ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Թուրքիոյ Բան-Թուրանական ձգտումներուն հետեւանքները Չինաստանի համար
15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
28 յուլիս 2020-ին «Գոլոս Արմենի» թերթը հրատարակեց չինացի փրոֆէսէօր՝ քաղաքագիտութեան դոկտոր, «Իսթ Չայնա Նորմալ (ուսուցիչներու) համալսարան»-ի «Կեդրոնական Ասիա Կեդրոն»-ի փոխ տնօրէն՝ Ուանկ Հայտոնկի յօդուածը. «Թուրքիոյ Բան-Թուրանական ձգտումները. հետեւանքները Չինաստանի համար» խորագիրով ռուսերէն յօդուածը (1): «Լուսաւոր Աւետիս» կայքէջը 1 օգոստոս 2020-ին անգլերէն թարգմանութիւնը հրատարակեց (2): Ստորեւ, կը ներկայացնեմ «Յուլիսեան պատերազմ»-ին վերաբերող այս ուշագրաւ յօդուածին հայերէն թարգմանութիւնը, աւելցնելով նկար եւ քարտէս մը: Պէտք է նշել, որ թրքախօս պետութիւններուն վերջին խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ 6 փետրուար 2020-ին Պաքուի մէջ. առ այժմ Թուրքմենիստանը եւ Տաճիկիստանը կը մերժեն մասնակցիլ սոյն կազմակերպութեան:
«2002-ի վերջաւորութեան Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թրքական «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութիւնը իշխանութեան հասնելով՝ ձեռնարկեց Թուրքիոյ փառատենչ կերպարանափոխութեան: Էրտողանի ռազմավարութիւններէն մէկն էր՝ վերականգնել Թուրքիոյ առաջնորդի դիրքը Սիւննի իսլամ աշխարհին եւ շրջանային գերիշխանութիւն հաստատել Միջին Արեւելքի մէջ:
«Ներկայիս, Թուրքիան աշխոյժ կերպով կը մասնակցի սուրիական եւ լիպիական բախումներուն՝ հակամարտութիւններուն, զինուորական խարիսխ հաստատած է Քաթարի եւ Սուտանի մէջ, եւ բուռն մրցակցութեան մէջ է Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ:
«Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն են Հարաւային Կովկասը եւ Կեդրոնական Ասիան, ուր Թուրքիան կը ձգտի զօրացնել իր ազդեցութիւնը նորանկախ թրքալեզու պետութիւններուն վրայ:
«Նոյնիսկ Էրտողանի իշխանութենէն առաջ, Թուրքիան աշխոյժ էր շրջանին մէջ, հաստատելով ռազմավարական յարաբերութիւններ Ազրպէյճանի հետ եւ ընդլայնելով տնտեսական կապերը Ղազախիստանի, Խըրխըզիստանի Թիւրքմենիստանի եւ Իւզպէքիստանի հետ: Էրտողանը շարունակեց այս քաղաքականութիւնը եւ, հետաքրքրականօրէն, Միացեալ Նահանգները լրիւ կերպով նեցուկ կանգնեցան Թուրքիոյ՝ Հարաւային Կովկաս եւ Կեդրոնական Ասիա անոր ներխուժումին, այն նկատառումով, որ Թուրքիոյ աճող ազդեցութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ Չինաստանի դէմ իր մարտավարութեան:
«Ազրպէյճանը Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիոյ ռազմավարական դաշնակիցն է: Անոնք ցեղային եւ լեզուական նմանութիւններ ունին, որոնք լուսարձակի տակ առաւ Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւ, «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» նշանաւոր կարգախօսով:
«Սակայն, Անգարայի եւ Պաքուի ռազմավարական յարաբերութիւնը աւելի լայն լռելեան իմաստ ունի: 2009-ին, երկու երկիրները կորիզն էին թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի ստեղծումին: Միջ կառավարական կազմակերպութիւն մը, որ կը միացնէ Ազրպէյճանը, Թուրքիան, Ղազախիստանը, Խըրխըզիստանը եւ Իւզպէքիստանը, իբրեւ լիիրաւ անդամներ, իսկ Հունգարիան իբրեւ դիտորդ:
«Այս կազմակերպութիւնը մարմնացումն է Թուրքիոյ ձգտումին, երազին՝ ապահովելու համար իր մարտավարական ազդեցութիւնը Կեդրոնական Ասիոյ մէջ եւ թրքախօս երկիրներուն կարողականութիւնները միացնելու:
«Վերջերս, Միացեալ Նահանգները աշխուժօրէն կը գործածէին Ույղուրներուն հարցը (թրքախօս իսլամ ցեղ*), իբրեւ ճնշումի գործիք Չինաստանի դէմ: 17 յունիս 2020-ին, նախագահ Թրամբ ստորագրեց «2020 Ույղուր մարդկային իրաւանց օրէնք»-ը, որ կը լիազօրէ չինացի պաշտօնատարներու դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներ սահմանել:
«30 յունիս 2020-ին, «Ամերիկեան միջազգային կրօնական ազատութիւններու յանձնաժողով»-ը հռչակեց, թէ Չինաստանի կառավարութեան կողմէ ույղուրներուն եւ այլ իսլամներուն վերահսկողութեան քայլերը, կրնան համապատասխանել ցեղասպանութեան միջազգային օրէնքի պայմաններուն:
«Չինաստանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս կը մերժէ բոլոր այս անհիմն ամբաստանութիւնները եւ կը հաւատայ, որ Միացեալ Նահանգներու այս քննադատութիւնը չի համապատասխաներ իրողութեան, եւ կոպիտ միջամտութիւն է ինքնիշխան պետութեան մը ներքին գործերուն:
«Այս բնաբանին մէջ, Միացեալ Նահանգները պատրաստ է գործածել Թուրքիոյ աճող ազդեցութիւնը Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, եւ թրքալեզու պետութիւններու խորհուրդին միջոցաւ՝ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ հակա-Չինաստան տրամադրութիւններ հրահրելու եւ Զինեանկի մէջ անկայունութիւն ստեղծելու համար:
«Սակայն, Թուրքիան ընդհանուր սահման չունի թրքալեզու մնացեալ երկիրներուն հետ, եւ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը արգելք կը հանդիսանան այս ծրագիրին:
«Այժմ, Թուրքիան շուրջ 10 քմ հողային սահման ունի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ, ազրպէյճանի հոգատարութեան ենթակայ՝ Հայաստանի եւ Իրանի կողմէ շրջապատուած: Մինչ այդ, Հայաստանն ու Նակորնօ-Ղարաբաղ (Արցախ*) շրջանը կ՛անջատեն Նախիջեւանը Ազրպէյճանէն շուրջ 180 քմ հողամասով (45 քմ Հայաստան եւ 135 քմ Նակորնօ-Ղարաբաղ):
«Զարմանալի չէ, որ Թրքախօս պետութիւններու Համագործակցութեան Խորհուրդին առաջին վեհաժողովը տեղի ունեցաւ Նախիջեւանի մէջ, եւ շատ յաճախ ազերի իշխանութիւնները կը խօսին, թէ Հայաստանն ու Նակորնօ-Ղարաբաղը միակ խոչընդոտներն են թրքական աշխարհը միաւորելու՝ Թուրքիայէն մինչեւ Չինաստանի սահմանները:
«Վերջերս տեղի ունեցած Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանին ընդհարումները, որ սկսաւ 12 յուլիսին՝ այս բնաբանին մէջ պէտք է տեսնել: Բառացի կերպով, սահմանային զինեալ բախումներուն առաջին ժամերուն իսկ, թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կապուեցաւ իր ազերի պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւին հետ, եւ պաշտպանութեան նախարար Հալուսի Աքար՝ ազերի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ: Ապա, Աքար յայտարարեց, որ թրքական զինեալ ուժերը պատրաստ են օժանդակելու Ազրպէյճանին, «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքին համաձայն:
«16 յուլիս 2020-ին Ազրպէյճանէն ռազմական պատուիրակութիւն մը, պաշտպանութեան փոխնախարար զօրավար-տեղակալ Ռամիզ Թայիրովի գլխաւորութեամբ, Անգարա ժամանց խորհրդակցութիւններու համար: Պաքուի պատուիրակները ընդունելով՝ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հալուսի Աքար խոստացաւ Ազրպէյճանին տրամադրել բոլոր անհրաժեշտ օժանդակութիւն:
«17 յուլիս 2020-ին, Անգարայի մէջ ռազմական արդիւնաբերութեան նախարար Իսմայիլ Տէմիր, ընդունեց Ռամիզ Թայիրովը եւ Առանձին միաւորուած սպառազինութիւններու բանակի հրամանատար (Նախիջեւանի մէջ գտնուող)՝ Քյարամ Մուստաֆաեւին:
«Թուրք նախարարը նշեց, որ Թուրքիոյ ռազմական ճարտարարուեստը՝ անօդաչու թրջող սարքեր, հրթիռներ, էլեկտրոնային սարքեր եւ այլ ճարտարագիտութիւններ, Ազրպէյճեանի տրամադրութեան տակ են: Ազրպէյճեանին նոր զինատեսակներ տրամադրելու կողքին, Թուրքիան պատրաստ է արդիականացնել գոյութիւն ունեցողները եւ միացեալ արտադրութեան ձեռնարկել:
«Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ աճող ռազմական համագործակցութիւնը ոչ միայն վտանգ կը ներկայացնէ Հայաստանի համար, այլեւ, ընդհանուր առմամբ կը բարդացնէ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ:
«Հայաստանը աշխարհագրական առումով, Թուրքիան կը բաժնէ թրքալեզու մնացեալ երկրներէն, ունենալով մասնայատուկ դիրք եւ դեր՝ Կեդրոնական Ասիոյ եւ Չինաստանի Զինեանկի ինքնավար մարզին մէջ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովելու գործին մէջ: Այլապէս, Թուրքիան պիտի ստեղծէ միահամուռ ազդեցութեան գօտի մը, տարածուելով Թուրքիայէն Կեդրոնական Ասիա՝ մինչեւ Չինաստանի սահմանները:
«Այս մէկը սպառնալիք է Չինաստանի ազգային շահերուն, քանի որ Միացեալ Նահանգները այս գօտին՝ Զինեանկի մէջ անկայունութիւն հրահրելու համար պիտի գործածէ:
«Ուստի, Չինաստանի եւ Հայաստանի ազգային շահերը կը համընկնին՝ դիմադրելով Թուրքիոյ բան-թուրանական ձգտումներուն Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ»:
Ուանկ Հայտոնկ
6 օգոստոս 2020
6 օգոստոս 2020
—————–
(2) http://lousavor-avedis.org/?p=31809
aztagdaily.com/archives/480408