«Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Անկեղծ Ջանք Չեն Թափեր Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Լուծման Համար» Կը Յայտարարէ Չաւուշօղլու
12 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Ազրպէյճանի նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած է Թուրքիա: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան ազրպէյճանական ծառայութիւնը` յղում կատարելով երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան:
«Այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած են Պայրամովի հանդիպումները Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ», կը հաղորդէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ասիկա Պայրամովի` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնելէն ետք առաջին արտասահմանեան այցելութիւնն է:
Յիշեցնենք, որ Պայրամով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուած է 16 յուլիսին` նախկին արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի պաշտօնանկութենէն ետք:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Պայրամովի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է. «Եղբայրական Ազրպէյճանը միայնակ չէ, եւ Թուրքիան իր բոլոր կարելիութիւններով կը գտնուի Ազրպէյճանի կողքին եւ պիտի շարունակէ մնալ անոր կողքին»:
Ան անգամ մը եւս անհիմն կերպով Հայաստանը մեղադրած է «Ազրպէյճանի տարածքները բռնագրաւելու» յանցանքով:
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ խօսելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքին մասին` Չաւուշօղլու յայտարարած է. «Հակառակ միջազգային կառոյցներու` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերող որոշումներուն, տագնապը լուծում չի գտներ: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները անկեղծ ջանք չեն թափեր տագնապին լուծման համար»:
aztagdaily.com/archives/480338