ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Տիգրան Պետրոսեան (1929-1984). Ճատրակի աշխարհին «Երկաթեայ» Արքան
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
Տիգրան Պետրոսեան (1929-1984).
Ճատրակի աշխարհին «Երկաթեայ» Արքան
13 Օգոստոս 2020 – Ն. Պէրպէրեան
Օգոստոս 13ի այս օրը կը լրանայ մահուան 36րդ տարելիցը Տիգրան Պետրոսեանի, որ ճատրակի աշխարհին մէջ անմահացուց ՀԱՅ անունը։
13 Օգոստոս 1984ին անողոք ստամոքսի քաղցկեղը պատճառ դարձաւ Ճատրակի աշխարհի կրկնակի ախոյեանին կանխահաս մահուան։
Հայկեան հանճարին աշխարհահռչակ ներկայացուցիչներէն է Տիգրան Պետրոսեան, որ Ճատրակի վարպետներուն եւ մեկնաբաններուն կողմէ արժանացաւ «Երկաթեայ Տիգրան» տիտղոսին։
Ճատրակի հայ վարպետը «Երկաթեայ Արքայ» հռչակուեցաւ ոչ միայն իր կիրարկած անխոցելի պաշտպանողականին ու անպարտելիութեան համար, այլեւ իր այն արժանիքին հիման վրայ, որ կրնար ճշգրտօրէն նախատեսել մրցակիցին հաւանական առաւելութիւններն ու համապատասխան քայլերը եւ ի վիճակի էր զանոնք չէզոքացնելու, նոյնիսկ նախքան որ մրցակիցները անդրադառնային այդ բոլորին…
Իբրեւ այդպիսին` Տիգրան Պետրոսեան իր յատուկ դրոշմը դրաւ Ճատրակի աշխարհին վրայ։
Աւելի՛ն. ան սերունդներուն կտակեց Ճատրակի սեփական ընկալումն ու փիլիսոփայութիւնը` իր ուրոյն խաղաոճով հաստատելով, թէ «Ճատրակը մարզախաղ է` ձեւով, արուեստ է` բովանդակութեամբ, գիտութիւն է` վարպետութեամբ»,- ինչպէս որ առիթով մը ընդգծած էր հայազգի մեծ վարպետը։
Տիգրան Պետրոսեանի շնորհիւ է, հետեւաբար, որ ստեղծուեցաւ Հայկական Ճատրակի աւանդոյթը, որ մեր օրերուն վերստին կ՚ապրի փառքի իր դարաշրջանը` Լեւոն Արոնեանով, Գաբրիէլ Սարգսեանով, Վլադիմիր Յակոբեանով եւ Տիգրան Պետրոսեան Կրտսերով։
Եթէ աշխարհով մէկ վերստին կը ճառագայթէ Հայկական Ճատրակը եւ նորանուն հայ վարպետներն ու ախոյեանները յաղթանակի փառահեղ դափնիներով կը զարդարեն հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի հպարտութիւնը, այդ ամէնուն համար շատ բան կը պարտինք «Երկաթեայ Տիգրան»ին։
Եւ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը տարբեր առիթներով արժանին մատուցանած են իրենց մեծանուն զաւկին` անոր անցած ուղին, նուաճումներն ու յաղթանակները համահայկական գնահատանքի եւ երախտիքի լուսարձակին տակ առնելով։
*
* *
1963ին Ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան տիրացած մեծանուն հայը ապրեցաւ եւ գործեց խորհրդային ամբողջատիրութեան դարաշրջանին։
Բնականաբար, իր հերթին, Տիգրան Պետրոսեան ենթարկուեցաւ խորհրդային կարգերու պարտադրած կաշկանդումներուն, որոնց շարքին էր նաեւ, օրինակի համար, հայազգի ախոյեանին Թիֆլիս ծնած ըլլալու պաշտօնական պնդումը։
Ամբողջ տասնամեակներ աշխարհով մէկ տարածում գտաւ այն վարկածը, թէ Տիգրան Վարդանի Պետրոսեան 17 Յունիս 1929ին ծնած էր Թիֆլիս։
Պէտք եղաւ սպասել մինչեւ 2004, Ճատրակի աշխարհի 9րդ ախոյեանին ծննդեան 75ամեակին, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս սրբագրէր այդ սխալ տեղեկանքը` Ապարանի մէջ Տիգրան Պետրոսեանի նուիրուած յուշակոթողին բացման հանդիսութեան առիթով։
Այսօր արդէն հաստատուած է, որ Տիգրան Պետրոսեան ծնած էր Ապարան եւ 2 տարեկանին ծնողքին հետ տեղափոխուած Թիֆլիս։
Տիգրան Պետրոսեան մինչեւ 1946 ապրեցաւ Թիֆլիս եւ 17 տարեկանին փոխադրուեցաւ Երեւան։ 3 տարի Երեւան ապրելէ ետք, 1949ին ան մեկնեցաւ ու հաստատուեցաւ Մոսկուա, ինչ որ բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ աշխարհի ախոյեանին հետագայ նուաճումներու ուղին հարթելու առումով։
Տիգրան Պետրոսեան 8 տարեկանէն սկսաւ ճատրակի հետեւիլ։ 1945էն սկսեալ մասնակցեցաւ թէ՛ Վրաստանի ու Հայաստանի Ճատրակի ախոյեանութեան, թէ՛ Լենինկրատի մէջ համամիութենական կրտսերներու ախոյեանութեան։
Թէեւ շատ մօտեցաւ ախոյեանութեան առաջին դիրքերուն, բայց Տիգրան Պետրոսեան երկար տարիներ գրաւեց երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը։ Պաշտպանողական իր խաղաոճով` ան բնաւ չփորձեց արագ վազել. ընդհակառակն` համբերատարութեամբ սպասեց եւ նախապատրաստեց յարմար պահը, որպէսզի անպարտելի կարծուած վարպետներ պարտութեան մատնէ եւ տիրանայ ախոյեանութեան։
*
* *
Այդպէ’ս, 1951էն սկսեալ մինչեւ 1963, Տիգրան Պետրոսեան շարքային ու դասական խաղացողի վարքագծով` շարունակ դարպասեց, հետեւողականօրէն մօտեցաւ եւ ի վերջոյ տիրացաւ, 1963ին, Ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան` պարտութեան մատնելով Պոթվիննիքը։
Իր այդ յաղթանակին վրայ հանգիստ քուն քաշող տեսակը չեղաւ, սակայն, Տիգրան Պետրոսեան։
Ընդհակառակն` 1965ին, աւելի քան 30 տարուան աւանդութիւնը խախտելով, Տիգրան Պետորսեան աշխարհի ախոյեանի իր տիտղոսին տէր մնալու համար` պայքարի ասպարէզ իջաւ յաւակնորդ Պորիս Սփասքիի դէմ եւ յաղթեց։
Այդ առումով ալ Տ․ Պետրոսեան դարձաւ Ճատրակի աշխարհի կրկնակի ախոյեան։
Աւելի՛ն. նոյնիսկ երբ 1969ին Սփասքիի հետ իր երկրորդ ճակատագրական մրցապայքարին պարտուեցաւ, հայազգի վարպետը մերժեց հետեւիլ իր նախորդներու օրինակին եւ չքաշուեցաւ ասպարէզէն։ Շարունակեց մասնակցիլ թէ՛ աշխարհի ախոյեանութեան յաւակնորդներու զտման մրցապայքարներուն, թէ՛ ուղղակի ախոյեանական ճակատումներուն։
Այդպիսով՝ ան հիւսեց պատնէշի վրայ անխոնջ պայքարող մնալու առասպելական եւ փառահեղ իր առասպելը։
Բայց ստամոքսի քաղցկեղը թոյլ չտուաւ, որ «Երկաթեայ Տիգրան»ը հրաշափառ իր վերադարձը իրականացնէ։
13 Օգոստոս 1984ին մեծ վարպետը առյաւէտ հեռացաւ մեր աշխարհէն։
Օրին ԹԱՍՍ գործակալութիւնը բաւարարուեցաւ պաշտօնական այն տեղեկանքով, թէ անյայտ հիւանդութեամբ մահացած է Ճատրակի աշխարհի 9րդ ախոյեանը։
*
* *
Թէեւ Տիգրան Պետրոսեան հեռացաւ Ճատրակի ասպարէզէն, բայց անոր առասպելը շարունակեց ապրիլ եւ երեւակայութիւնները գրաւել։
Ճատրակի սիրահարներէն շատեր մինչեւ այսօր կը գանգատին, որ «Երկաթեայ Մարդը»` Տիգրան Պետրոսեանը շատ պաշտպանողական կը խաղար եւ յարձակողական ճատրակի վայելքէն կը զրկէր մրցապայքարներուն հետեւող միլիոնաւոր հանդիսատեսները։
Թերեւս Տիգրան Պետրոսեանի հայո՛ւ խառնուածքէն կու գար, թերեւս նաեւ մեծ վարպետի իր նկարագրին թելադրանքն էր, որ «Երկաթեայ Տիգրան»ը բնաւ արկածախնդրութեան չդիմեց։
Այնքա՜ն արիւն զոհաբերած հայ ժողովուրդի հանճարեղ այս զաւակը վստահաբար կ՚անդրադառնար, որ լաւապէս ապահովուած պաշտպանողականը եւ անպարտելիութիւնը ուղիղ ճանապարհն են վերջնական յաղթանակին…
Այդ մտասեւեռումով էր, որ Տիգրան Պետրոսեան անպարտելի մնաց։
Աւելի քան 61 տոկոս համեմատութեամբ «ոչ ոքի» արդիւնքով աւարտեց տասնամեակներու վրայ երկարած իր մրցապայքարները։ Թերեւս յաղթանակներու ընդհանուր տոկոսով շատ մը այլ ախոյեաններու զիջեցաւ։ Բայց պարտութեանց նուազագոյն տոկոսով անմրցելի գագաթ մը նուաճեց, որովհետեւ պաշտպանողական եւ պահպանողական իր խաղաոճին արգասիքը եղաւ իր անպարտելիութիւնը։
Յատկապէս «ոչինչ յարձակում» (Nichevo Attack) որակուած Տիգրան Պետրոսեանի խաղաոճը դեռ երկար ժամանակ պիտի գրաւէ շատերուն երեւակայութիւնը։
Տասնամեակներով «Երկաթեայ Տիգրան»ին դէմ պայքար մղած Ճատրակի վարպետները մինչեւ վերջ ալ չհասկցան, թէ ինչպէ՜ս կարելի էր այդ աստիճան աննշմար քայլերով պաշարել մրցակիցը, աննկատ յառաջանալ եւ յանկարծ յաղթանակի տիրանալ։
Տիգրան Պետրոսեան աննախատեսելի եւ ծայր աստիճան դժուարին այդ ուղին փառքով նուաճեց։
Օգոստոս 13ի այս օրը, վերյիշելով Ճատրակի Հայ Հսկային, մեր ժողովուրդը կը մեծարէ բացառիկ ընդունակութեամբ օժտուած մարզիկէ մը աւելի՛ն, կը հաստատագրէ Հայկեան Հանճարին ազգային արժանաւորութեան աշխարհահռչակ ճառագայթումը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