Ահազանգ. Սուրիոյ Հասիչէ Քաղաքին Մէջ Մէկ Միլիոն Մարդու Կեանքը Վտանգի Մէջ է
Facebook-ի արաբական էջերէն մէկը ահազանգ հնչեցուցած է, ուր մասնաւորապէս կ’ըսուի,-
«Կոչ կ’ուղղենք մարդասիրական միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կապ ունին զարգացած աշխարհի հետ, բոլոր անոնց, որոնց համար մարդկութիւնը կարեւոր է։
«Հասիչէ քաղաքը այժմ մարդկայն աղէտի կ’ենթարկուի, տասը օրէ ի վեր Թուրքիայէն եկող ջուրը կասեցուած է՝ Հասիչէ քաղաքէն եւ անոր յարակից շրջաններէն, ինչպէս նաեւ Թլթամրէն, կայ նաեւ ելեկտրականութեան, կազի եւ հացի տագնապ, սղաճը, եղանակի ջերմաստիճանի բարձրացումը, համաճարակը պատճառ կը դառնան, որ մէկ միլիոն մարդ ապրի աղէտալի պայմաններու մէջ եւ վտանգուի անոնց կեանքը։
«Մեր պարտքն է աշխարհին կոչ ուղղել՝ անյապաղ միջամտել եւ օգնել քաղաքացիներուն կեանքը փրկելու համար»։
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կապ հաստատեց Հասիչէի թաղականութեան ատենապետ պարոն Արմէն Նալպանտեանի հետ՝ ճշդելու ահազանգի միջոցով փոխանցուած տեղեկութիւնները եւ տեղի հայ համայնքին վիճակը։
«Դժբախտաբար ահազանգը իրականութեան կը համապատասխանէ, 10-11 օր է Թուրքիան փակած է իր իշխանութեան տակ գտնուող ջուրի հոսքը, քաղաքացիները ջուր կը կրեն հորերէն, այլ շրջաններէ վաճառքի ջուր կը բերեն, բայց քաղաքացիները ի վիճակի չեն առնելու»,- յայտնեց պարոն Նալպանտեան։
Մեր զրուցակիցը յայտնեց, որ այժմ Հասիչէի մէջ կը բնակի մօտ 86 ընտանիք (300-350 հայ, որոնց մեծ մասը կը գտնուի նիւթական ծանր պայմաններու մէջ։ Վերջին անգամ՝ երկու ամիս առաջ, Հալէպէն համայնքին օգնութիւն մը հասած է, որ յատկացուած է անհրաժեշտ ախտահանող նիւթեր ու այլ պարագաներ առնելու եւ հայ ընտանիքներուն բաժնելու համար։
Հասիչէի մէջ նոյնպէս մեծ է վարակակիրներուն թիւը, բարեբախտաբար հայերու մէջ առ այսօր վարակուած մարդ չկայ, բայց ան ամէն վայրկեան կրնայ թակել անմարդկային պայմաններու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն դուռը։
yerakouyn.com/2020/08/16/ահազանգ-սուրիոյ-հասիչէ-քաղաքին-մէջ-մէ/