Պաշշար Ժաաֆարի Կը Մեղադրէ Էրտողանը Օսմանեան Բռնատիրութեան Վերադառնալու Ճիգին Մէջ

Պաշշար Ժաաֆարի

30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մշտական ներկայացուցիչը ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած է Թուրքիոյ կառավարութեան եւ նախագահին հասցէին: Պաշշար Ճաաֆարի, որ նամակ մը յղած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար ՝Պան Քի Մունին յայտնած է, թէ Թուրքիա կը շարունակէ զօրավիգ եւ նեցուկ կանգնիլ ահաբեկիչ զինեալներուն, որոնք Ժաաֆարիի ըսելով ծանր պատերազմ կը մղեն Սուրիոյ դէմ:

Ժաաֆարի նաեւ ըսած է, թէ Թուրքիա մասնակից է Սուրիոյ մէջ կռուող ահաբեկչական խմբաւորումներէն խոյս տուած գաղթականներուն դէմ գրանցուող անմարդակային հալածանքներով: Ժաաֆարի մեղադրած է Փուրքիոյ նախագահ Էրտողանը ըսելով նաեւ, թէ Էրտողան կը միտի ոտքի հանեԼ Օսմանեան կայսրութեան բռնատիրական ժառանգութիւնը ու ատոր համար յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Սուրիոյ մէջ ապրող թրքախօս փոքրամասնութիւններուն :

http://www.arevelk.am

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail