«Եթէ Փաստուի, Որ Իսրայէլ Մեղսակից Է Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին, Ապա Ան Այս Ոճիրին Տարողութեամբ Պիտի Վճարէ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Sayyed Hassan Nasrallah - The General-Secretary of Hezbollah

«Եթէ Փաստուի, Որ Իսրայէլ Մեղսակից Է Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին, Ապա Ան Այս Ոճիրին Տարողութեամբ Պիտի Վճարէ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատկերասփռուած ճառով մը անդրադարձաւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմի արձանագրած յաղթանակի 14-ամեակին:

Ան նշեց, որ Լիբանան հզօր է իր Դիմադրութեան տարազով, որ օրըստօրէ կը հզօրանայ, եւ այդ պատճառով է, որ կը փափաքին զայն սպաննել: «Դիմադրութենէն հրաժարելու առաջարկը մեր դիմաց միշտ եղած է եւ ցարդ կը մնայ առկայ», ըսաւ ան:

Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումին մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այդ պայթումին հետաքննութիւնը իր վերահսկողութեան տակ չի գտնուիր: «Իսկ եթէ «Էֆ. Պի. Այ.»-ը պիտի մասնակցի այդ հետաքննութեան, ապա ան պիտի փորձէ փրկել Իսրայէլը, եթէ ան մեղսակից դարձած է այդ ոճիրին: Եթէ փաստուի, որ Իսրայէլ մեղսակից է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, ապա ան այս տարողութեամբ պիտի վճարէ, որովհետեւ Հըզպալլա նման տարողութեամբ հսկայական ոճիրի մը դիմաց լուռ չի կրնար մնալ», հաստատեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Պէյրութի պայթումին պատասխանատուութիւնը հանրապետութեան նախագահին վերագրելը անարդար է` շեշտելով, որ նախագահ Աունը տապալելու արշաւը պիտի ձախողի:

Իսկ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու մասին յայտարարութիւններուն անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ասիկա ժամանակի կորուստ է:

Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանին մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այդ ատեանին որոշումները իրենց չեն վերաբերիր: «Այսինքն` եթէ միջազգային դատական ատեանը մեր եղբայրներուն դէմ վճիռներ արձակէ, մենք կառչած պիտի մնանք անոնց անմեղութեան: Կարեւորը այն է, որ զգուշանանք այդ վճիռը ներքին եւ արտաքին իմաստով շահագործելու փորձերէն», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:

Map of the Ancient World Rome and Armenia – In this map you can find where the Ottoman Empire you mentioned is

aztagdaily.com/archives/480624

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail