Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիր – 100-ամեակ Դ. Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական եւ Դեմոկրատական Կուսակցութիւններուն Հայաստանի Մասին Դիրքորոշումները 1896-1928
10 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական եւ Դեմոկրատական Կուսակցութիւններուն 1856-էն 1928, տարեկան համագումարներուն ընթացքին, քննելէ ետք նախորդող տարուան իրադարձութիւնները, իրենց ծրագիր-յայտագիրներուն մէջ հինգ անգամ Հայաստանի մասին անդրադարձ կատարած են (1): Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնեմ նշուած դիրքորոշումները՝ բանաձեւերը, կարգ մը լուսաբանութիւններով:
Ա. 1896-ի Հանրապետական կուսակցութիւն, էջ 101-102:
«Հայկական ջարդեր» խորագիրին տակ կ՛եզրակացնեն. «Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ջարդերը, ամերիկացի ժողովուրդին խոր կարեկցութիւնը եւ արդար զայրոյթը քրքրեցին: Կը հաւատանք, որ Միացեալ Նահանգները ըստ պատշաճի պէտք է իր բոլոր ազդեցութիւնը բանեցնէ, այս գազանութիւններուն վերջ տալու համար: Թուրքիոյ մէջ ամերիկացի բնակիչներ լրջագոյն վտանգներու ենթարկուած են եւ ամերիկեան կալուածներ քանդուած: Այնտեղ եւ ամէն տեղ, Ամերիկայի քաղաքացիները եւ ամերիկեան կալուածները ամէն գնով պէտք է բացարձակապէս բոլոր վտանգներէն պաշտպանուին»:
Ուշագրաւ է եւ խիստ կարեւոր՝ պարզ ու կտրուկ «Հայաստանի մէջ» եզրի գործածութիւնը եւ ո՛չ թէ դարձդարձիկ անուանումներ՝ Մերձաւոր Արեւելք, Անատոլիա, թրքահայաստան եւ այլն:
Բ. 1920-ի Հանրապետական կուսակցութիւն, էջ 239:
«Հայաստանի հոգատարութիւնը» խորագիրին տակ կը յայտարարեն. «Մենք կը դատապարտենք նախագահ (Վուտրո*) Ուիլսընի դիմումը Քոնկրեսին, լիազօրելու զինք՝ ընդունելու համար Հայաստանի հոգատարութիւնը (mandate*):
«Մենք կը դրուատենք Հանրապետական Ծերակոյտը, որ (նաեւ*) մերժեց նախագահին խնդրանքը, լիազօրելու զայն՝ ընդունելու Հայաստանի հոգատարութիւնը: Ընդունիլ այսպիսի հոգատարութիւն, Միացեալ Նահանգները պիտի մխրճէր Եւրոպայի վէճերու յորձանուտին մէջ:
«Ըստ նախագահ Ուիլսընի հեղինակութեամբ կազմակերպուած Հարպորտ առաքելութեան (2), (3), (4), (5), (6) նախահաշիւին՝ մեզմէ պիտի պահանջուի 59 հազար ամերիկացի տղաք (զինուորներ*), ոստիկանութիւն ընելու Հայաստանի մէջ, եւ ծախսելու 126 միլիոն տոլար առաջին տարին, եւ 756 միլիոն տոլար հինգ տարուան ընթացքին: Այս (զինուորներու թիւի*) նախահաշիւը հիմնուած է մի՛այն, եթէ շրջուն աւազակախումբերու դէմ պիտի կռուինք: Սակայն եթէ լուրջ խնդիրներ ունենանք թուրքերուն կամ Ռուսիոյ հետ, 200 հազարէ աւելի զօրքի պէտք պիտի ունենանք:
«Ասկէ աւելի աչքառու օրինակ կարելի չէ գտնել, նախագահ Ուիլսընի անտարբերութեան՝ ամերիկացի տղոց (զինուորներ*), կամ ամերիկեան շահերուն նկատմամբ:
«Մենք խորապէս կը կարեկցի՛նք Հայաստանի ժողովուրդին եւ պատրաստ ենք իրենց օգնելու բոլոր պատշաճ միջոցներով, սակայն Հանրապետական կուսակցութիւնը դէմ պիտի կենայ այժմ, եւ այսուհետեւ, որեւէ հոգատարութեան՝ Եւրոպայի կամ Ասիոյ մէջ»:
Այստեղ անհրաժեշտ է հետեւեալ ճշդումը կատարել: Ճիշդ է, որ «Հայաստանի հոգատարութիւն» անունով ճանչցուեցաւ այս հոլովոյթը, սակայն հոգատարութիւնը կ՛ընդգրկէր նաեւ Օսմանեան կայսրութենէն ետք մնացող Թուրքիան: Հետեւաբար, ծախսերը շատ աւելի մեծ տարածութեան եւ 5 գլուխներու բաժնուած էր, որոնցմէ մէ՛կն էր զինուորականը եւ կը ներառէր նաեւ. ա. Ընդհանուր կառավարութիւն, բ. Հաղորդակցութիւն, երկաթուղիներ եւ այլն, գ. Նպաստ, վերաբնակեցում, կրթութիւն եւ այլն, դ. Առողջապահութիւն*:
Կ’արժէ նաեւ նշել, որ Զօրավար Հարպորտ մարգարէացած էր, իր տեղեկագիրին եզրակացութեան մէջ՝ գրելով. «Նախընտրելի է միլիոններ ծախսել հոգատարութեան, քան թէ միլիառներ` ապագայ պատերազմներուն: Ցայսօր Ամերիկան հազարաւո՛ր միլիառներ ծախսեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, եւ ըստ նախագահ Թրամփի` 7 թրիլիոն (7), այսինքն` 7 հազար միլիառ, եւ տակաւին պիտի շարունակէ ծախսել` «Հարպորտ առաքելութեան» տեղեկագիրը լրջօրէն չուսումնասիրելուն եւ հոգատարութիւնը չընդունելուն պատճառով*:
