ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Օգոստոսի 11 – Նաւասարդի 1. Հայոց նախաքրիստոնէական շրջանի տօնացոյցին այսօրուան զոյգ խորհուրդները՝

Օգոստոսի 11 - Նաւասարդի 1. Հայոց նախաքրիստոնէական շրջանի տօնացոյցին այսօրուան զոյգ խորհուրդները՝

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Օգոստոսի 11 – Նաւասարդի 1. Հայոց նախաքրիստոնէական շրջանի տօնացոյցին այսօրուան զոյգ խորհուրդները՝

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

Օգոստոսի 11 – Նաւասարդի 1.

Հայոց նախաքրիստոնէական շրջանի տօնացոյցին այսօրուան զոյգ խորհուրդները՝

– Հայոց Նոր Տարուան առաջին օրը
– Հայկ Նահապետի յաղթանակը Բէլի դէմ

11 Օգոստոս 2020 – Ն. Պէրպէրեան

11 Օգոստոսը հին հայոց ազգային տօնացոյցին ամէնէն կարեւոր Օրը եղած է, տօնակատարուած է իբրեւ Նաւասարդի 1ը՝ իբրեւ հայոց հեթանոսական շրջանի Նոր Տարուան առաջին օրը, որ յատկանշուած է տարուան մեծագոյն տօնախմբութիւններով, մարզական ու գեղարուեստական մրցանքներով, ժողովրդային խրախճանքներով եւ հին աստուածներուն մատուցուած գոհաբանութիւններով ու օրհնանքով։

Թէեւ դարերէ ի վեր Նաւասարդի 1ը եւ Հայկական Տոմարի շարժական ժամանակացոյցով անոր համապատասխանող Օգոստոս 11ը արդէն յանձնուած են մոռացութեան, այսուհանդերձ՝ ինչպէս հեթանոսական շրջանի հայկական շատ մը ուրիշ տօներ, Քրիստոնէութեան պետական կրօն ընդունումէն ետք ալ Նաւասարդի 1ը երկար ժամանակ տօնուեցաւ մեր ժողովուրդին կողմէ, հին ժամանակներու ոգեւորութեամբ ու աւանդական տօնախմբութիւններով։

Նոյնիսկ 20րդ դարասկիզբին եկաւ ժամանակաշրջան մը, երբ վերազարթնող հայութիւնը Հայաստան Աշխարհի տարածքին վերակենդանացուց Նաւասարդի տօնը՝ անոր վերադարձնելով հայոց ազգային արմատներուն կառչելու եւ Հայկական Աւանդոյթը վերաթարմացնելու տօնական օրուան խորհուրդը։

Այդպէ՛ս ստեղծուեցաւ եւ մինչեւ մեր օրերը կը պահպանուի «Նաւասարդեան Խաղեր»ու աւանդութիւնը։

Ա՛յդ ոգիին պերճախօս արտայայտութիւնը եղաւ, նաե՛ւ, անմահն Դանիէլ Վարուժանի հռչակաւոր «Նաւասարդեան» քերթուածը.

Հանճա՛րդ Հայկեան, Նաւասարդեան սա տօներուն
Արեւափառ՝
Ա՛լ վերածնէ փլատակներէն, եւ փառագոչ
Քնարըդ ա՛ռ։

Յանո՛ւն Ուժին, յանո՛ւն Գեղին, մտիր մեհեանն
Աստուածներուն.
Ջահը ձեռքիդ՝ բագնէ բագին համասըփռէ՛
Հուր ու արիւն։

Եւ բարձրացուր Անահիտի ծիծերն ի վեր
Բաժակդ նուռ,
Յետոյ զոհուող քերթողներուն սըրտին վրայ
Լեցո՛ւր, լեցո՛ւր։

Զի մենք, յանուն Սէրին, Սերմին, քու հին Ցեղիդ
Մարմարէն կոյս,
Մե՛նք, Զաւակներդ օգոստափառ, պիտի կերտենք
Նո՜ր Արշալոյս։

*
* *

Մեր օրերուն, Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, պարբերաբար լսելի կը դառնան եւ հետզհետէ աւելի պահանջկոտ շեշտ կը ստանան այն ձայները, որոնք կ՚առաջադրեն վերականգնել 11 Օգոստոսի տօնական նշանակութիւնը՝ իբրեւ Հայ Ազգային Ինքնութեան Օրը։

Տասնամեակ մը առաջ նոյնիսկ այդ իմաստով Հ.Հ. Ազգային Ժողովին ներկայացուեցաւ օրինական նախաձեռնութիւն մըն ալ, բայց որ չորդեգրուեցաւ, որովհետեւ հակասութիւններ կ՚առաջացնէր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հաստատած Ազգային-Կրօնական Տօնացոյցին հետ։

Հարցը վերջնականապէս փակուած չէ անշուշտ։

Օգոստոս 11ը Հայ Ազգային Ինքնութեան Օր հռչակելու պահանջին կողմնակիցները ոչ միայն տարուան այս օրը կը հաւաքուին Գառնիի տաճարը եւ իւրովի կը տօնեն Նաւասարդի 1ը, այլեւ՝ կը շարունակեն պատմագիտական ու հնագիտական նորանոր փաստերու հաւաքումով ու մեկնաբանութեամբ հիմնաւորել իրենց առաջադրանքը։

Նաեւ՝ Հայկական Տոմարի հիման վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններով, Օգոստոս 11ը պետական տօն հռչակելու պահանջին պաշտպանները ճշգրտած են, թէ նոյն այս օրուան կը զուգադիպի Հայկ Նահապետի տարած յաղթանակը Բէլի դէմ.
– «Ըստ աւանդոյթի, Հայկ Նահապետը Հայոց Ձոր գաւառում սպաննել է բռնակալ Բէլին՝ ազատութիւն պարգեւելով իր տոհմին ու յետնորդներին: Այդ յաղթութիւնը տեղի է ունեցել մ.թ.ա. 2492թ. Օգոստոսի 11ին»:

Ինչ որ ալ ըլլայ աւարտը Օգոստոս 11ի պետական տօն հռչակման բանավէճին, պատմական անվիճելի ճշմարտութիւն է եւ հայոց ազգային աւանդութեանց անկորնչելի մասը կը կազմէ Նաւասարդի 1ը (Օգոստոս 11ը)։

*
* *

Հանրագիտական տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ՝
«Նաւասարդը Հայկական Տոմարի առաջին ամիսն է. կազմուած է պարթեւերէն «նաւ» (նոր) եւ «սարդ» (տարի) բառերից ու նշանակում է նոր տարի: Նաւասարդ ամիսն ունեցել է 30 օր, սկսուել է Օգոստոսի 11ին եւ վերջացել Սեպտեմբերի 9ին: Հին հայերի համար Նաւասարդի 1ը (Օգոստոսի 11ը) եղել է ժողովրդական խրախճանքների տօն»։

Հանրագիտարանները նաեւ կը տեղեկացնեն, որ Նաւասարդեան օրերը հայերս կը տօնէինք առանձնայատուկ շուքով, որովհետեւ Նաւասարդը կը համարուէր տարուան ամէնէն հանդիսաւոր եւ ուրախալի տօնը։ Հին հայոց Նոր Տարին կը սկսէր Նաւասարդի մէկին (Օգոստոս տասնըմէկին) ու կը տեւէր մէկ շաբաթ։ Հայկական բոլոր ընտանիքներու մէջ Նաւասարդը կը դիմաւորէին մեծ խրախճանքով։

Այդ օրը իւրայատուկ կերակուրներ եւ ուտելիք կը պատրաստուէին։

Ճոխ սեղաններ կը բացուէին եւ ընտանիքի բոլոր անդամները ուրախութեամբ ու օրհնանքով կը դիմաւորէին Նաւասարդը։
Կար նաեւ այդ օրը տան մուտքին տոպրակ կախելու սովորութիւն։

Երդիքներէն կը կախէին նաեւ գոյնզգոյն գուլպաներ՝ այն ակնկալութեամբ, որ անոնց մէջ Նոր Տարուան նուէրներ կը յայտնուին։

Նաւասարդեան օրերը փաստօրէն կը կրէին ազգային-ժողովրդական ցնծութեանց բնոյթ։ Այդ օր կ՚իշխէին զուարճութիւնը, տօնահանդէսները, երգն ու պարը։ Կը մեծարուէին Անահիտ ու Աստղիկ աստուածուհիները, ինչպէս նաեւ Վահագն դիւցազնը, որոնք հայ ժողովուրդին մօտ բարի համբաւ ունէին։

Ամբողջ ազգի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կատարուած տօնախմբութիւնները տեղի կ՚ունենային պատմական Հայաստանի նախ Բագաւան, ապա՝ Աշտիշատ քաղաքներուն մէջ։
Այդ քաղաքներու ընտրութիւնը պատահական չէր, որովհետեւ հին հայերուն մօտ տիրական եղած է պաշտամունքը ջուրի եւ գետի նկատմամբ։

