Փայլան՝ Չաւուշօղլուին. Չէ՞ք Ամչնար Բազմազգ Պէյրութի Մէջ Ցեղապաշտութիւն Դրսեւորելէ

Լիբանանի այն բնակիչներուն, որոնք կ՛ըսեն` ես թուրք եմ, թիւրքմէն եմ՝ Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն պիտի տրամադրուի

Փայլան՝ Չաւուշօղլուին. Չէ՞ք Ամչնար Բազմազգ Պէյրութի Մէջ Ցեղապաշտութիւն Դրսեւորելէ

12 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

ՊՈԼԻՍ․- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան Պէյրութի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի խօսքերը ցեղապաշտութիւն որակեց՝ հարցը արծարծելով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: Այս մասին կը գրէ թրքական «Կազեթէ Տուվար» օրաթերթը:

Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած հզօր պայթումէն ետք, Չաւուշօղլու այցելած էր Լիբանան, ուր յայտարարած էր հետեւեալը. «Լիբանանի այն բնակիչներուն, որոնք կ՛ըսեն` ես թուրք եմ, թիւրքմէն եմ՝ Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն պիտի տրամադրուի: Ասիկա մեր հանրապետութեան նախագահին հրամանն է»:

«Լիբանանի մէջ կ՛ապրին բազմաթիւ ազգեր, որոնք նաեւ կ՛ապրին Թուրքիոյ մէջ: Այս ցեղապաշտական արտայայտութիւնը հանրային մեծ արձագանգ ստացած է», ըսաւ Փայլան:

Ան նախարարին ուղղեց երկու հարցումներ. «Չէ՞ք ամչնար բազմազգ Պէյրութի մէջ ցեղապաշտութիւն դրսեւորելէ: Արդեօք Թուրքիան միայն թուրք ազնուականութեան հանրապետութիւ՞նն է»:

asbarez.com/arm/374843/Փայլան՝-Չաւուշօղլուին-Չէ՞ք-Ամչնար-Բա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail