Նախագահ Աուն. «Անկարելի Է, Որ Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Պատճառը Հըզպալլայի Զէնքերը Ըլլան»
19 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Լիբանան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւնները:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն «Քուրիերէ տելա սերա» իտալական թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ այն վարկածը, թէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառը Հըզպալլայի զէնքերն են` անկարելի է, «սակայն հետաքննութիւնը բոլոր վարկածներն ու հաւանականութիւնները նկատի պիտի ունենայ», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Հըզպալլա նաւահանգիստին մէջ զէնքի պահեստանոց չունի:
Ան ընդգծեց, որ նաւահանգիստի պայթումին պատճառը ծայր աստիճան անփութութիւնն է կամ արտաքին միջամտութիւն մը:
«Շատեր կ՛ըսեն, թէ օդանաւի ձայներ լսած են եւ զանոնք տեսած` պայթումէն երկվայրկեաններ առաջ: Անոնք կրնան պայթումին հետ ուղղակի կապ չունենալ, սակայն պէտք է լսել այդ վկայութիւնները: «Սահմանադրութիւնը երկրին դատական իշխանութիւններէն կը պահանջէ լիբանանեան ներքին հարցերուն առումով հետաքննութիւն բանալ, եւ այս իրականութիւնը պատճառ չի կրնար ըլլալ, որ ամերիկացի, ֆրանսացի եւ այլ հետաքննիչներ եւս մասնակցին այս հետաքննութիւններուն եւ իսկապէս օգնեն», հաստատեց ան:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ փտած անձնաւորութիւններ կան, որոնք բոլորը պէտք է հարցաքննութեան ենթարկուին եւ ամբաստանուին:
Ան նկատել տուաւ, որ երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու համար երեսփոխանները պէտք է համախոհութիւն գոյացնեն` խորհրդարանի նստաշրջանի աւարտին ժամկէտը յառաջաձգելու:
«Մենք պէտք է ընդունինք Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանին արձակած վճիռը, հակառակ անոր որ ուշացած արդարութիւնը արդարութիւն չէ», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին իր պարտականութիւնն էր Հըզպալլայի կողքին կանգնիլ, պարզ այն պատճառով, որ ինք լիբանանցի է: «Հըզպալլայի հետ կրնանք ներքին լիբանանեան հարցերու շուրջ տարակարծիք ըլլալ, սակայն երբ Իսրայէլ լիբանանեան հողերու վրայ յարձակում կը սանձազերծէ եւ լիբանանցի քաղաքացիներ կը սպաննէ, ապա իւրաքանչիւր լիբանանցի պէտք է յարձակողին դէմ ըլլայ», հաստատեց ան:
aztagdaily.com/archives/480881