Մաքրոն. «Ֆրանսան Ժամանակաւորապէս Պիտի Ամրապնդէ Միջերկրականի Մէջ Իր Զինուորական Ներկայութիւնը»
15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ իր երկիրը` գործակցաբար եւրոպացի գործընկերներու հետ, ներառեալ Յունաստանը ժամանակաւորապէս պիտի աւելցնէ Միջերկրական ծովուն մէջ իր ներկայութիւնը:
Մաքրոն Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ աւելցուց, որ այդ յաւելման նպատակը ցոյց տալն է, թէ միջազգային օրէնքը պէտք է յարգուի:
Ֆրանսայի նախագահը շեշտեց.«Թուրքիան պէտք է վերջ տայ արեւելեան Միջերկրականի շրջանին մէջ միակողմանի պեղման հետազօտման աշխատանքներուն»:
Մաքրոն կոչ ուղղեց Թուրքիոյ, անոր դրացիներուն եւ ՕԹԱՆ-ի գործընկերներուն միջեւ «խաղաղ երկխօսութեան» ձեռնարկելու:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար նախքան այդ յայտարարած էր, թէ իր երկիրը Յունաստանի հետ լարուածութիւնը կ՛ուզէ երկխօսութեան ճամբով լուծել:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նոյն օրը յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Կիպրոսի եւ Արեւելեան Միջերկրականի ծանծաղուտներուն մէջ երկրաբանական հետախուզութեան հարցին մէջ «զիջում պիտի չկատարէ»:
«Այս հարցին մէջ մեր վճռականութիւնը անսասան է: Մենք ոչ մէկ ձեւով զիջում պիտի կատարենք», լրագրողներուն ըսաւ Չաւուշօղլու:
Ան նաեւ նշեց, որ թրքական կառավարութիւնը մտադիր է մինչեւ օգոստոսի վերջը տրամադրել վիճելի ջուրերուն մէջ հետախուզական հորատման համար նոր արտօնագիրներ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, սակայն, երէկ յայտարարեց. «Միջերկրական ծովուն մէջ միակ լուծումը երկխօսութիւնն ու բանակցութիւններն են, եւ Թուրքիան արկածախնդրութեան մը ետեւէն չի վազեր»:
Մինչ այդ, ֆրանսական բանակը յայտարարեց, թէ «Ռաֆալ» տիպի երկու պատերազմական օդանաւեր եւ «Լաֆայեթ» յածանաւը պիտի ուղարկէ արեւելեան Միջերկրական:
aztagdaily.com/archives/480545