումի պահուն Շարլ Միշել ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է իր ամբողջ ներուժը կեդրոնացնելու Պէյրութի վերակառուցման համար:
Նշենք, որ նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընէն, որ ցաւակցութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն առիթով:
Ճոնսըն շեշտեց, որ Բրիտանիա պատրաստ է Լիբանանին բժշկական պիտոյք ուղարկելու, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին եւ վնասուած բնակարաններուն վերակառուցման օժանդակելու:
Կը նախատեսուի, որ նախագահ Աուն այսօր ընդունի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Հէյլը:
Լիբանանին կատարուած օժանդակութեանց շրջագիծին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին Իրաքէն Մասնաայի սահման հասաւ 22 սիթեռն, որոնք 800 հազար լիթր կազ օյլ փոխադրեցին լիբանանեան իշխանութիւններուն:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար ուղղուեցաւ սահման եւ ստանձնեց իրաքեան նաւթը` հաստատելով, որ անիկա պիտի օգտագործուի լիբանանեան ելեկտրակայաններուն մէջ:
Միւս կողմէ, երէկ կէսօրէ ետք Սայտայի նաւահանգիստ հասան ցորեն փոխադրող երկու նաւեր:
aztagdaily.com/archives/480058