Հայաստան Կը Պատասխանէ Սեւրի Դաշնագիրին Մասին Թուրքիոյ Կատարած Յայտարարութեան
11 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան, Օգոստոս 11-ին, հրապարակեց պատասխան յայտարարութիւն մը՝ անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան, որ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ Սեւրի դաշնագիրի 100-ամեակի նշումին:
«Հայաստանում Սեւրի հաշտութեան պայմանագրի հարիւրամեակի յիշատակման առնչութեամբ Թուրքիոյ ԱԳՆի յայտարարութիւնը մէկ անգամ եւս ի ցոյց կը դնէ այդ երկրի անկարողութիւնը` առերեսուելու իր անցեալին հետ:
Զարմանքի արժանի է, որ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը, որ առիթը չի կորսնցներ արժեւորելու Օսմանեան ժառանգութիւնը՝ այդօրինակ նեարդային արձագանգ կը ցուցաբերէ նոյն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ շարք մը պետութիւններու` ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կնքուած Սեւրի պայմանագրի յիշատակումէն:
Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը եղած է, կայ եւ կը շարունակէ մնալ պատմական փաստ, որ հնարաւոր չէ վերախմբագրել կամ ջնջել:
Թուրքիան, խուսափելով առերեսուելու իր անցեալին հետ եւ ուրիշներուն կոչ ընելով «պատմութենէն թշնամանքի փոխարէն դասեր քաղելու», կը շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդարացնելու եւ հայ ժողովուրդին նոր ոճրագործութիւններով սպառնալու աւանդական քաղաքականութիւնը:
Թուրքիոյ կողմէ մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան խաթարման ուղղուած քայլերը, Հայաստանի հանդէպ որդեգրած ռազմատենչ կեցուածքը հարեւան տարածաշրջանները ապակայունացնելու Թուրքիոյ ներկայ կառավարութեան ծաւալապաշտական քաղաքականութեան մաս կը կազմեն:
Միայն այդ քաղաքականութեան վերանայումը եւ Թուրքիոյ կողմէ անցեալին հետ առերեսուելու կարողութիւնը ճանապարհ պիտի հարթեն մեր տարածաշրջանի ժողովուրդներուն միջեւ իրական հաշտութեան համար»,- յայտնեց Նաղդալեան թրքական կառավարութաեան յայտրարութեան իր անդրադարձին մէջ:
yerakouyn.com/2020/08/12/հայաստան-կը-պատասխանէ-սեւրի-դաշնագիր/