Թուրքիան Որոշած Է Լիպիոյ Մէջ Ստեղծել Ծովուժի Ռազմակայան
19 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Թուրքիան, Քաթարն ու Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը համաձայնագիր ստորագրած են լիպիական Միսրաթա քաղաքին մէջ թրքական ծովուժի ռազմակայան ստեղծելու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապիա»-ն:
Այդտեղ պիտի գործէ եռակողմ զինուորական համակարգման կեդրոն: Ըստ համաձայնութեան, Քաթար իր հրամանատարները պիտի ուղարկէ Լիպիա, իսկ Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան զինուորներուն թրքական եւ քաթարեան զինուորական դպրոցներուն մէջ տեղեր պիտի յատկացուին:
aztagdaily.com/archives/480899