Գ. 1924-ի Դեմոկրատական կուսակցութիւն, էջ 272:
«Հայաստանը եւ Լոզանի դաշնագիրը» խորագիրին տակ կը յայտարարեն. «Մենք կը դատապարտենք Լոզանի դաշնագիրը: Ատիկա կը փոխանակէ (առեւտրական իմաստով*) ամերիկեան իրաւունքները եւ կը դաւաճանէ Հայաստանին՝ քարիւղի Չեսթըր մենաշնորհին փոխարէն:
«Մենք կը նպաստենք Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան իրաւունքներուն պաշտպանման եւ նախագահ Ուիլսընի Հայաստանի վերաբերեալ իրաւարար վճիռի գործադրութեան»:
Չեսթըր մենաշնորհը 10 Ապրիլ 1923-ին նորակազմ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած «խթան-կաշառք» մըն էր, որ Միացեալ Նահանգներուն պիտի շնորհէր քարիւղի պեղումներու եւ երկաթուղիներու կառուցման մենաշնորհը: Լոզանի դաշնագիրը ճանչնալու, իմա՝ Թուրքիան եւ նոր սահմանները ճանչնալու փոխարէն, որ սակայն մերժուեցաւ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին կողմէ (8): Ուրեմն կարեւոր է, որ այս առիթով, Միացեալ Նահանգները մերժեցին ճանչնալ Թուրքիան եւ անոր «Լոզանի» սահմանները*:
Հարկ է նշել նաեւ, որ 18 յունուար 1927-ին՝ Ծերակոյտը 4 տարուայ բանավէճերէ ետք, կրկին մերժեց որեւէ դաշինք կնքել, կամ ճանչնալ Թուրքիան Լոզանի սահմաններով եւ այս՝ մինչեւ օրերս: Նախագահ Կալուին Քուլիճ (Calvin Coolidge*) ստիպուեցաւ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները, որ խզուած էր 1917-ին, վերահաստատել հակաօրինական կերպով՝ առանց պաշտօնական դաշինքի: Օրին՝ Հայ-Ամերիկեան համախմբումները շատ մը քաղաքներու մէջ բողոքի ելոյթներ ունեցան, դատապարտելով նախագահական այս որոշումը, իբրեւ «Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական պատմութեան մէջ ամենէն սեւ էջերէն մէկը»* (9):
Դ. 1928-ի Դեմոկրատական կուսակցութիւն, էջ 310:
«Հայաստան» խորագիրին տակ գրուած է. «Մենք կը նպաստենք Միացեալ Նահանգներուն կողմէ ամենէն ջերմեռանդ ջանքերուն՝ իրագործելու համար խոստումները եւ յանձնառութիւնները որոնք կատարուեցան Միացեալ Նահանգներուն եւ Դաշնակից (Անթանթ*) ուժերուն կողմէ Հայաստանին եւ անոր ժողովուրդին, Համաշխարհային (Ա.*) պատերազմին ընթացքին եւ ետք»:
Ուրեմն 1928-ին Դեմոկրատ կուսակցութիւնը կը վերահաստատէ Սեւրի դաշնագիրը եւ նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը* (10):
Ե. 1928-իՀանրապետական կուսակցութիւն, էջ 318:
«Արտաքին պարտքեր» գլուխին տակ կը յայտարարեն. «Ըստ մեր կանոնակարգին եւ ծրագիրին, մեր օտար պարտականներուն կողմէ պարտքերու վճարման բանակցութիւնները եւ համաձայնութիւնները կատարուած են, ի բացառեալ Հայաստանէն եւ Ռուսիայէն»:
Յատկանշական է, որ 1856-1928 երկու կուսակցութիւններուն բանաձեւերուն մէջ «Թուրքիա» մի՛այն 2 անգամ նշուած է, այն ալ հայութեան վերեւ նշուած բաժիններուն մէջ, իսկ «Օսմանեան կայսրութիւն» բնաւ չէ նշուած:
31 յուլիս 2020
——————
(1) Platforms of the Two Great Political Parties, 1856-1928 Inclusive, George D. Ellis, July 1928, Washington, U.S. Government Printing Office.
https://play.google.com/store/books/details?id=wftOAQAAMAAJ&rdid=book-wftOAQAAMAAJ&rdot=1
(2) https://hyw.wikipedia.org/wiki/Հարպորտ_Առաքելութիւն
(3) http://www.aztagdaily.com/archives/400768
(4) http://www.aztagdaily.com/archives/359654
(5) http://www.aztagdaily.com/archives/359818
(6) http://www.aztagdaily.com/archives/406672
(8) https://en.wikipedia.org/wiki/Chester_concession
(9) https://www.politico.com/story/2011/02/us-turkey-resume-diplomatic-ties-feb-16-1927-049572
(10) «The legal interrelation between the treaty of sevres and the treaty of Lausanne» Ara Babian.
aztagdaily.com/archives/480094