Ամէնէն աւելի նուիրական գետը եղած է Արածանին, որու ափունքին կառուցուած էին հայոց հինաւուրց եւ նշանաւոր դիցաւանները՝ Բագաւանն ու Աշտիշատը։

Նաւասարդի օրերուն Բագաւանը հանդիսաւոր տեսք կ՚առնէր։ Տօնակատարութեանց ներկայ կ՚ըլլար թագաւորը՝ իր պալատական շքախումբով։ Կը մասնակցէր նաեւ հայոց բանակը։ Կը պատմուի, որ մինչեւ հարիւր քսան հազար զինուորականներ մասնակցած են Նաւասարդեան տօներուն։

Այդ օրը Արածանիի ափին կարելի էր տեսնել գոյնզգոյն վրաններ. գետափը կը ստանար վրանաքաղաքի տեսք՝ տարածուելով դաշտերու եւ բլուրներու վրայ։ Վրաններու շարքին շքեղագոյնը կ՚ըլլար ոսկէդիպակ վրանը, որ թագաւորինն էր. ապա՝ աչքի կը զարնէին նախարարներու վրանները, որոնք մէկը միւսէն գեղեցիկ կ՚ըլլային։

Ուխտաւորներու բազմութեան մեծ մասը ժամանակը կ՚անցընէր ծառերու տակ։ Ի դէպ, հին ժամանակ, Բագրեւանդը եւ Բագաւանը խիստ ծառազարդ եղած են, ինչ որ հետագայ դարերու ընթացքին փոխուած է՝ օտար արշաւողներու գործած ծառահատումներուն հետեւանքով։
*
* *

Նաւասարդեան խրախճանքի օրերուն ամենահետաքրքրականը երգն ու պարն էին։ Կը կատարուէին նաեւ մրցումներ, ուր մարզիկները կը ցուցադրէին իրենց բազուկի, մտքի ու հոգիի ուժն ու կարողութիւնները։

Նաւասարդը մեծ հանդէսով տօնելու յիշատակը պահպանուած է նաեւ Արտաշէս թագաւորին նուիրուած այն առասպելին մէջ, որ մեզի հասած է Գրիգոր Մագիստրոսի միջոցաւ.

– «Ո՞վ կը տայ ինձ ծխանի ծուխը եւ առաւօտը Նաւասարդեան։ Եղնիկների վազելը եւ եղջերուների վարգելը։ Մենք փող էինք փչում եւ թմբուկ զարկում… Ինչպէս օրէնքն էր թագաւորների»։

Նաւասարդեան տօնակատարութիւններ տեղի կ՚ունենային նաեւ Աշտիշատի մէջ։ Բագրեւանդ գաւառէն կը տեղափոխուէին Տարօն (Մուշ), ուր կը գտնուէին Հայոց «եօթը բագինները» (Հայերուս կողմէ ալ եօթը թիւը նկատուած է նուիրական թիւ)։ Հեթանոս հայերն ալ կառուցած էին «եօթը բագին», այսինքն՝ «եօթը զոհասեղան»՝ նուիրուած Արամազդ, Անահիտ, Միհր, Նանէ, Աստղիկ, Տիր եւ Վահագն աստուածներուն։

Հայ ժողովուրդը այդ աւանդական տօնին, թէ՛ Բագաւանի, թէ՛ Աշտիշատի մէջ, իր դիւցազուններուն եւ աստուածներուն պէտք է հաշուետու ըլլար՝ անցեալ տարուան համար – Վահագնին՝ քաջութեան, Անահիտին՝ արուեստի, իսկ Աստղիկին՝ սիրոյ եւ բանաստեղծութեան մարզերուն մէջ իր կատարած գործերուն համար։

Այսպիսով՝ Վահագնը անվեհեր էր, Անահիտը՝ պահպանող, Աստղիկը՝ պարկեշտ, որոնք կը մարմնաւորէին հայ ժողովուրդին նախամեծար առաքինութիւնները։

Աշտիշատի մէջ յունական ողիմպիական խաղերու նմանութեամբ կը կազմակերպուէին մրցոյթներ։

Մարզական խաղերու ժամանակ երիտասարդները կը ցուցադրէին իրենց բազուկի, մտքի եւ հոգիի կարողութիւնները։

Բանաստեղծը իր յօրինած երգը կ՚արտասանէր կամ կ՚երգէր, երաժիշտը իր բամբիռը կը նուագէր, ըմբիշը իր բազուկներուն զօրութիւնը ցոյց կու տար, արհեստաւորը իր պատրաստած ընտիր գործերը, գիւղացին՝ իր հողի ճոխ բարիքները։

Մրցոյթներու յաղթականներուն կը յանձնուէին վարդերով կազմուած վառվռուն պսակներ եւ անոնք կ՚օծուէին վարդաջուրով։
Աղաւնիներ ազատ կ՚արձակուէին եւ մարդիկ իրարու վրայ վարդաջուր շաղ կու տային։

Ընդհանրապէս տօնը կը յատկանշուէր վարդերու զարդարանքով։

Այս աւանդոյթէն կու գայ Վարդավառը, որ կը նշանակէ վարդերով զարդարուիլ։ Կազմուած է վարդ եւ վառ բառերէն – Վառ բառը գործածուած է փայլուն, պայծառ իմաստով։

Այսպիսի՛ աւանդներով եւ ազգային սովորութիւններով հարուստ Նաւասարդի տօնին օրն է Օգոստոսի 11ը։

*
* *

11 Օգոստոսի օրը հայ ժողովուրդը կը տօնէ նաեւ հայրենի հողի վրայ ազատ ու անկախ ապրելու, օտարին լուծը մերժելու եւ ամէն կարգի թշնամական յարձակում սեփական ուժերով պարտութեան մատնելու ազգային իր հաստատակամութեան ու վճռականութեան մեծախորհուրդ Օրը։

Քրիստոսէ առաջ 11 Օգոստոս 2492 թուականին, Հայկ դիւցազունը պարտութեան մատնեց Արարատեան Աշխարհը ասպատակելու եկած եւ Հայոց Նահապետը իր կամքին հպատակացնելու ելած Բաբելոնի ամենազօր բռնակալ Բէլին։

Հազարամեակներ անցած են Հայկի եւ Բէլի ճակատումէն, բայց հայ ժողովուրդի նահապետին լայնածիր աղեղէն արձակուած եռագլխանի նետը, Խաւարի ուժերուն մարմնաւորումը հանդիսացող Բէլը զգետնելէ անդին, կը շարունակէ Լոյսի ուժերուն յաղթանակը խորհրդանշող իր սլացքին ահագնութեամբ եւ ուժգնութեամբ ամրապնդել հայոց կամքն ու վճռականութիւնը` անսպառ մղում եւ թափ ներարկելով յաւերժի ճամբորդը ըլլալու ազգային մեր արժանաւորութեան։

Պատմահայր Մովսէս Խորենացին վստահաբար առասպելականացուց իրողութիւններն ու ճշմարտութիւնը, ք.ե. 5րդ դարուն, երբ Հայոց Պատմութեան սկզբնաւորումը կապեց Հայկ Նահապետի դիւցազներգութեան։

Եւ արդի ժամանակներու հայ թէ օտար գիտնականներն ու պատմաբանները, վստահաբար, բաւարար հիմք ունին կասկածի տակ առնելու Խորենացիի պատմագրութեան գիտականութիւնը եւ պնդելու, որ հայոց ազգային-պետական ծագումը, կազմաւորումը եւ զարգացումը առասպելէ մը աւելի վաւերական եւ խոր արմատներ ունին։

Բայց նոյնքան վստահութեամբ պէտք է նաեւ ընդգծել, որ աւելի քան 150 տարիէ ի վեր յանուն պատմագիտական ճշգրտութեան կատարուած վերագնահատումներն ու յստակացումները փաստօրէն ոչ միայն չեն պակսեցնէր իմաստն ու արժէքը Հայկի ու Բէլի առասպելին, այլեւ` աւելիով հնչեղութիւն ու այժմէական թելադրականութիւն կու տան Պատմահօր շունչով անմահացած Հայկեան Պատգամին։

Չէ՞ որ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու կեանքը եկաւ ապացուցելու, որ Հայկի եւ Բէլի ճակատումը սոսկ դրուագ մը չեղաւ, այլեւ կիզակէտն ու առանցքը կազմեց հայոց պատմութեան։
Ի՜նչ անուն ալ որ ունեցաւ, Բէլ մը միշտ գտնուեցաւ եւ սպառնաց հայ ժողովուրդի ազգային-պետական գոյութեան, ազատ ու անկախ ապրելու Հայու որոշումին եւ կամքին։

Եւ եթէ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը կրցան տոկալ դարաւոր գերութեան կամ վերապրիլ ամէնէն մահացու հարուածներէն անգամ, անպայմա՛ն Հայկ Նահապետի ներշնչումով եւ օրինակով Հայը գտաւ իր մէջ մարտունակութեան եւ վճռականութեան այն անընկճելի ուժը, որ ի վերջոյ պրկեց լայնածիր Աղեղը եւ արձակեց թշնամին զգետնող Նետը։

Ճիշդ ա՛յս ճշմարտութեան` Հայկեան Պատգամին այժմէականութեան մէջ պէտք է փնտռել նաեւ բացատրութիւնը այն հպարտ խռովքին ու ցնծութեան, որոնք կը համակեն հայրենի մեր ոստանները ամէն Օգոստոս 11ին` Հայկեան Յաղթանակին օրը պետական տօն հռչակելու առաջադրանքով ու պահանջով։

Ի՛նչ անուն ալ որ այսօր տրուի տօնին, հայկական տոմարով Նաւասարդի 1ը` մերօրեայ թուարկութեամբ Օգոստոսի 11ը ինքնաճանաչման օր է ողջ հայութեան համար։

Պատմահայր Խորենացին դարերուն եւ հետագայ սերունդներուն համար առասպելաշունչ յատուկ մշակումի կ՚ենթարկէր Հայկի ու Բէլի ճակատումը, որպէսզի մինչեւ մեր օրերը ՀԱՅը անդրադառնայ ու բնաւ մտահան չընէ, թէ մենք խաղաղ էինք մեր լեռներուն պէս, ոչ ոքի դէմ թշնամանք կը տածէինք, բայց նաեւ կը մերժէինք հպատակիլ որեւէ բռնակալի կամքին` զիջելով մեր ազատութենէն եւ անկախութենէն։

Եթէ Հայկ Նահապետ հազարամեակներ առաջ հեռացաւ Բաբելոնէն եւ նախընտրեց ազատ ու անկախ ապրիլ Արարատեան Աշխարհի ցուրտ ու բուքին, պատճառը մէկ ու միակ էր` մերժումն էր Բէլի պարտադրած բռնատիրութեան։

Եւ տարբեր պատճառ չունէր Հայոց Նահապետը, երբ անհաւասար ուժերով կռիւ մղելու պարտաւորութեան տակ գտնուեցաւ` Բէլի արշաւանքին ու բռնի ուժով մեր նախահայրերը ստրկացնելու բռնակալի կամակորութեան հետեւանքով։

Իսկ դարեր ետք Խորենացիին պատգամը վերանորոգող հայոց արդի գրականութեան նահապետը` Հայր Ղեւոնդ Ալիշան տարբեր ներշնչումով չէր, որ Հայկական Տոմարին ճշգրիտ հաշուարկումը կը կատարէր եւ կը ճշդէր, թէ ք.ա. 2492 թուականի Օգոստոս 11ն էր այն օրը, երբ Հայկ Նահապետ լարեց իր լայնածիր աղեղը եւ արձակեց Բէլը զգետնող եռագլխանի իր նետը, որպէսզի հայոց հոգիներուն մէջ միշտ պիրկ մնայ սլացքը ազատ եւ անկախ ապրելու` հայրենի հողին վրայ սեփական պետականութեամբ շէնանալու վճռականութեան։

Օգոստոս 11 է այսօր։

Եւ վերստին կը խայտայ Հայու Հոգին, ի Հայաստան թէ ի սփիւռս աշխարհի` Հայկեան Նետին անվեհեր սլացքով, անարգ ամէն ոսոխ պարտութեան մատնելու եւ ստրկացման ամէն շղթայ փշրելու յանդգնութեամբ, մարտունակութեամբ եւ վճռականութեամբ։
Նաեւ ու մանաւանդ` գալիք դարերուն ինքնաճանաչման եւ ինքնավստահութեան անմար Լոյսով նայելու Հայկ Նահապետի յաղթական պատգամով։

Օգոստոսի 11 – Նաւասարդի 1. Հայոց նախաքրիստոնէական շրջանի տօնացոյցին այսօրուան զոյգ խորհուրդները՝
Օգոստոսի 11 – Նաւասարդի 1. Հայոց նախաքրիստոնէական շրջանի տօնացոյցին այսօրուան զոյգ խորհուրդները՝

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail