ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Անդրադարձ – Թրքական Վտանգը Կ՛աշխուժացնէ Ֆրանսան – Թրքական Վտանգը Կ՛աշխուժացնէ Ֆրանսան
15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ իր երկիրը` գործակցաբար եւրոպացի գործընկերներու հետ, ներառեալ` Յունաստանը, ժամանակաւորապէս պիտի աւելցնէ Միջերկրական ծովուն մէջ իր ներկայութիւնը: Ան այս մասին յայտարարեց Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէ մը ետք` շեշտելով, որ Թուրքիան պէտք է վերջ տայ արեւելեան Միջերկրականի շրջանին մէջ քարիւղի եւ բնական կազի պեղման միակողմանի աշխատանքներուն` այդպիսով ընդգծելով ֆրանսական քայլին գլխաւոր նպատակը:
Միջերկրական ծովուն մէջ ֆրանսական ծովուժի ներկայութեան յաւելման քայլին թիրախը Թուրքիան է, իսկ նպատակը` անոր զսպումը: Ֆրանսական ներկայութեան ամրապնդումը բնականաբար նաեւ կը վերաբերի միջերկրականեան այլ շրջաններու` Լիպիոյ եւ Լիբանանին: Վերջինիս պարագային Անգարա կը փորձէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը շահագործելով մեծ շահեր ապահովել:
Թուրքիան Պէյրութի մէջ պատահած ահաւոր պայթումէն անմիջապէս ետք առաջարկեց վերանորոգել նաւահանգիստը: Նոյնպիսի առաջարկներ ներկայացուցած են Ֆրանսան, Չինաստանն ու Քաթարը, իսկ Իրան պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու վերակառուցման աշխատանքին: Այս առումով Չինաստանի ընտրանքն ու վերակառուցման իրանեան մասնակցութիւնը կտրուկ կերպով կը մերժուին Միացեալ Նահանգներու կողմէ, իսկ Թուրքիոյ ու Քաթարի ընտրանքները թէեւ Ուաշինկթընի համար մասամբ ընդունելի կրնան ըլլալ, սակայն անոնք կ՛արժանանան Արաբական ծոցի շրջանի երկիրներու բուռն մերժումին:
Մաքրոնի այցելութենէն երկու օր ետք, 8 օգոստոսին Լիբանան այցելեց նաեւ Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայը` ընկերակցութեամբ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի: Մինչ վերջիններս միայն մէկ ժողովրդային հանդիպում ունեցան աղէտէն վնասուած տարածքի սիրտը չեղող երկրորդական թաղի մը մէջ, այդ ալ ծագումով թուրք եւ թիւրքմեն փոքրաթիւ քաղաքացիներու հետ, Ֆրանսայի նախագահը այցելեց պայթումէն մեծապէս վնասուած թաղեր, ուր արժանացաւ ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան:
Մինչ թրքական պատուիրակութեան հանդիպումը կազմակերպուած էր Թուրքիոյ դեսպանատան կողմէ, Մաքրոնի հանդիպումները անմիջական ու ոչ կազմակերպուած բնոյթ կը կրէին եւ լուսարձակները կեդրոնացուցին իրենց վրայ: Մաքրոնի փայլուն յաջողութիւնը շուքի մատնեց երկու օր ետք տեղի ունեցած ներթրքական հանդիպումը: Ի տես այդ իրողութեան, Օքթայ օրեր ետք` 11 օգոստոսին թրքական «Սապահ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին Անգարայի զայրոյթը, յուսախաբութիւնն ու նախանձը արտայայտելով Մաքրոնը կոչեց «շփացած պատանի», իսկ անոր Լիբանան այցելութիւնը նկատեց գաղութատիրութեան ցուցանիշ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին 13 օգոստոսին` Մաքրոնի Պէյրութ այցելութենէն մէկ շաբաթ ետք յայտարարեց. «Լիբանան կը գտնուինք մեկնելով եղբայրութեան յաւիտենական կապերէն, եւ այդտեղ չենք լուսանկարուելու կամ տեսախցիկներու դիմաց ցուցադրութիւն կատարելու համար, ինչպէս ոմանք կ՛ընեն»` այդպիսով ընդգծելով Ֆրանսայի նախագահին արժանացած ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան ու արձանագրած քարոզչական յաջողութեան նկատմամբ թրքական կողմին ջղագարութեան տարողութիւնը: Այլ հարց, թէ թրքական նահանգներու մէջ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան մասնաճիւղերու ղեկավարներու ժողովի ընթացքին ձախողութիւնը իբրեւ յաջողութիւն ներկայացնելով Էրտողան ըսաւ, թէ լիբանանցի ժողովուրդը թրքական պատուիրակութիւնը ողջունելով Թուրքիոյ նկատմամբ իր սէրը արտայայտած է` աւելցնելով .«Լիբանանի ժողովուրդին թրքական պաշտօնական պատուիրակութեան ողջունումը, թրքական ու լիբանանեան դրօշներ պարզելն ու բացագանչելը երկու կողմերուն միջեւ արմատացած եղբայրութեան տարողութեան փաստն է»:
Մաքրոն Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին նշեց. «Եթէ Ֆրանսան իր դերակատարութիւնը չկատարէ, լիբանանեան ներքին հարցերուն պիտի միջամտեն իրանցիները, թուրքերն ու սէուտցիները, որոնց տնտեսական ու աշխարհաքաղաքական շահերը հաւանական է, որ ի վնաս լիբանանցիներուն ըլլան»: Այն տպաւորութիւնը ստեղծելով, թէ ի տարբերութիւն նշեալներուն` ֆրանսական միջամտութիւնը պարզապէս Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդի նկատմամբ սիրոյ արտայայտութիւն է, այլասիրական ու ոչ շահադիտական է եւ զուտ բարեգործական նպատակներու համար: Այստեղ պէտք է նշել, թէ Ֆրանսայի նախագահը սխալ գործեց թիրախաւորելով Սէուտական Արաբիան ու Իրանը, որոնց աջակցութեան պիտի կարօտի անկասկած` յաջողցնելու համար իր ծրագիրը:
Իրադարձութիւնները` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան¬Իվ Լը Տրիանի, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլիի Լիբանան իրերայաջորդ այցելութիւնները, պաշտօնական հանդիպումները, Մաքրոնի այցելութեան առիթով քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու ֆրանսական դեսպանատան մէջ համախմբումն ու նոր կառավարութեան կազմութեան ու քաղաքական նոր ուխտի մը ձեւաւորման հարցերով ֆրանսական նախաձեռնութիւնները ցոյց կու տան, թէ լիբանանեան կացութեան կարգաւորումը իր նախագահական ընտրութեան օրակարգով զբաղած ամերիկեան կողմի օրհնութեամբ վստահուած է Լիբանանի «գթասիրտ մօր»:
Տուեալ պայմաններուն մէջ պարզ է, որ Փարիզ թրքական կողմէն որեւէ ոտնձգութիւն պիտի չհանդուրժէ, ուստի եւ պիտի չընդունի, որ Պէյրութի նաւահանգիստի վերակառուցման աշխատանքը ստանձնէ Թուրքիան կամ անոր դաշնակից Քաթարը: Ֆրանսա պիտի ուզէ ինք ստանձնել այդ պարտականութիւնը` հաւանաբար դաշնակցելով Լիբանանի մէջ ազդեցիկ պետութեան մը կամ պետութիւններու հետ:
Միջերկրականի աւազանի երկիրներուն մէջ թրքական վտանգը աշխուժացուցած է Ֆրանսան, որ չի կրնար հանդուրժել իր նախկին գաղութի` ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան հիմնադիր անդամ ու ֆրանսական մշակութային տարածքին մաս կազմող Լիբանանի մէջ թրքական նկրտումները:
aztagdaily.com/archives/480510