Անիի Պատմական Յուշարձանները Զոհ՝ Այցելուներու Անփոյթ ու Անխնայ Վերաբերմունքին
13 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ԷՐԿԻՐ ԱՇԽԱՐՀ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Հայաստանի պատմական մայրաքաղաք Անին, որմէ այսօր հայ–թրքական սահմանին` Ախուրեանի արեւմտեան ափին փռուած աւերակները մնացած են միայն, զոհ դարձած են որոշ այցելուներու անփոյթ ու անխնամ վերաբերմունքին:
Ermenihaber.am կը հաղորդէ, թէ թրքական լրատուամիջոցները կ’ահազանգեն, որ 2016-ին UNESCO-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Անիի պատմական շինութիւններէն մնացած պատերը՝ այսօր այցելուներուն կողմէն անխնայ ներկուած, փորագրուած ու գրութիւններով լեցուած են:
Պատմական այս քաղաքին մէջ յայտնուած որոշ զբօսաշրջիկներ աւելի հանճարեղ ոչինչ գտած են, քան եկեղեցիներու, ամրոցներու ու այլ շինութիւններու` կանգուն մնացած պատերուն սեփական անունները, այցելութեան տարեթիւերը, ամուսինին կամ սիրեցեալին ուղղուած սիրոյ խոստովանութիւնները կաւիճով ու ներկերով գրելը կամ սուր գործիքով փորագրելը:
Միւս կողմէն, այս ամէնը շարք մը սրտցաւ այցելուներուն զայրոյթը բարձրացուցած է: Անոնք պահանջած են մաքրել բոլոր գրառումները ու աւելի խնամքով վերաբերիլ պատմական այս կառոյցներուն:
yerakouyn.com/2020/08/13/անիի-պատմական-յուշարձանները-զոհ՝-այց/