Մեծարանք՝ Աւետիս Ահարոնեանին, Որ Հայաստանի Կողմէ Ստորագրեց Սեւրի Դաշնագիրը
12 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
ՓԱՐԻԶ, «Նուվել տ՛Արմէնի».- Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, թէ դեսպանատան դիւանագէտներ մեծարեցին յիշատակը Փարիզի Խաղախութեան համագումարին ներկայացած հայկական պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեանի:
100 տարի առաջ, Աւետիս Ահարենեան Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը:
Դաշնակիցներուն եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ 10 Օգոստոս 1920ին կնքուած Սեւրի դաշնագիրը կը հետապնդէր Օսմանեան կայսրութեան հաշիւը մաքրելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու՝ պատերազմին վերջինիս պարտութենէն ետք:
asbarez.com/arm/374868/Մեծարանք՝-Աւետիս-Ահարոնեանին-Որ-Հայա/