ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիր 100-ամեակ Ե. Միացեալ Հայաստանի Անկախութեան Տօնակատարութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիր 100-ամեակ Ե. Միացեալ Հայաստանի Անկախութեան Տօնակատարութիւնը

15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Վերոնշեալ խորագիրով, 21 օգոստոս 1920-ին ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յառաջ»-ը Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան լուրը կը հաղորդէ, որուն մասին արդէն գրած էի (1), նաեւ հետեւեալ թղթակցութիւնը կը կատարէ, որ արեւմտահայերէնով կը ներկայացնեմ.

1. Միացեալ Հայաստանի Անկախութեան Տօնակատարութիւնը, «Յառաջ» 21-8-1920:

«Հինգշաբթի 19 օգոստոս 1920-ին Երեւանը կը տօնէր Միացեալ Հայաստանի դաշնագիրի ստորագրումը:

«Կանուխ առաւօտուն, քաղաքը ստացած էր տօնական բնոյթ: Պետական, հասարակական հիմնարկութիւնները եւ տուները զարդարուած էին եռագոյն դրօշներով: Պետական, առեւտրական եւ այլ հիմնարկութիւնները փակ էին:

«Ժամը 10-ին պարէտային վարչութեան հրապարակ եկան զօրամասերը, երաժշտախումբի նուագով:

«Քիչ ետք եկան նաեւ նոր համազգեստներ հագած սկաուտները:

«Գրեթէ ամբողջ ազգաբնակչութիւնը հաւաքուած էր հրապարակին մէջ՝ հակառակ տաքին:

«Ժամը 10-ին ժամանեցին զինուորական նախարարին օգնական՝ զօրավար (Յովհաննէս*) Հախվերտեանը, ընդհանուր հրամանատար զօրավար (Թովմաս*) Նազարբէկեանը եւ զօրավար (Մովսէս*) Սիլիկեանը, որոնց գալուստը նուագով եւ կեցցէ՛ներով ողջունուեցաւ:

«Քանի մը րոպէ ետք ժամանեցին նախարարապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանջանեանը եւ զինուորական նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանը: Ողջոյնի նուագէն ետք, նախարարապետը ողջունեց զօրքն ու ժողովուրդը, որոնք երկարատեւ կեցցէ՛ներով դիմաւորեցին (զայն*):

«Հրապարակ ժամանեցին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան կոմիտէի (ամերիկեան*) ներկայացուցիչները՝ պր. Վիքրի, բժ. Աշէր, բժ. Ֆոսսում եւ ուրիշներ:

«Զօրահանդէսի վայրը հաւաքուած էին պետութեան քաղաքային եւ գաւառային ինքնավարութիւններու, հասարակական հիմնարկութիւններու ներկայացուցիչները եւ սպայական կազմը:

«Զօրահանդէսէն առաջ, վարչապետ Օհանջանեան ճառով մը բացատրեց օրուան խորհուրդը.

«Հայաստանի քաջարի բանակ եւ քաղաքացիներ: Կը մօտենայ մեր դարաւոր իղձերու վերջնական իրականացումը: Մենք պաշտօնական տեղեկութիւն ստացանք, որ 10 օգոստոսին, Սեւրի մէջ ստորագրուած է տաճկական դաշնագիրը, որուն միջոցով ճանչցուած է նաեւ Միացեալ Անկախ Հայաստանը (երկարատեւ կեցցէ՛ներ):

«Մենք վաղուց արդէն մէկ մարմին ու մէկ հոգի դարձած՝ ամբողջացած էինք:

«Բաժանումը (Հայաստանի*) բռնի էր եւ արեամբ կը պահպանուէր:

«Այժմ, մեզի համար նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուին եւ շուտով հնարաւորութիւն կ՛ունենանք մեր այժմու սահմաններուն կցել նաեւ Տաճկաստանի հայկական գաւառները:

«Հայ ժողովուրդը վերջին 30-40 տարուան ընթացքին, ամէն ինչ տուած է այս օրուան հասնելու համար: Այս օրուան յաղթանակով, մենք պարտական ենք այն ազնիւ զաւակներուն, որոնք այս նպատակին համար իրենց կեանքը չխնայեցին: Անոնց սուրբ յիշատակին՝ մեր գլուխները կը խոնարհեցնենք:

«Սակայն մենք այս իրագործումին հասանք նաեւ, մեր քաջարի բանակին եւ վերջին տարիներուն անոր թափած եռանդին շնորհիւ:

«Ո՛չ մէկ բանակ չէ կռուած այնպէս, ինչպէս մեր բանակը, ո՛չ մէկ զինուոր չէ պաշտպանած իր հայրենիքը այնպէս ինչպէս մեր զինուորը եւ սպան: (Երկարատեւ կեցցէ՛ներ, որ կը վերածուի մեծ ցոյցի):

«Կեցցէ՛ն մեր դաշնակիցները, որոնք նպաստեցին մեր գործին: (Կեցցէ՛ներ):

«Եւ վերջապէս, կեցցէ՛ մեր ժողովուրդը, որ կարողացաւ տանիլ վերջնական յաղթանակը»:

«Վարչապետին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ զօրահանդէս, որ (շարժուն*) լուսանկարուեցաւ: (Կարելի չեղաւ գտնել այս ժապաւէնը, ֆիլմը*):

«Զօրահանդէսէն ետք, ժամը 11:30-ին ՀՅԴ տան առջեւ միթինկ (քաղաքական ժողովրդային հաւաք) սկսաւ, ուր եկան բազմահազար ժողովուրդը եւ սկաուտները:

«ՀՅԴ տան պատշգամէն  ընկ. Ա. Ատոմեան միթինկը բացուած յայտարարեց: ՀՅԴ-ի կողմէ խօսք առաւ ընկ. Սահակ Թորոսեանը, որ օրուան իմաստը ճառախօսելէ ետք, հաւատք յայտնեց, որ հայ աշխատաւոր ժողովուրդը կայ, կը մնայ ու հայ գիւղացիներուն ստեղծած պետութիւնը կը բարգաւաճի:

«Ան խօսեցաւ հայ ազատագրման շարժումին, անոր ծագումին եւ հերոսներուն մասին, բնորոշեց 900 տարի հայ ժողովուրդին վրայ տիրածներուն սեւ եւ աւերիչ գործը:

«Ի վերջոյ, կոչ ըրաւ կրկնապատկել մեր ուժերը եւ այդպիսով փաստօրէն, իրար միացնել հայկական գաւառները՝ ամբողջացնելու Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը»: Ընկ. Թորոսեանի ճառը կ՛ընդհատուէր երկարատեւ ծափահարութիւններով եւ կեցցէ՛ներով:

«Ընկ. Սահակ Թորոսեանի ճառէն ետք խօսք առաւ Սոցեալ Յեղափոխականներու կուսակցութեան ներկայացուցիչ՝ ընկ Վ. (Վահան*) Մինախորեանը: Ան իր կուսակցութեան կողմէ ողջունեց օրուան տօնը եւ ըսաւ, թէ իրենք կ՛ողջունեն հայ զօրքին երթը դէպի Տաճկահայկական գաւառները: Կատարուածը պէտք չէ չափազանցել: Եթէ ստորագրուած դաշնագիրին պայմանները չիրականացուին, պայմանագիրը կը մնայ սոսկ թուղթի կտոր, որոնց նմանները մեր ժողովուրդը շատ տեսած է, եւ որոնց գինը շատ լաւ գիտէ:

«Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ «Կեցցէ առաջին հայ զինուորը որ պիտի մտնէ Տաճկահայաստանի գաւառները»:

«Ապա խօսք առաւ «Յառաջ»-ի խմբագրութեան կողմէ ընկ. Արսէն Միքայէլեանը. «Այսօր նշանաւոր օր է մեր պատմութեան մէջ, որովհետեւ մենք երկո՛ւ յաղթանակ է, որ կը տօնենք – մեր անկախութեան ձեռք բերելը եւ մեր դարաւոր թշնամիին վրայ յաղթանակը: Այս երկուքն ալ պարզ ապացոյցներ են հայ ժողովուրդի կամքին, տոկունութեան, յեղափոխական ոգիին եւ քաղաքական գիտակցութեան:

«Մեր այս ազատութեան տօնախմբութեան պահուն իսկ, մենք տակաւին պայքարի մէջ ենք, եւ Կիլիկիոյ մէջ մեր քաջարի լէգէոնականները, ինչպէս վերջին հեռագիրը կը հաղորդէր, փառաւոր յաղթանակներ տարած են քեմալականներուն դէմ՝ սպանելով անոնցմէ 400 զինուոր եւ գերի առնելով՝ 300: (Բուռն եւ երկարատեւ ծափեր):

«Այսօր պատմական օր է նաեւ անով, որ այլեւս մեր մէջ հատուածական տարբերութիւնները կը դադրին՝ տաճկահայ-ռուսահայ հոգեբանութիւններն ու հակառակութիւնները:

2. Տօնակատարութեան ընթացքին արտասանուած ճառերէն «Յառաջ» 21-8-1920:

«Երդուե՛նք բոլորս այս սրբազան օրով, որ այսուհետեւ կ՛ապրինք իբրեւ հայ, կը պայքարինք իբրեւ հայ, մէկդի դնելով բոլոր անհասկացողութիւնները:

«Բարձրաձայն կոչենք, կորչի՛ Տաճկաստանը, կորչի՛ Ռուսաստանը եւ կեցցէ՛ Միացեալ Հայաստանը»: (Երկարատեւ ծափեր):

«Ընկ, Արսէն Միքայէլեանի ճառէն ետք խօսք առաւ Հայաստանի Սոցիալ-դեմոկրատ կուսակցութեան ներկայացուցիչը: (Անոր խօսքը չէ նշուած*):

«(Մինչ այդ*) հասարակութեան մէջ կը ցրուէին Փարիզի հայկական պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեանի հեռագիրը (թռուցիկ պատճէնը*), որ առանձին գրուած է այս համարին մէջ:

«ՀՅԴ տան առջեւէն միթինկը յառաջացաւ Աբովեան փողոցէն դէպի ամերիկեան ներկայացուցչութեան տունը, ուր հազարաւոր ամբոխը ի պատիւ (Միացեալ Նահանգներուն*) ցոյցերով պատուեց պարոն Վիքրին (Charles Vickrey*) եւ միս ամերիկացիները:

            «Միթինկին կողմէ ողջոյնի խօսք ուղղուեցաւ պարոն Վիքրիին, որ Ամերիկայէն նոր եկած էր, եւ ի պատասխան՝ ան շնորհակալութիւն յայտնեց խանդավառ ընդունելութեան համար, որուն արժանացաւ Հայաստանի սահմանները մտնելէն ի վեր:

            «Պարոն Վիքրիին խօսքը, որ կ՛ընդհատուէր հայկական եւ ամերիկեան քայլերգներու նուագով, մեծ խանդավառութեամբ ընկալուեցաւ:

            «Միթինկի վերջաւորութեան խօսք առին հայ Ռամկավար եւ Ժողովրդական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները եւ խորհրդարանի անդամ ընկ. Գ. (Գառնիկ*) Քեալաշեանը:

«Ժամը 1-ը (13:00*) անց միթինկը աւարտեցաւ»:

10 օգոստոս 2020

 

* Լուսաբանութիւնները իմս

(1)  http://www.aztagdaily.com/archives/407575

aztagdaily.com/archives/480501

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail