Փոմփէօ. «Չինաստանի Իրան Մուտք Գործելը Կը Քայքայէ Միջին Արեւելքի Կայունութիւնը»
11 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «Թուիթըր»¬ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Չինաստանի Իրան մուտք գործելը պիտի ապակայունացնէ Միջին Արեւելքը: Իրան կը մնայ ահաբեկչութեան հովանաւոր մեծագոյն պետութիւնը, եւ զէնքերու համակարգերու եւ Չինաստանի համայնավար կուսակցութենէն հոսող դրամի հասանելի դառնալը միայն կը բարդացնէ այդ շրջանին համար այդ վտանգը»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ կը մեկնաբանէր մամլոյ տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, Թեհրան եւ Փեքին ստորագրած են ռազմավարական գործակցութեան փաստաթուղթ մը, որ Չինաստանին Իրանի մէջ ռազմակայան կառուցելու կարելիութիւն կը շնորհէ:
Ըստ տեղեկութեանց, փաստաթուղթը Չինաստանին կղզիներ, ռազմակայաններ եւ օդուժի ռազմակայաններ կը շնորհէ տնտեսական, ապահովական եւ զինուորական մարզերու մէջ չինական ներդրումներու փոխարէն:
aztagdaily.com/archives/480228