ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ Քաղաքակրթութեան Թեքումներուն Եւ Լաբիրինթոսին Մէջ – Ա.- Հայկական Ինքնութեան Մասին Վկայութիւններ
18 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Մօտըրն Տիփլոմասի» կայքէջին մէջ 9 օգոստոս 2020-ին, Վալերի Փօլ (Valery Paul, PhD), վերոնշեալ խորագիրով յօդուած մը գրած է (In The Bends And Labyrinths Of Civilizations), որ հայ ժողովուրդի յատկանիշներուն մասին է (1), եւ (4): Այս կայքէջը ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ միջավայր՝ արժեւորելու միջազգային բարդ խնդիրներ, որոնք յաճախ Արեւմտեան լրատուամիջոցներէն եւ ակադեմական շրջանակներու սահմաններէն դուրս կը մնան: Այնտեղ կան նաեւ թրքական եւ ազերի տեսակէտներ պարունակող, բացայայտօրէն պատմութիւնը խեղաթիւրող ի՛սկապէս մերժելի յօդուածներ:
«Ի՞նչն է, որ կը նկարագրէ ազգ մը, կամ, աւելի կարեւորը՝ ո՞վ կը նկարագրէ ազգ մը: Ազգերը կը սիրեն խօսիլ իրենց պատմութեան հերոսական, յաղթական իրադարձութիւններուն մասին, որ հաճելի է. անոնք կը հպարտանան իրենց նշանաւոր հայրենակիցներով: Աւելին, անոնք փառաբանուած կը զգան, որ նշանաւոր օտար մարդոց կողմէ 2500 տարի շարունակ կը գնահատուին, եւ երբեմն այդ բառերը նոյնիսկ կը թուին գերագնահատուած ըլլալ: Սակայն, սկզբնաղբիւրները կը հաստատեն այս բոլորը, հետեւաբար, անոնք իրական են: Ուրեմն, անհրաժեշտ է հասկնալ, թէ ինչո՞ւ անոնք հայերու մասին փառաւոր՝ պանծալի կարծիքներ արտայայտած են, քանի որ հեղինակներուն մէջ կը գտնուին զանազան ազգերու նշանաւոր մտածողները եւ աշխարհի մեծերը:
«Գիտութեան պատմութեան մէջ բազմաթիւ գիտական վարկածներ կան, որոնք բանական կերպով բացատրուած են տարիներու, նոյնիսկ հարիւրամեակներու ընթացքին: Մեծ մտածողները, յաճախ մտատես (intuitive) եզրակացութիւններու կը յանգին, որոնք անհասկանալի կ՛ըլլան իրենց ժամանակակիցներէն շատերուն համար, նո՛յնիսկ, անոնք կը քննադատուին իրենց գաղափարներուն համար: Տասնամեակներ շարունակ ես կը սերտէի Ֆրանսացի մեծ մտածող եւ Փարիզի Ակադեմիայի անդամ Ժոզէֆ Փիթթոն տէ Թուրնֆորի (Joseph Pitton de Tournefort, 1656–1708) մօտեցումը, որ գրած է. «Հայ ազգը աշխարհի լաւագոյն ազգն է, անոնք առաքինի, քաղաքավար, պարկեշտութեան եւ պատշաճութեան մարմնացումն են» (2):
«Առաջին ակնարկով, այսպիսի հաստատումներ անտրամաբանական եւ չափազանցուած կը թուին ըլլալ: Հայերը հայրենասէր, հպարտ, սակայն իրենք զիրենք քննադատող են: Նո՛յնիսկ ազգայնական հայը այսպիսի (գովասանքի*) գաղափարներ պիտի չարտայայտէ: Միեւնոյն ժամանակ, այլ ֆրանսացի մտաւորական, պատմաբան եւ նշանաւոր աշխարհագրագէտ մը՝ Ժագ Էլիզէ Ռէքլուն (Jacques Élisée Reclus, 1830–1905) կը պնդէ, որ հայ գիւղացիի՛ն կարելի է վերագրել այն՝ ինչ որ ըսած է Թուրնֆորը. «Առանց չափազանցութեան՝ հայերը աշխարհի լաւագոյն ժողովուրդն են», որ իր կարգին կը նշանակէ, թէ տակաւին այսպիսի տեսակէտներու լուրջ հիմնաւորումներ կան (3):
«Թուրնֆորէն հարիւրէ աւելի տարիներ ետք, անգլիացի մեծ բանաստեղծ լորտ Ճորճ Կորտըն Պայրըն (Lord George Gordon Byron, 1788-1824) գրած է. «Հայերուն առաքինութիւնները իրենցն են, իսկ թերութիւնները առած են ուրիշներէն»: Մէկ խօսքով, հայերը պարկեշտ ու կատարեալ են եւ, այսպիսին:
«Առաջին ակնարկով, կը թուի, թէ նման կարծիքներ ունենալու համար անհրաժեշտ է շատ մը ազգերու մասին զանազան տեղեկութիւններ ունենալ, որ կարելի կը դարձնէ բաղդատելով եզրակացութեան յանգիլ: Այլ խօսքով, անհրաժեշտ էր ուսումնասիրել որոշ գիտելիքներու շարք մը, որոնք, նշուած հեղինակներուն ժամանակներուն տակաւին բաւական քիչ էին: Հետեւաբար, այս եզրակացութիւնները այլ մեկնակէտ ունէին:
«Մեր տեսակէտով, այդ ելակէտը կարող էր հիմնուած ըլլալ քանի մը հանրածանօթ պատմական փաստերու վրայ, մասնաւորապէս.
- Հին յոյն եւ հռոմէական պատմաբաններու վկայութիւնները հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի մասին,
- Թէեւ հին ժամանակներուն Հայկական Լեռնաշխարհին եւ Միջագետքի մէջ քանի մը տասնեակ ժողովուրդներ կ՛ապրէին, սակայն քիչեր տոկացին եւ մնացին, որոնցմէ էր հայ ժողովուրդը,
- Հին հռոմէական եւ պարսկական ժամանակաշրջաններէն սկսեալ եւ միջնադարեան բոլոր դարաշրջաններուն, Հայաստանը վայրագ ներխուժումներու ենթակայ էր (արաբ, մոնկոլ, սելճուք, օսման եւ այլն), սակայն հայերը շարունակեցին իրենց գոյութիւնը պահել Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ,
- Հայ ժողովուրդին վերոնշեալ խաղաղասիրութեան յատկանիշը, դրսեւորուեցաւ թէ՛ հայկական հզօր թագաւորութիւններուն ընթացքին, թէ՛ ալ պետականութեան կորուստէն ետք,
- Շատ մը երկիրներու մէջ, ներառեալ եւրոպական՝ հայկական գաղութներու գոյութիւնը, ուր հայերը թէ՛ պահպանած են իրենց ազգային ինքնութիւնը, թէ՛ ալ միեւնոյն ժամանակ, համակերպելով նոր ազգային միջավայրին, նպաստած են այդ երկիրներու բարգաւաճումին,
- Հայոց լեզուի պահպանման եւ շարունակաբար զարգացման հոլովոյթը, հայերէնով ստեղծուած՝ աստուածաբանական, փիլիսոփայական, գիտական, գրական ժառանգութիւնը, նաեւ, հրատարակչական ժառանգութիւնը,
- Հայկական եզակի մշակոյթի գոյութիւնը, քաղաքակրթութիւնը, ինչպէս նաեւ հայերուն նպաստը համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ:
«Այս հիմնական գաղափարները, անշուշտ, սպառիչ չեն. կան եւ պիտի ըլլան նաեւ այլ գաղափարներ: Անհրաժեշտ է հասկնալ գլխաւորը՝ ո՞վ է Հայը, ի՞նչ են անոր առանձնայատկութիւնները եւ ի՞նչն էր, որ ապահովեց անոր գոյատեւումը հազարամեակներ: Ես շեշտը պիտի դնեմ գերմանացի մեծ մտածող՝ Էմմանուէլ Քանթի (Immanuel Kant, 1724-1804) հայերուն մասին հետեւեալ նկարագրութիւններուն վրայ. «Աշխատասէր եւ խելացի մարդիկ», «Անոնք մասնայատուկ ծագում ունին», «Բոլոր ազգերը հայերուն գրկաբաց կ՛ընդունին», անոնք ունին «Գերազանց ոգի՝ եռանդ», «Մեզի համար անկարելի է խօսիլ անոնց նախնական կազմաւորման մասին» (5):
«Մինչեւ օրերս, ժամանակակից պատմագրութիւնը, լեզուաբանութիւնը եւ ազգագրութիւնը «ի վիճակի չեն» ամբողջութեամբ ներկայացնելու հայ ազգին «նախնական կազմաւորումը», բայց կան ենթադրութիւններ: Սակայն, նախ եկէք քննարկենք հայ ժողովուրդին «յատուկ ծագումը»: Մէկ բան հաստատ է. հայ ժողովուրդին ծագումը, զարգացումը եւ կազմաւորումը թաքնուած են հազարաւոր տարիներու խիտ մշուշին մէջ: Ամէն պարագաներուն, ըստ ծինային ժամանակակից հետազօտութիւններուն, գիտնականները կը հաստատեն, որ հայերը իրենց լեռնաշխարհին մէջ ապրած են աւելի քան 7-8 հազար տարի: Հայերէն լեզուն եւ մշակոյթը նաեւ, կը վկայեն նշուած իրականութիւնները: Յստակ է, որ լեզուին կատարելագործումը, մշակումը, հարուստ բառապաշարը, միտքեր արտայայտելու կարողութիւնը, գաղափարներ, գիտելիքներ, մարդկային զգացումներ, չէին կրնար ստեղծուիլ, նո՛յնիսկ դարերու ընթացքին, այլ վստահաբար հազարամեակներու ընթացքին: Այլ խօսքով, լեզուի զարգացումը կը պահանջէր նաեւ հարուստ մշակոյթ, որուն զարգացումը նոյնպէս հազարամեակներ պահանջեց:
«Լեզուն եւ մշակոյթը, զիրար լրացնելով եւ հարստացնելով, ինչպէս նաեւ հարեւան լեզուներու եւ մշակոյթներու լաւագոյն արժէքներն ու աւանդութիւնները ստեղծագործ կերպով իւրացնելով եւ համադրելով, դարձած են, կարելի է ըսել, տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող, գերիշխող լեզու եւ մշակոյթ: Ասոր շնորհիւ հայ ժողովուրդը հազարամեակներ գոյատեւած է Հայկական լեռնաշխարհին մէջ:
«Երբ կը խօսինք Հայ ժողովուրդին առանձնայատուկ ծագումին մասին, մեր ուշադրութիւնը կ՛ուղղուի դէպի Հայկական լեռնաշխարհը: Ընդհանրապէս, լեռներուն մէջ ապրիլը կը նկատուի իբրեւ արտաքին յարձակումներէն պաշտպանուելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը, սակայն անով սահմանափակուիլը՝ բազմաթիւ հարցումներու պատասխան չի տար:
«Լեռնային շրջաններու բնակիչները ստիպուած են անընդհատ պայքարիլ եւ յարմարիլ կլիմայական խիստ պայմաններուն, եւ յաջողելու համար՝ անհրաժեշտ է ժողովուրդին միացեալ ջանքերը, որ, իր հերթին, կը ստիպէ զանոնք մշակել համակեցութեան յատուկ խստապահանջ միջոցներ, բաղդատելով հովիտներու պայմաններուն հետ: Ընդհակառակը, լեռները մարդոց կը շնորհեն որոշ առաւելութիւններ, ինչպէս՝ աշխատանքային գործիքներ, բնակարաններու շինանիւթեր (ոբսիտաքար, պղինձ, անագ, երկաթ, զանազան ոչ մետաղեայ շինանիւթեր եւ այլն), ինքնապաշտպանութեան աւելի դիւրին միջոցներ եւ այլն: Եւ վերջապէս, լեռները մարդոց կու տան հոգեւոր լիցք, հոգեւորականութիւն, ինչպէս նաեւ կ՛ընձեռեն իւրայատուկ մտածելակերպ եւ անոր համապատասխանող ապրելակերպ: «Մէկը բոլորին համար, բոլորը մէկուն համար» մտածելակերպը նախ եւ առաջ լեռնականներո՛ւն բնատիպն է: Այս վկայութիւնը ոչ միայն հայերուն կեանքին, վարքին եւ կենցաղին կը վերաբերի, այլեւ բոլոր լեռնային ժողովուրդներուն:
17 օգոստոս 2020
Շար. 1/2
*Լուսաբանութիւնները իմս
(1) https://moderndiplomacy.eu/2020/08/09/in-the-bends-and-labyrinths-of-civilizations/
(2) https://play.google.com/books/reader?id=984GAAAAQAAJ&hl=en&pg=GBS.PP1
(3) https://play.google.com/books/reader?id=-S0BAAAAQAAJ&hl=en&pg=GBS.PP11
(4) https://washingtonlatest.com/in-the-bends-and-labyrinths-of-civilizations-modern-diplomacy/
(5) https://en.wikipedia.org/wiki/Immanuel_Kant
(6) https://en.wikipedia.org/wiki/Jean-Jacques_Rousseau
(7) https://en.wikipedia.org/wiki/Sergey_Glinka
(8) https://www.google.com/search?client=firefox-b-d&q=William+Ewart+Gladstone
(9) https://www.dw.com/en/heinrich-schliemann-the-man-who-discovered-troy/a-18946144
(10) https://allinnet.info/interesting/armenia-the-homeland-of-the-sumerians/
(11) https://www.peopleofar.com/2013/12/05/jean-jacques-rousseau-in-his-armenian-attire/
(12) https://www.peopleofar.com/2014/03/02/ancient-cave-dwellings-of-armenia/
aztagdaily.com/archives/480829