Արցախէն Եւ Հայաստանէն Ստացուած Օժանդակութեան Բաշխում
19 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Արցախի եւ Հայաստանի պետութեանց կողմէ լիբանանահայութեան համար ղրկուած սննդամթերքի օժանդակութիւնը արդէն իսկ Թեմիս եկեղեցիներուն խողովակով կը բաժնուի մեր ժողովուրդին:
Արդարեւ, Լիբանանի միջազգային օդակայանին մէջ ստանձնելէ ետք վերոնշեալ օժանդակութիւնը (որ առաւելաբար կը պարունակէր տեսակաւոր անուշի պահածոներ եւ բուսական ձէթ), 11 եւ 12 օգոստոս 2020-ին Ազգային առաջնորդարանը նախ առանձնացուց Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական համայնքներուն բաժինը եւ ապա` Ազգային միացեալ վարժարանի եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտներուն աջակցութեամբ պատրաստուեցան 2000 ընտանիքներու համար կապոցներ, որոնք 13 օգոստոսէն սկսեալ, շրջաններու թաղական խորհուրդներուն միջոցով սկսան բաժնուիլ մեր հայրենակիցներուն:
Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Արցախի ու Հայաստանի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
aztagdaily.com/archives/480766