Միտումնաւոր Կերպով Աչք Կը Փակուի Սթանոզի Հայկական Գերեզմանոցը Աւերելուն Վրայ. Մուրատ Մըհչը

Միտումնաւոր Կերպով Աչք Կը Փակուի Սթանոզի Հայկական Գերեզմանոցը Աւերելուն Վրայ. Մուրատ Մըհչը

Միտումնաւոր Կերպով Աչք Կը Փակուի Սթանոզի Հայկական Գերեզմանոցը Աւերելուն Վրայ. Մուրատ Մըհչը

19 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Անգարայի Սինճան շրջանի Եէնիքենթ թաղամասի «Զիր հովիտ» կոչուող վայրին մէջ գտնուող նախկին հայաբնակ յայտնի Սթանոզ գիւղի գերեզմանատունը մէկ անգամ եւս աւերուած է գանձագողերու կողմէն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Անգարայի կեդրոնէն 30 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող գերեզմանատան տարածքը, որ պետութեան կողմէ 2-րդ աստիճանի պահպանուող տարածք յայտարարուած է, առաջին անգամը չէ որ կը թալանուի եւ աւոերուի։ Տարածքին մէկ մասն ալ տեղացիները կ՝օգտագործեն ուրախութիւններ ընելու համար։ Տարիներ առաջ՝ գերեզմանոցին տարածքը պահպանելու նպատակով՝ Սինճանի քաղաքապետարանին կողմէ իրականացուած փշալարերն ալ հանած են հովիտին մէջ կառուցուած առանձնատուներուն տէրերը եւ գերեզմանոցէն խլած «իրենց բաժին» հողը։ Ընկերային ցանցերու մէջ բազմիցս տարածուած է քարուքանդ եղած գերեզմաններու նկարները, դէպքերուն մասին գրուած է լրատուամիջոցներու մէջ, սակայն ոչինչ ձեռնարկուած է զանոնք պահպանելու ուղղութեամբ։ Իբրեւ արդիւնք՝ այնտեղ մնացած է ընդամէնը քանի մը գերեզմանաքար՝ հայկական գրութիւններով ու խաչերու քանդակներով։

Հարցին վերաբերեալ «Mezopotamya» գործակալութիւնը զրուցած է Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP-ԺԴԿ) Ժողովուրդներու եւ կրօններու յանձնաժողովի անդամ՝ հայ Մուրատ Մըհչըի հետ։

Մըհչըն պատմած է, որ աւերուած գերեզմանոցին համար նախապէս բազմիցս կոչով դիմած է պատկան մարմիններուն, անոնցմէ խոստումներ ստացած, սակայն այս ամենով հանդերձ ոչ մէկ միջոց ձեռնարկուած է զայն պահպանելու ուղղութեամբ։ Մըհչըի խօսքով իշխանութիւնները միտումնաւոր կերպով աչք կը փակեն հայկական գերեզմանոցի թալանին ու աւերին վրայ, քանի որ անոր ամբողջական վերացումէն հնարաւորութիւն կը ստանան ներկայիս «պահպանուող» տարածքը այլ նպատակով շահագործելու։

«Բնական է, որ ամէն տեղ հայկական գերեզմանոց կայ, սակայն կը տեսնենք, որ Թուրքիոյ բազմաթիւ վայրերու մէջ հայերու գերեզմանները այնպէս կողոպտած ու աւերած են, կարծես թէ այդ տեղերը գերեզմանոց չէ ալ եղած ու հայեր ալ չեն ապրած»,- պատմած է թրքահայ գործիչը։

Միտումնաւոր Կերպով Աչք Կը Փակուի Սթանոզի Հայկական Գերեզմանոցը Աւերելուն Վրայ. Մուրատ Մըհչը

yerakouyn.com/2020/08/19/միտումնաւոր-կերպով-աչք-կը-փակուի-սթան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail