«Պէյրութի Պայթումը Կրնար Աւելի Ծանր Ըլլալ, Եթէ Այդտեղ Գտնուող Իրանեան Արտադրութեամբ Հրթիռներուն Հասնէր» Կ՛ըսէ Կան
11 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց նշեց. «Պէյրութի պայթումը կրնար աւելի ծանր ըլլալ, եթէ այդտեղ գտնուող իրանեան արտադրութեամբ հրթիռներուն հասնէր»:
«Տեսանք Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը, եւ կ՛երեւակայենք, եթէ պայթումը հասնէր Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող հրթիռներուն: Նոյն տան մէջ հիւրերուս սենեակ կայ եւ այլ սենեակ մըն ալ` հրթիռներուն»:
Կանց Քնեսեթի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան յանձնախումբի նիստի ընթացքին նշեց. «Իրան կը շարունակէ հիւլէական զէնքերու ձեռքբերման ձգտիլ: Իսրայէլ այդ առնչութեամբ պէտք չէ աչք փակէ»:
«Իսրայէլ շրջանի երկիրներուն հետ կապ կը հաստատէ շրջանի կայունութեան պահպանման համար», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իսրայէլի մեծագոյն նպատակը Իրանի վրայ ճնշումը շարունակելն է»:
«Իսրայէլ աշխատանք կը տանի արգելք հանդիսանալու Սուրիոյ եւ շրջանի այլ երկիրներուն մէջ իրանեան տեղակայման», յայտնեց Կանց` աւելցնելով. «Հասան Նասրալլան հիւսիսի մէջ Իսրայէլի ոխերիմ թշնամին է»:
aztagdaily.com/archives/480226