Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը 17 օգոստոսին հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պաշտօնազրկած է Վրաստանի եւ Սերպիոյ մէջ իր երկրին դեսպանները

How Azerbaijanis Froze Upon Seeing The Map Of The Ancient World In Rome

Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը 17 օգոստոսին հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պաշտօնազրկած է Վրաստանի եւ Սերպիոյ մէջ իր երկրին դեսպանները

19 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Անդրադարձ. Գլխաւորն Ու Իսկականը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը 17 օգոստոսին հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պաշտօնազրկած է Վրաստանի եւ Սերպիոյ մէջ իր երկրին դեսպանները, որոնք պաշտօնապէս ձերբակալուած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ փտածութեան հարցով քրէական գործի յարուցման ծիրին մէջ: Ճիշդ մէկ ամիս առաջ` 16 յուլիսին միեւնոյն հետաքննութեան ծիրին մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն հեռացուած էր Էլմար Մամետեարով: Անտրամաբանական է, որ փտածութեան ամբողջ համակարգին իշխող ու զայն կառավարող բռնապետը` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ոեւէ մէկը պաշտօնազրկէ փտածութեան յանցագործութեան` իր իսկ հաստատած համակարգին «հաւատարմութեան» համար:

Ալիեւ Մամետեարովը պաշտօնազրկելէն մէկ օր առաջ դժգոհութիւն յայտնած էր անոր աշխատանքին նկատմամբ` ընդգծելով, որ նախարարը պէտք էր Հայաստանի հետ համաձայնէր ղարաբաղեան տագնապի շուրջ, սակայն, դժբախտաբար, նպատակին չէ հասած: Աւելի՛ն, ան նշած էր, որ ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը հայկական կողմին հետ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարը քննարկած է եւ որեւէ ձեւով չէ արձագանգած 12 յուլիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ սկսած իրադարձութիւններուն:

Սերպիոյ եւ Վրաստանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպաններուն պաշտօնազրկման յայտարարուած պաշտօնական պատճառը միակը, գլխաւորը կամ իսկականը չէ: Արդարեւ, 12 յուլիսին Հայաստանի Տաւուշի մարզին դէմ ազրպէյճանական նախայարձակումէն ու արժանի հակահարուած ստանալէն ետք, ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ հրապարակած էին տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, Սերպիա Վրաստանի ճամբով մեծ քանակութեամբ զինամթերք մատակարարած է Հայաստանին: 20 յուլիսին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ հարցով իր մօտ կանչեց Պաքուի մէջ Սերպիոյ դեսպանը եւ բողոքեց «սերպական կողմին ոչ բարեկամական քայլ»¬ին դէմ: Սերպական կողմը հաստատեց լուրը, իսկ վրացականը` հերքեց:

Վերոնշեալ երեք պարագաներուն պաշտօնազրկման գլխաւոր ու լռելեայն պատճառը 12 յուլիսին Հայաստանի հիւսիսարեւելեան սահմանին վրայ ազրպէյճանական բանակին կրած պարտութիւնն էր, որուն համար յանցաւոր նկատուած են Հայաստանին զինամթերք մատակարարած Սերպիոյ, ինչպէս նաեւ այդ զինամթերքին մատակարարման համար իբրեւ տարանցիկ երկիր ծառայած Վրաստանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանները, եւ անոնց աշխատանքին վերահսկող նախարարը: Այժմ անոնք պիտի կրեն իրենց թերացումին` սերպական զէնքերու մատակարարումը չկանխարգիլելու «յանցագործութեան» պատիժը:

How Azerbaijanis Froze Upon Seeing The Map Of The Ancient World In Rome

atagdaily.com/archives/480857

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail