Հայոց Բանակը Փաստեց Մասնագիտական Եւ Մարտավարական Առաւելութիւն. Փորձագէտ
15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական կրթութեան վարչութեան պետ, յայտնի ռազմական փորձագէտ եւ պաշտպանութեան նախարարութեան նախկին մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան ռումանական Defense Romania թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Յուլիսին Հայաստանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած ռազմական բախումներուն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։
Յովհաննիսեան նշած է, որ Հայաստան յաջողութեամբ ետ մղեց ատրպէյճանական յարձակումը եւ մանրամասնութիւններ տուաւ ռազմական գործողութիւններուն վերաբերեալ:
«Բացի այն, որ գործողութիւններու ժամանակ օգտագործուած են անօդաչու թռչող սարքեր (ԱԹՍ), ազրպէյճանական կողմը օգտագործած է նաեւ իսրայէլական ռազմական զէնքեր եւ «Եաշմա» յատուկ նշանակութեան ուժերը, սակայն Հայաստանի զինուած ուժերը ոչ միայն ետ մղած են յարձակումը, այլեւ՝ ցոյց տուած ռազմական գերակայութիւնը Ազրպէյճանի նկատմամբ»,- ըսած է ան:
«Ազրպէյճանական զինուած ուժերը նախ 82 մմ. տրամաչափի ականանետէն եօթը արկ, ապա 120 մմ. տրամաչափի ականանետէն երեք արկ արձակեցին Հայաստանի Չինարի բնակավայրի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով վնասուեցան բնակելի տուներ: ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէն ՀՀ տարածքի դէմ ձեռնարկուած ցանկացած փորձ թիրախաւորուած եւ չէզոքացուած է: Ի դէպ, հայկական զինուած ուժերը, հետեւելով իրենց սկզբունքներուն, ազրպէյճանական բնակավայրերու ուղղութեամբ կրակ չեն վարած: Թիրախաւորուած են միայն ազրպէյճանական զինուած ուժերուն միջոցները:
Ըստ էութեան՝ ՀՀ զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու ՀՀ Տաւուշի մարզի սահմանագօտիին վրայ գտնուող «Անվախ» դիրքի ուղղութեամբ կէս գիշերէն ետք ազրպէյճանական զինուած ուժերու յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու 100 զինծառայող խոշոր զինատեսակներու, մասնաւորապէս հրետանիի կրակի աջակցութեամբ փորձած են յարձակիլ, բայց հայկական դիրքի զինուորներու հերոսական եւ գրագէտ գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք ետ շպրտուած են՝ ձգելով զգալի կորուստներ»,- աւելցուցած է ան:
Այն հարցումին, թէ ի՞նչ նշանակութիւն կրնան ունենալ այս կարճատեւ ռազմական գործողութիւնները՝ ռազմական արուեստի տեսանկիւնէն՝ փորձագէտըպատասխանեց. «Յուլիսեան մարտական գործողութիւնները, որոնք դասական ռազմական գիտութեան տեսանկիւնէն ունէին մարտավարական նշանակութիւն, ներգրաւուած ուժերու եւ միջոցներու, կիրառուած զինատեսակներու առումով արդէն վերաճած են մարտավարականէն դէպի գործնական, իսկ անոնց ռազմաքաղաքական նշանակութիւնը կը դրսեւորուի նաեւ ռազմավարական մակարդակով:
Այս մարտական գործողութիւնները փաստացի կրկին ապացուցեցին, որ ռազմական գիտութեան դասական սահմանումներն ու բաժանումները պայմանական են, անոնք այնքան ալ չեն համապատասխաներ ժամանակակից պահանջներուն: Այդ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին օգտագործուած միջոցները, անոնց կիրառութեան ձեւերն ու եղանակները հերթական անգամ ապացուցեցին, որ հեռահար մարտը, գիշերային մարտը, առնուազն կը բարձրացնեն իրենց տեսակարար կշիռը, բարձր արհեստագիտական միջոցները գերակայ կը դառնան: Եւ այս ամէնուն մէջ Հայաստանի բանակը ապացուցեց իր յստակ մասնագիտական եւ մարտավարական առաւելութիւնը ազրպէյճանական բանակին նկատմամբ»:
yerakouyn.com/2020/08/14/հայոց-բանակը-փաստեց-մասնագիտական-եւ-մ/