Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ – Անդրադարձ – Հողը Գլխաւոր Երաշխիք` Ազգային Մեր Անվտանգութեան (Սեւրի Դաշնագիրին 100-Ամեակին Առիթով)
10 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
100 տարուան կեանք մը ունի Սեւրի դաշնագիրը:
100 տարիէ Թուրքիա կը տառապի «Սեւրի սինտրոմ»էն: Աթաթուրքին համար ան «թուրք ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած մեծ մահափորձ մըն էր», թուրք պատմագիտական շրջանակներու համար` ընդամէնը «փաստաթուղթ» մը, իսկ քաղաքագէտներու համար` սոսկ «նախագիծը ծրագիրի մը»:
100 տարի առաջ, Օսմանեան կայսրութիւնը անդամահատուած էր, առաւելագոյն կորուստներով պատրաստ` առաւելագոյն զիջումներու: Պարտուած Թուրքիա իրողապէս եւ իրաւապէս կը ճանչնար անկախ ու միացեալ Հայաստանը` Սեւրի դաշնագիրին նախատեսած սահմաններով: Այսօր, Թուրքիա ո՛չ միայն կը դրժէ 10 Օգոստոս 1920-ի իր ճանաչումը, այլեւ` կը շարունակէ բռնագրաւել Ուիլսընեան Հայաստանի երեք չորրորդը եւ շրջափակումի ենթարկել մնացեալ մէկ չորրորդը:
Դաշնագիրները, դժբախտաբար, յանձնառութիւններ եւ խոստումներ են պարտուած երկիրներու կողմէ, իսկ յանձնառութիւններն ու խոստումները հաւասար են զերոյի կամ զերոյէն քիչ մը աւելիի: Ուժն է, որ գործադրութեան կը դնէ դաշնագիրները: Երբ կը բացակայի ուժը, ամէնէն արդար կարծուած դաշնագիրները նոյնիսկ կը դատապարտուին պատմութեան դասագիրքերէն դուրս չյիշուելու:
Սեւրը բացառութիւն չի կազմեր գործնական իր արտայայտութեան իմաստով, սակայն իրաւականօրէն ան իր արժէքէն բան չի կորսնցներ, այնքան ատեն որ զայն ստորագրող կողմերը ամբողջական համաձայնութեամբ զայն չեղեալ չեն յայտարարեր, հետեւաբար քաղաքական անոր կտակը կը մնայ ի զօրու: Լոզանը չի կրնար չեղեալ նկատել Սեւրը, իրաւասո՛ւ չէ նման բան կատարելու, որովհետեւ Լոզանը իր բնոյթով եւ ստորագրող կողմերով կը տարբերի Սեւրէն: Սեւրը կը հանդիսանայ միջազգային իրաւունքի չափանիշներով դաշնագիր մը, որուն շուրջ բանակցութիւն կատարուած է, համաձայնութիւն գոյացած է, ստորագրուած է, սակայն… չէ գործադրուած: Իսկ չգործադրուած դաշնագիրը, իրաւական տեսանկիւնէն, չի ժխտեր Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւունքները, որովհետեւ Թուրքիոյ պարտաւորութիւնները հայութեան հանդէպ կը բխին ո՛չ թէ Սեւրի դաշնագիրէն, այլ` անոր հետեւող Ուիլսընեան իրաւարար վճիռէն:
Միշտ ալ առարկողներ եղած են, որ Սեւրի դաշնագիրին կնքումն ու բովանդակութիւնը չեն արտայայտած այդ օրերու իրողական ուժերու աշխարհաքաղաքական շահերը: Խորհրդային պատմագրութիւնը յաճախ «դիւանագիտական անհիմն ռոմանթիզմ» որակած է զայն, «մեռեա՛լ ծնած» դաշնագիր մը, որ երբեք ապրելու հիմք չէ ունեցած: Աւելին, շատերը դաշնագիրի ստորագրութեան մէջ տեսած են նախագահ Ուիլսընի կողմէ «պատմութեան մէջ բարի գործ կատարած մարդու անուն ձգելու» ցանկութիւն մը պարզապէս…:
Ինչ կը վերաբերի նախագահ Ուիլսընի, Մ. Նահանգներու 28-րդ նախագահը Ազգերու Լիկայի գաղափարին իր ջատագովութեան համար, տարի մը առաջ, 1919-ին, տիրացած էր արդէն «Նոպէլեան» խաղաղութեան մրցանակի: Հետեւաբար, «բարի գործ կատարած մարդու» հռչակ ու պատիւ ձեռք բերելու խնդիր չունէր ան: Ուիլսըն քաղաքական իրատես գործիչ էր եւ իր մտահոգութիւնը միայն Հայաստանը չէր, որքան` Առաջին Աշխարհամարտէն ետք շրջանին մէջ ձեւաւորուող քաղաքական նոր համակարգը, ուր գոյութիւն ունէին երեք անլոյծ հարցեր.- հայկական հարցը, քրտական հարցը եւ մարդկութեան դէմ զանգուածային ոճրագործութիւններու միջոցով քաղաքական խնդիրներու լուծման փորձին մերժումը: Սեւրը կը փորձէր լուծումներ գտնել յիշեալ երեք հարցերուն, ջանալով կայուն, արդար եւ տեւական խաղաղութիւն ապահովել թէ՛ շրջանի պետութիւններուն եւ թէ ազգային շարունակուող հակամարտութիւններուն: Միաժամանակ, Սեւրը կը նպատակադրէր շրջանին մէջ ստեղծել ապրելու եւ յարատեւելու կռուաններ ունեցող քրիստոնեայ մեծ պետութիւն մը, որ Մ. Նահանգներու համար մասամբ պիտի հակակշռէր Թուրքիան եւ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութենէն նոր դուրս եկած շրջանի կարգ մը երկիրները:
Դժբախտաբար, թրքական մեծապետական քաղաքականութիւնը օրին յաջողեցաւ հասկացողութեան ընդհանուր եզրեր գտնել համայնավար միապետական քաղաքականութեան հետ եւ այդ պատճառով յիշեալ հարցերը մնացին անլոյծ եւ Միջին Արեւելքն ու Կովկասը շարունակեցին եւ դեռ կը շարունակեն մնալ «եռացող կաթսաները» միջ-պետական պատերազմներու, ազգամիջեան հակամարտութիւններու եւ ահաբեկչական տեսակ-տեսակ շարժումներու:
100-ամեակ մը առաջ, Սեւրի դաշնագիրին տակ իրենց ստորագրութիւնը դրած պետութիւնները այսօր կրնան չգործադրել զայն, մինչեւ իսկ կրնան չյիշել, բայց չեն կրնար ուրանալ զայն, որովհետեւ ան ցեղասպանին ճիրաններէն խլուած իրաւունքի թուղթն է ժողովուրդի մը, որուն զաւակները արեան գնով անկախութեան տիրանալէ ետք, քաղաքական եւ միջազգային իրենց իրաւունքներուն ճանաչումը ապահովեցին այդ դաշնագիրով: Ստորագրող պետութիւններ իրենց ստորագրութիւններով հաստատեցին, իբրեւ անլո՛յծ խնդիր, հայկական հարցի մը գոյութիւնը, ինչ որ ունի մեծ նշանակութիւն:
Մեզի համար, Սեւրի դաշնագիրը արդար հատուցումն է Ցեղասպանութեան ահաւոր ոճիրին, որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր, եւ որուն հետեւանքով Արեւմտահայաստանը պարպուեցաւ իր բնիկ տարրէն` հայ ժողովուրդէն:
Սեւրի դաշնագիրը մեզի համար նաեւ միջազգային այն փաստաթուղթն է, որ Հայ Դատը դուրս կը բերէ լոկ պատմական եւ մարդկային իրաւունքներու սահմանէն եւ զայն կը փոխադրէ միջազգային քաղաքական իրաւունքներու բեմ: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պետական ներկայացուցիչները, Սեւրի միջազգային խորհրդաժողովին, փոխադարձաբար ընդունելի պայմաններով, առաջին ու վերջին անգամ ըլլալով, լուծում մը կու տան հայ-թրքական կնճիռին:
Հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքը` տէրը ըլլալու իր հողերուն, ճանչցուած է Սեւրի դաշնագիրով, ինչ որ հայկական հարցի լուծման իրաւական ամէնէն ճիշդ միջոցն է: Բացի հողային, տարածքային լուծումէն, Սեւրը կը մերժէ այլ մակարդակի լուծումներ հայութեան ազգային ապահովութեան հարցին` հայկական հարցին, որ հայկական լիարժէք եւ ամուր պետականութեան մը ստեղծման համար կը շեշտէ այդ պետականութեան ապահովութիւնը եւ կենսունակութիւնը ամրագրող հողային երաշխիքներու գոյութիւնը: Պայմաններէն մէկը առանց միւսին անիրագործելի է, որովհետեւ ո՛չ հայկական պետութիւնը իր ներկայ խոցելի սահմաններով ի վիճակի է հզօր եւ ամուր պետականութիւն կերտելու, ո՛չ ալ հայկական պետականութեան բացակայութեան կարելի է ազգային հաւաքական կեանքը պահպանել հայաբնակ ներկայ տարածքներուն մէջ:
Ահա, այս հասկացողութիւնն է, որ պէտք է գերակշռէ հայկական հարցի լուծման բոլոր բաղադրիչներուն վրայ` Արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններէն մինչեւ Նախիջեւանի ու Ջաւախքի ճակատագիրներուն ճշդումը, Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման պահանջատիրութենէն մինչեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը, որովհետեւ Սեւրի տրամաբանութեամբ հայկական հարցին էութիւնը եղած է ու կը մնայ հայ ժողովուրդին հայկական լեռնաշխարհի մէջ ազատ ու անկախ ապրելու քաղաքական եւ տարածքային պայմաններուն ստեղծումը: Այլ խօսքով, հայկական պետականութեան կերտումը եթէ ոչ ամբողջական Հայաստանի, առնուազն այնպիսի ընդարձակ տարածութեան մը մէջ, ուր կարելի ըլլայ յուսալի սահմաններով ապահովել հայկական քաղաքակրթութեան անվտանգ գոյութիւնն ու զարգացումը:
Ողջմիտ տրամաբանութիւն մը, որ յաջորդական սերունդներու կը յիշեցնէ, թէ մենք պէտք է լաւ վերլուծենք, ճանչնանք եւ որոշենք ազգային անվտանգութեան մեր խնդիրները: Յիշենք, որ անվտանգութեան «միջազգային երաշխիքները» պատրանք են: Մեր անվտանգութիւնը պէտք է կառուցել մեր սեփական հողերուն վրայ, որովհետեւ 100-ամեայ Սեւրի դաշնագիրին մեծագոյն դասն է այդ` հայկական հարցին եւ ազգային մեր անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքը նկատել հողն ու տարածքը:
aztagdaily.com/archives/480103