«Տագնապին Մակարդակը Աճած Է Շատ Առումներով. Ատիկա Կորուստ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Համար» Կ՛ըսէ Պոլթըն
12 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահին ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթըն «Արմնիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին բացատրած է, թէ ի՛նչ նկատի ունէր, երբ Հայաստան այցելութեան ժամանակ յայտարարած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը հիանալի դիրքի վրայ է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով վճռական որոշում տալու համար:
«Ես ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ ապրելու փաստը կ՛արձանագրէի, երբ երկրի նոր ղեկավարը պաշտօն կը ստանձնէ: Ատիկա ժամանակահատուած է` տեսնելու, թէ միջազգային տագնապները, յայտկապէս անոնք, որոնք փակուղիի մէջ են, արդեօք կարելիութիւն ունի՞ն փակուղիէն դուրս գալու: Նախնական հանդիպումներու ժամանակ յուսադրող նշաններ եղան, այցելութենէս ետք մէկ տարուան ընթացքին ատիկա այդպէս ալ չաշխատեցաւ, եւ տագնապին մակարդակը իրականութեան մէջ աճած է շատ առումներով: Կը կարծեմ, որ ատիկա կորուստ է երկու երկիրներու` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն համար», ըսաւ ան:
Պոլթըն նշեց, թէ կը հասկնայ, որ տագնապին լուծումը բարդ է:
«Ես Կովկասը կը նկատեմ առանցքային ո՛չ միայն այնտեղ ապրողներուն համար, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի համար: Ասիկա իրականութեան մէջ շատ վտանգաւոր շրջակայք է ձեր քանի մը դրացիներուն պատճառով: Պիտի փափաքէի, որ Միացեալ Նահանգները այս հարցին աւելի ուշադրութիւն դարձնէին: Պիտի փափաքէի, որ մենք աւելի օգտակար ըլլանք, սակայն այնտեղ երեք փոքր երկիրներ կան` շրջապատուած մէկ մեծ երկրով եւ երկու խնդրայարոյց երկիրներով հարաւէն: Կը կարծեմ, որ Միացեալ Նահանգներու` դուրսէն ներկայութիւնը կ՛աւելցնէ շրջանային անվտանգութիւնը, որովհետեւ մենք սահմանափակուած չենք աշխարհագրական առումով», ըսաւ ան:
aztagdaily.com/archives/480337