Անգարա. «Ապու Տապի Կը Դաւաճանէ Պաղեստինեան Դատին». Պաղեստին Արաբական Արտակարգ Վեհաժողով Կը Պահանջէ

How Azerbaijanis Froze Upon Seeing The Map Of The Ancient World In Rome

Անգարա. «Ապու Տապի Կը Դաւաճանէ Պաղեստինեան Դատին». Պաղեստին Արաբական Արտակարգ Վեհաժողով Կը Պահանջէ Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Տուն Կը Կանչէ Իր Դեսպանը

15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքի յայտարարեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Պաղեստինի դեսպանը անմիջապէս տուն կանչուած է:

Մալիքի յայտնեց, որ ատիկա տեղի ունեցած է իսրայէլեան-էմիրաթական-ամերիկեան եռակողմ հաղորդագրութենէն ետք` Պաղեստինեան իշխանութեան նախարար Մահմուտ Ապպասի ցուցմունքով:

Պաղեստինեան իշխանութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Արաբական լիկայի, ինչպէս նաեւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անմիջական արտակարգ ժողով մը պահանջեց` մերժելու համար իսրայէլեան-էմիրաթական-ամերիկեան եռակողմ հաղորդագրութիւնը:

Պաղեստինեան իշխանութիւնը նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կոչ ուղղեց` անմիջապէս ետդարձ կատարելու Իսրայէլի հետ «յարաբերութիւններու ամօթալի բնականոնացումէն»` զայն նկատելով «գերագոյն դաւաճանութիւն»:

Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս նախապէս քննարկած էին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութեան վերաբերեալ վերջին զարգացումները եւ մերժած համաձայնութիւնը` զայն նկատելով պաղեստինցի ժողովուրդը յանձնառութեան տակ չդնող եւ զայն չյարգող:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց համաձայնութիւնը` զայն նկատելով Ապու Տապիի եւ Թել Աւիւի կողմէ գործուած «Ռազմավարական յիմարութիւն մը, որուն արդիւնքը անկասկած շրջանին մէջ դիմադրութեան առանցքին ամրապնդումը պիտի ըլլայ»:

«Պաղեստինցի անիրաւուած ժողովուրդն ու աշխարհի բոլոր ազատ ժողովուրդները երբեք պիտի չներեն բռնագրաւող ու ոճրային գոյացութեան` Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը», նշեց նախարարութիւնը:

Նախարարութիւնը նշեց, որ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը Ապու Տապիի քայլը կը նկատէ ամօթալի` զգուշացնելով, որ Իսրայէլի կողմէ Արաբական ծոցի հաւասարակշռութեան մէջ որեւէ միջամտութեան բոլոր հետեւանքները պէտք է կրեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարութիւնն ու ուղեկից կառավարութիւնները:

«Պատմութիւնը պիտի փաստէ, թէ ինչպէ՛ս սիոնական գոյացութեան կողմէ այս ռազմավարական սխալը եւ այս դաշոյնը, որով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները անիրաւօրէն խոցեց ո՛չ միայն պաղեստինցի ժողովուրդին, այլ նաեւ ամբողջ իսլամներուն կռնակը, ընդհակառակն` պիտի յանգեցնէ դիմադրութեան առանցքի հզօրացման, եւ ծայրայեղօրէն յետադիմական սիոնական գոյացութեան դէմ միասնականութեան», նշեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իրենց նեղ շահերուն համար կը դաւաճանեն Պաղեստինեան դատին, եւ շրջանի ժողովուրդներուն պատմութիւնն ու խիղճը երբեք պիտի չմոռնան ու չներեն այս կեղծաւոր վարմունքը»:

Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ պաղեստինեան ղեկավարութիւնն ու ժողովուրդը իրաւացի են եռակողմ յայտարարութեան դէմ իրենց ուժեղ ու միացեալ հակազդեցութեան մէջ:

«2002 թուականին սէուտական ղեկավարութեամբ ու Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան զօրակցութեամբ Արաբական լիկային գոյացուցած Արաբական խաղաղութեան ծրագիրին վերջ տալու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ջանքերը մեծապէս մտահոգիչ են», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եռակողմ յայտարարութիւնը իբրեւ Պաղեստինեան դատին աջակցութիւն ներկայացնելու փորձը հաւաստի չէ»:

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Պաղեստինեան իշխանութիւնը գոյութիւն չունեցող կը նկատէ, երբ կը ջանայ գաղտնի հաշիւ կատարել ամերիկեան ծրագիրին (Դարու գործարք) միջոցով, որ արդէն մեռած ծնաւ եւ որեւէ օրինականութիւն չունի», յայտնեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու` Իսրայէլի հետ համաձայնութիւնը ամօթալի է եւ իսլամական ժողովուրդին ու Պաղեստինեան դատին դաւաճանութիւն:

Օման եւ Պահրէյն զօրակցութիւն յայտնեցին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ-Իսրայէլ համաձայնութեան, իսկ Գերմանիա յայտնեց, որ ատիկա շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման կարեւոր նպաստ մըն է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Իսրայէլի` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ վերջերս կնքած յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութեան ծիրին մէջ բռնագրաւեալ Այսրյորդանանէն լայն բաժիններու վրայ իր գերիշխանութիւնը տարածելը առկախելը կարեւոր երեւոյթ է»:

Եւրոպական յանձնաժողովը ողջունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութիւնը` զայն նկատելով «ի շահ երկու երկիրներուն եւ Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան ամրապնդման նպաստող»:

Յանձնաժողովի բանբերը աւելցուց. «Մենք յանձնառու ենք երկու պետութիւններ լուծումին եւ պատրաստ ենք իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ բանակցութիւններու վերսկսման համար աշխատելու»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել յայտնեց, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները պէտք է ամբողջովին հրաժարին Այսրյորդանանէն բաժիններ կցելու որոշումէն` բնականոնացման համաձայնութեան ծիրին մէջ կցման առկախման վերաբերեալ Թել Աւիւի որոշումը նկատելով «դրական քայլ»:

Map of the Ancient World Rome and Armenia – In this map you can find where the Ottoman Empire you mentioned is

aztagdaily.com/archives/480644

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail