Սեւրի Պայմանագիրը Կարեւոր Փաստաթուղթ Է Հայկական Հարցի Արդարացի Լուծման Հասնելու Մասին․ ՀՀ Նախագահ

In an interview with “The Times” His Excellency the President of the Republic of Armenia, Dr. Armen Sarkissian: “The Treaty of Sèvres remains an important document on the right of the Armenian people to reach a just solution in the Armenian issue

Սեւրի Պայմանագիրը Կարեւոր Փաստաթուղթ Է Հայկական Հարցի Արդարացի Լուծման Հասնելու Մասին․ ՀՀ Նախագահ

10 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան

Սուրիական հեղինակաւոր Ալ-Ազմենահ թերթը հրապարակած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի բացառիկ հարցազրոյցը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին փոխանցեցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը ներկայացնէ հարցազրոյցը՝ Արեւմտահայերէնի վերածուած.

Պարոն նախագահ, Օգոստոս 10-ին կը լրանայ Սեւրի պայմանագրի 100-ամեակը, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք Փարիզի խաղաղութեան խորհրդաժողովին ընթացքին ստորագրուած էր մէկ կողմէն Անտանտի յաղթող 13 երկրի, միւս կողմէն պարտուած Օսմանեան կայսրութեան միջեւ: Պայմանագիրը կը նախատեսէր լուծել տասնամեակներով այնքան չարչրկուած Հայկական հարցը եւ վերջ տալ հայոց տառապանքներուն: Ի՞նչ կ՝ըսէք այդ մասին:

– Սեւրի պայմանագիրը իր բնոյթով խաղաղութեան պայմանագիր էր, եւ այդ առումով, իրապէս, անիկա կրնար արմատապէս լուծել մեր տարածքի ամենախրթին հարցերէն մէկը՝ Հայկական հարցը:

Սեւրի պայմանագրին նախորդած էր 1920թ. Փետրուար-Ապրիլին Լոնտոնի մէջ կայացած առաջին համաժողովը, ուր ընդունուած էր քաղաքական որոշում այն մասին, որ պէտք ստեղծել մէկ, միասնական հայկական պետութիւն: Ընդսմին, իբրեւ հայոց պետականութեան խարիսխ ճանչցուած էր արդէն իսկ Փարիզի վեհաժողովին կողմէ 1920թ. Յունուար 19-ին de facto ճանչցուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն պիտի միացուէին Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող Արեւմտեան Հայաստանի որոշ տարածքներ:

Սեւրի հաշտութեան պայմանագրով Թուրքիան Հայաստանը կը ճանչնար իբրեւ ազատ ու անկախ պետութիւն։ Թուրքիան ու Հայաստանը կը համաձայնէին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի ու Պիթլիսի նահանգներուն մէջ (վիլայէթներ) երկու պետութիւններու միջեւ սահմանազատումը ձգել ԱՄՆ որոշման (նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին, որուն 100-ամեակը նոյնպէս կը լրանայ յառաջիկայ Նոյեմբեր 22-ին), եւ ընդունիլ ինչպէս անոր որոշումը անմիջապէս, նոյնպէս եւ բոլոր առաջարկները՝ Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու եւ յիշեալ սահմանագիծին հարող օսմանեան բոլոր տարածքներուն ապառազմականացման վերաբերեալ։

Սակայն Սեւրի պայմանագիրը մնաց թուղթի վրայ…

– Աւելի ճիշդ, Սեւրի պայմանագիրը չարժանացաւ լիակատար վաւերացման (հետեւաբար կը մնայ անկատար (unperfected) եւ, ճիշդ է, Հայաստանի մասով որոշումները միջազգային քաղաքական իրադրութեան փոփոխութեան պատճառով չեն իրականացած, սակայն անիկա նաեւ երբեւէ չեղեալ չէ յայտարարուած:

Սեւրի պայմանագիրը օրինական, միջպետական, նաեւ de facto գործող փաստաթուղթ է, քանի որ այս փաստաթուղթին վրայ խարսխուած եղած են կամ ասկէ ածանցուած են Միջինարեւելեան շարք մը երկիրներու Առաջին աշխարհամարտին յաջորդող որոշ ժամանակահատուածի կամ ներկայի կարգավիճակները, մասնաւորապէս՝ Սուրիոյ (ներկայիս՝ Սուրիա-Լիբանան) եւ Միջագետքի (ներկայիս՝ Իրաք-Քուէյթ), Պաղեստինի (ներկայիս՝ Իսրայէլ եւ Պաղեստինի իշխանութիւններ), Հեճազի (ներկայիս՝ Սէուտական Արաբիա), Եգիպտոսի, Սուտանի, Կիպրոսի, Մարոքի, Թունուզի եւ Լիպիոյ:

Այս շարքին մէջ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը կրնար նպաստել Հայկական հարցի լուծման եւ հայ ժողովուրդի համախմբման իր պատմական տարածքներուն վրայ։

Անիկա կրնար մասամբ դարմանել 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդին հասցուած վնասները՝ ատով պայմաններ ստեղծելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ մեր տարածաշրջանի ժողովուրդներուն միջեւ տեւական խաղաղութեան հաստատման:

Սակայն 1920թ. Սեպտեմբերին քեմալականներու սանձազերծած արշաւանքը Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ աւարտեցաւ Հայոց անկախ պետականութեան վերացումով եւ Հայաստանի խորհրդայնացումով:

Այսպիսով, հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարը՝ մէկ պետական կազմաւորման մէջ միաւորելու բաժնուած Հայաստանի մասերը, չպսակուեցաւ յաջողութեամբ:

Բայց Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ աշխարհով մէկ սփռուած ողջ հայ ժողովուրդը կը մնայ ժառանգը եւ տէրը իր հազարամեակներու պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան: Ինչ ալ ըրած են եւ ընեն, ինչքան ալ ժխտեն ակնյայտ փաստերը, ինչքան ալ պատմական Հայաստանի տարածքներուն մէջ ոչնչացնեն եւ ջնջեն հայոց պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան նիւթական յուշարձանները եւ հայերուն հետքերը, անոնք չեն կրնար ոչնչացնել հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը:

Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը այսօր ալ կը մնայ իբրեւ կարեւոր փաստաթուղթ՝ Հայկական հարցի արդարացի լուծման հասնելու հայ ժողովուրդի իրաւունքի մասին։

Կայ տարածուած տեսակէտ, թէ իբր 1923թ. Լոզանի պայմանագիրը չեղարկած է Սեւրի պայմանագիրը:

– Բնաւ այդպէս չէ եւ չէր կրնար այդպէս ըլլալ: Լոզանի պայմանագրին մէջ ոչ միայն նման չեղարկում չկայ, այլեւ անգամ Սեւրի պայմանագրի մասին յիշատակում չկայ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը չէ ստորագրած, հետեւաբար մաս չէ Լոզանի պայմանագրին: Ըստ այդմ, անիկա որեւէ պարտաւորութիւն չի ստեղծեր Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Այս իրավիճակին մէջ կը գործէ միջազգային իրաւունքի Res inter alios acta (մաս չես, պարտաւոր չես) սկզբունքը: Սեւրի պայմանագիրը եւ Լոզանի պայմանագիրը երկու տարբեր իրաւական փաստաթուղթ են:

yerakouyn.com/2020/08/10/սեւրի-պայմանագիրը-կարեւոր-փաստաթուղ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail