ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՍԻԱՄԱՆԹՕ (Ատոմ Եարճանեան, 1878-1915) Հայ Ցեղի ԿՈՏՈՐԱԾԻՆ եւ Հայաստան Աշխարհի ԸՄԲՈՍՏԱՑՄԱՆ հանճարեղ դիւցազներգակը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
ՍԻԱՄԱՆԹՕ (Ատոմ Եարճանեան, 1878-1915)․
Հայ Ցեղի ԿՈՏՈՐԱԾԻՆ եւ Հայաստան Աշխարհի ԸՄԲՈՍՏԱՑՄԱՆ հանճարեղ դիւցազներգակը
15 Օգոստոս 2020 – Ն. Պէրպէրեան
Օգոստոս 15ի օրը, 142 տարի առաջ, Հայաստան Աշխարհի Ակն քաղաքին մէջ, լոյս աշխարհ եկաւ Ատոմ Յովհաննէսի Եարճանեան անուն-ազգանունով մանչուկ մը, որ ՍԻԱՄԱՆԹՕ գրչանունով կոչուած էր յաւերժական բարձրունք մը նուաճելու հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ՝ իբրեւ Հայ Ցեղի ԿՈՏՈՐԱԾԻՆ եւ Հայաստան Աշխարհի ԸՄԲՈՍՏԱՑՄԱՆ հանճարեղ դիւցազներգակը։
Որքան տասնամեակները կ՚անցնին, հայոց սերունդները՝ իրենց ինքնաճանաչման եւ ինքնահաստատման հունաւորման ու հարստացման առումով՝ աւելիով կը փարին ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒՀԱՍԻՆ ողբերգականութիւնը եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԱՌԱՑՈՒՄԻՆ հերոսականութիւնը հանճարեղ երգերով յաւերժացուցած Սիամանթոյի բանաստեղծութեան, ուր արիւնն ու մոխիրը, աւերակոյտն ու շքեղ ապարանքները, արծուաթռիչ հայորդիներն ու անմեղ հայ մայրերու աղիողորմ ճիչերը ՅԱՃԱԽԱՆՔԻ պէս կը պաշարեն միտքն ու հոգին շնչող իւրաքանչիւր ՀԱՅՈՒ։
Հայ գրականութեան հանճարեղ դիւցազներգակին ծնունդը նշելով՝ կենսագրական հակիրճ տեղեկանքի կողքին՝ ընթերցողի յիշողութիւնը թարմացնող երկու քերթուած՝ ՑԱՒի ու ՑԱՍՈՒՄի զոյգ շիթեր կը յանձնեմ Յուշատետրին․-
*
* *
ՍԻԱՄԱՆԹՕ – 10 ՓԱՍՏ
Հեղինակ՝ Լուսանէ Ջալալեան
(«ՄԻԱՅՆ – ՈԳԵՇՆՉՈՂ ԼՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ» կայքէջ
https://www.vnews.am/culture/siamanto-10-past/ )
Սիամանթօ՝ բանաստեղծ, որի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը միաձուլուած էին սեփական ժողովրդի ճակատագրին: Սիամանթոյի վառ ու ողբերգական կեանքից մի քանի ուշագրաւ փաստ մեր անդրադարձում․-
10 փաստ Սիամանթոյի մասին, որ գուցէ՝ չգիտէք
1. Ատոմ Յովհաննէսի Եարճանեանը ծնուել է 1878թ.ի Օգոստոսի 15ին Արեւմտեան Հայաստանի Ակն քաղաքում․ գրողը՝ վաճառականի ընտանիքից էր:
2. Ակնի «Ներսիսեան» վարժարանում նախնական կրթութիւն ստանալու տարիներին ուսուցիչն է եղել յայտնի արձակագիր Գարեգին Սրուանձտեանը, հէնց նա էլ Ատոմին կնքում է Սիամանթօ գրական կեղծանունով:
3. 1891թ.ին ապագայ գրողը հօր հետ տեղափոխւում է Կ. Պոլիս, այստեղ շարունակում է կրթութիւնը, նախ՝ սովորում Գում-Գափուի «Միրիճանեան» դպրոցում, այնուհետեւ՝ Սկիւտարի «Պէրպէրեան» վարժարանում։
4. Դեռեւս պատանի՝ Սիամանթոն 1894-96թթ. հայկական ջարդերի հետեւանքով գնում է նախ դէպի Կահիրէ, յետոյ արդէն՝ Ժնեւ ու Փարիզ, որտեղ էլ դառնում է Սորբոնի համալսարանի ազատ ունկնդիր:
5. Սիամանթոյի առաջին բանաստեղծութիւնը լոյս է տեսել 1898թ.ին «Վաղուայ Ձայնը» թերթում: Այն «Աքսորուած խաղաղութիւն»ն էր, որը յայտնի էր նաեւ «Կոտորած» վերնագրով․-
«Գիշերին մէջէն արիւններուն ալիքը կը բարձրանայ
Սառերուն հետ շատրուաններ ուրուագծելով,
Եւ ամէն կողմէ սոսկումով կը սուրան հալածուած՝
Նախիրները հրդեհուող ցորեաններուն մէջէն…
6. Առաջին ժողովածուն 1902թ.ին տպագրուած «Դիւցազնօրէն» գիրքն էր, այն իւրատեսակ պայքարի նշանաբան էր՝ ուղղուած հայ երիտասարդութեանը:
«Այնքան արշալոյսներ կան, որ տակաւին չեն ծագած․․․»
7. 1904թ.ին Սիամանթոն մեկնում է Ժնեւ՝ թոքախտից բուժուելու նպատակով: Այնտեղ էլ ծանօթանում է Սաթենիկի հետ, սակայն հանգամանքներն այնպէս են դասաւորւում, որ Սաթենիկը վերադառնում է Կովկաս: Նրանց սէրը մի որոշ ժամանակ շարունակւում է նամակագրութեան տեսքով:
8. Մաննիկ Պէրպէրեանը գրողի յաջորդ սէրն էր․ նա երգչուհի լինելուց զատ բանաստեղծութիւններ էր գրում. ժամանակակիցներն ասում են, որ նրանց յարաբերութիւնները շատ ներդաշնակ էին: Սակայն շուտով նրանք բաժանւում են:
9. Գրողի վերջին սէրն է դառնում վերոնշեալ Սաթենիկի քոյրը՝ Մաշան: Ասում են՝ նրանք չափազանց տարբեր էին, Մաշան ազատամիտ ու օտարամոլ էր, Սիամանթոն՝ չափազանց զուսպ եւ հայրենասէր:
«Այս յուսահատութեան, զզուանքի, անկարելի ստրկութեան, պոռնիկ համակերպումի եւ իմ բառարանէս ու ձեր բառարանէն բացակայ ամէն հայհոյանքի արժանի օրերուն մէջ, ձեր փոքրիկ քարթը իր մեծ սրտով ինծի մտածել տուաւ, թէ դեռ մարդեր, բարեկամներ կան։ Բայց իմ ցաւէս առաջ, ցեղիս եւ ցեղիդ ցաւէն խօսիմ։
Բովանդակ ծաղիկ հայ երիտասարդութիւնը կերան բորենիները, զինուոր տարին։ Ահաւոր խուճապ։ Գաւառներէն մարդ չեն ձգեր։ Մինչև 45 տարեկան… Դէպի մահ, դէպի ստոյգ մահ։
Ո՛չ պատերազմի մէջի մահէն, այլ անօթութեան: Ամբողջ Թուրքիան անօթի է։ Այլեւս հայ եւ յոյն վաճառական կամ վաճառականութիւն չի մնաց։ Կառավարութիւնը բոլորն ալ հաւաքեց, թալանեց, կողոպտեց եւ գրաւեց։ Ամէն կողմ գրաւում, ոչ թէ ալիւր կամ կերպաս, այլ ինչ որ գտնեն հայ-յոյն վաճառականին քով։ Պոլիս եւ ամէն տեղ նոյն բանը»։
10. 1915 թուականին նա գտնւում էր այն խմբի մէջ, որին Անկարա քաղաքից ոչ-հեռու մի ձորում թուրքերը դաժանաբար տանջեցին։ Պատմում են, որ միւս օրն այդ վայրենի թուրքերը Անկարայի փողոցներում շրջում էին հայ մտաւորականների եւրոպական տարազներով։
«Այն որ կռիւը չի սիրեց, արժանի չէ այս օրուան…
Մեռելներն անոնք են, որոնց համար մենք մեռանք»…
*
* *
Սիամանթօ (1878-1915)
«Համազգային»ի կայքէջ
https://www.hamazkayin.com/…/%D5%BD%D5%AB%D5%A1%D5%B4%D5%A…/
Սիամանթօ, բուն անունով Ատոմ Եարճանեան, մեծատաղանդ բանաստեղծը ծնած է 1878 Յունուար 1ին (?) Ակն քաղաքը: Նախնական ուսումը ստացած է տեղի «Ներսէսեան» վարժարանը:
1891ին հօրը հետ տեղափոխուած է Պոլիս եւ ուսանած է Գում Գաբուի «Միրիճանեան», յետոյ՝ Սկիւտարի «Պէրպէրեան» վարժարաններուն մէջ: 1895ի ջարդերուն հետեւանքով՝ մեկնած է նախ Գահիրէ, ապա՝ Եւրոպա – Ժընեւ, Փարիզ, ուր հետեւած է Սորպոնի համալսարանի գրական բաժինին, իբրեւ ազատ ունկնդիր:
Սիամանթօ սերտ կապեր հաստատած է «Եւրոպայի Հայ Ուսանողներու Միութեան» եւ հայ ազգային կուսակցութիւններու հետ։ Այս մթնոլորտին մէջ կազմաւորուած են անոր աշխարհայեացքային եւ գրական-գեղարուեստական հակումները։
Երիտթուրքական յեղափոխութենէն եւ Յուլիսեան սահմանադրութենէն ետք երկրի քաղաքական մթնոլորտն ստուգելու միտումով՝ 1908ին Սիամանթօ վերադարձած է Կ. Պոլիս, ուր ստեղծեր է իր «Կարմիր լուրեր բարեկամէս» շարքը, զոր Դանիէլ Վարուժան անուանած է «տաղանդաւոր ոճրերգութիւն»:
Հայ գաղթականներու կեանքն ու առօրեան ուսումնասիրելու առաքելութեամբ՝ Սիամանթօ 1909ին մեկնած է Ամերիկա։ Ազգահաւաքման, հայրենականչի այս գաղափարին վրայ Սիամանթօ կառուցած է «Հայրենի հրաւէր» բանաստեղծական նամակաշարը՝ տարագիր հայութեան ուղղուած։
1913ին այցելած է Թիֆլիս, Պաքու եւ Էջմիածին, 1914ին վերադարձած է Պոլիս, 1915ին արեւմտահայ մտաւորականներու հետ սպաննուած է թուրքերու կողմէ:
Գրական ստեղծագործութիւններն են` «Դիւցազնօրէն» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, «Հայորդիներ» (1902էն 1908) բանաստեղծական երեք շարքերը, «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» քնարական մատեանը (1904էն 1907), «Հայրենի հրաւէր» (1909) նամակաշարը, «Կարմիր լուրեր բարեկամէս» (1909), «Սուրբ Մեսրոպ» (1913):
Իր բանասեղծութիւններէն շարք մը թարգմանուած է ռուսերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի եւ գերմաներէնի:
*
* *
ԽԵՂԴԱՄԱՀ
Ու գետնափոր նկուղին մէջ քառասուն անձ՝
Արջառներու սարսափահար հօտի մը պէս,
Որ աւազահողմին հարուածներէն կը հալածուի,
Մահուան դիմաց դողահար եւ մէկզմէկ ջախջախելով,
Չորս պատերուն մէջը խաւարչտին՝ խռնուեցանք…։
Ապառաժի լռութիւն մը իր սարսափովը կը ծանրանար,
Շշուկ չի կար, շնչող չի կար, շրթունքները փակ էին,
Եւ ամէնուս նայուածքները քստմնելի եւ դիւային,
Մէկզմէկու վրայ յառած՝ մէկզմէկու մահ կ՚ուզէին…։
Արեւծագէ մը մինչ արեւծագըն յաջորդ,
Այսպէս անձայն եւ անօթի, գերեզմանի քարերուն պէս՝
Մենք մեր մարմնոյն վրայ, մեր սարսափն երկաթեցինք…
Ու մեր թաքուն կատաղանքն եւ կարօտը կոտորելու մտածումով՝
Մեզմէ շատերն սկսան մոլեգնօրէն իրենց մատները կրծոտե՜լ…
Եւ ապառաժեայ լռութիւնը անհունին պէս մեր աչքերուն կ՚երկարէր…։
Բայց արեւին տակ՝ հազարաւոր անասնադէմ բարբարոսներ՝
Բերրի դաշտերն ու գիւղերն աւերելէ դեռ չի յոգնած,
Մեր թաքստոցը փնտռելով՝ մեր մահը դեռ կ՚ուզէին…։
Եւ գետնափորի մութերուն մէջը մահացնոր
Մենք սարսափո՛վ, սարսափո՛վ, սարսափո՛վ է որ լսեցինք
Հրազէնի, նիզակներու, սուիններու եւ սուրերու
Կայծակնապար շառաչիւնն, որ արեւին տակ կը վառէր…
Ու դիակնե՜ր, դիակնե՜ր մեր նկուղին երդիքներուն վրայ,
Արմատախիլ ծառերու պէս, սրսփանքով վար կ՚իյնային,
Հոգեվարքի հռնդիւններ՝ մերթ ամեհի եւ մերթ խուլ՝
Պատերէն ներս, նկուղին մէջ կու գային մեզ ցնորել։
Եւ հողապատ ձեղունէն, որ մեր վրան դագաղի մը պէս կը փակուէր,
Վերը հոսող տաք արիւնը յորդառատ՝ ծակտիքներէն վար սուզուելով…
Սկսաւ ալ կաթի՛լ կաթի՛լ մեր դէմքերուն վրան ծորիլ…։
Բայց նորածին մը նորէն սուր ճիչով մը սկսաւ լալ.
Մեր դաւաճանն անտարակոյս այդ անմեղը պիտի ըլլար.
Որոշման մը, եղեռնի մը, ոճիրի մը յոյսը միայն կար մեզի,
Երբ իր մայրն հեծեծանքով մը, ալ վերջապէս փսփսաց.
– Աստուած մեզի թո՛ղ գթայ, ստինքներս պարապ են.
Ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ. մինչեւ արիւնս ծծել տուի…։
Ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ, ինչ որ կ՚ուզէք, վճռեցէ՛ք…
– Պէտք է խեղդե՛լ,- ըսաւ մէկը իր բազուկն բարկութեամբ մը երկարելով։
– Պէտք է խեղդե՛լ…- փսփսացինք քառասուն անձ նոյն ատեն…
– Նախ եւ առաջ զիս խեղդեցէք եւ յետոյ իմ զաւակս…
– Ձայնը առին, տանիքն արդէն բրիչներով կը փորեն…
– Բոլորս մէկ մատնուեցանք, արդէն տանիքը կը փորեն…
– Արդէն հողը վար կը թափի, լոյսն արդէն կ՚երեւայ…
– Կը պաղատի՜մ, խեղդեցէ՛ք զիս. ահաւասիկ իմ կոկորդս եւ կոկորդն իմ զաւակիս…
Ու հայ մայրն իր վզին հետ զաւկին վիզը մութին մէջէն մեզ երկարեց…
Խաւարին մէջ երկու բազուկ օձերու պէս գալարուելէն,
Մանկան վիզը գտնելով՝ ահեղութեամբ մը զայն սեղմեցին…։
Լռութիւնն այս անգամ նկուղին մէջ մրրիկ մ՚էր։
Ես րոպէ մը կարծեցի, որ բոլորս մէկ արժանապէս մահացանք…։
Պահ մը յետոյ խաբուած մարդու հայհուչներով տղմաթաթաւ,
Զգացինք, որ արիւնախում խուժանը յուսահատած կը հեռանար…։
Փրկութի՞ւն էր մեզի համար։ Ստրուկները կը փրկուի՞ն։ Այսպէ՞ս պէտք է փրկուիլ….։
Ու ամէն օր այդ խեղճ կինը կիսամերկ՝ ճամբաներուն վրայ կեցած,
Անծանօթի՛ն, անցորդի՛ն, թշնամիի՛ն եւ օտարի՛ն
– Քղանցքներուն փաթթուելով խենթի մը պէս կ՚աղաղակէ.
– Սա՛ ձեռքերս կը տեսնէ՞ք, կը տեսնէ՞ք սա ձեռքերս,
Ես էի որ ասոնցմով, նկուղին մէջ, իմ նորածինս խեղդեցի…
Հաւատացէ՛ք, ես էի որ զայն խեդդեցի, ի՜նչ անարդար մարդեր էք,
Դուք ալ գոնէ զի՛ս խեղդեցէք, իմ ձեռքերս անզօր են.
Ես էի որ նորածինս նկուղին մէջ բոլոր ուժովս խեղդեցի…
Սիրտ չունի՞ք դուք, խեդդեցէ՛ք զիս, իմ ձեռքերս ա՛լ ուժ չունին…։
*
* *
ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱՏԱՐԷՆ
Gloria victis! [1]
Մահակիր սիւները մթնշաղին մէջէն եղեռնաբար կը բարձրանան
Պայծառ, սրտոտ եւ նուիրական որդիներուն համար տրտմաթախիծ Հայրենիքին,
Կարինէն Գաղատիա եւ Մարզուան եւ ՊոլիսԷն Իզմիր եւ Երիզա…
Եւ ամէն անգամ որ արեւակերպ հերոսի մը հռնդիւնը հովերուն մէջ մեռաւ,
Հեթանոս խուժանը կատաղօրէն վարն էր, հրապարակին վրայ, ցեխին մէջ եւ ցեխն ապականելով…
Եւ ցնծութենէ կ՚ոռնար, Ալլահին հրաւէրէն եւ ատելութեան ծափերէն մոլեգին։
Բայց ո՞վ էր որ պիտի ողբար քու բարոյականդ, ո՛վ խաւարի եւ աւերի ժողովուրդ,
Դուն, որ դահիճներուն առջեւ կը ծնրադրես եւ հերոսներուն համար պսակ հիւսել չես գիտեր…
Ո՞վ պիտի սգայ քու անբերրի դարերուդ բարբարոս արշաւը Ելլադայէն ի Հայաստան,
Ո՞վ պիտի կենցաղացնէ քու գործած աւերակներդ եւ գեղեցկութիւնները, զոր փոշիացուցիր…
Եւ ո՞վ պիտի բերէ իտէապաշտութեան մրրկոտ ջահը, քու կեանքիդ ճանապարհին վրայ, հերոսաբար սարսելու…
Եթէ ոչ Հայորդին, որուն յստակ մտածումը Արեւմուտքին իտէալները ձեր դիմաց ապարդիւնօրէն ցոլացուց…
Եւ որուն արիւնը եկաւ նոյնիսկ Մարդկութեան բովանդակ Պատմութիւնը թրջելու…
Որպէսզի կարմիր լոյսը վերջապէս զձեզ թափանցէր եւ դժխեմ սուրին տեղ ձիթենիին ճիւղը բռնէիք…
Ահաւոր անկիւնէ մը անդոհական թիարանին դուռը իր ծխնիին վրայ կը ճռնչէ…
Կիսամութին մէջ մահաձայն շռինդ մը քարերուն վրայ դաժանօրէն կը դարբնուի,
Եւ սուիններ եւ սուրեր կը մերկանան, եւ յիշոցներ ու նզովքներ ամէն դի,
Հսկաներ դուրս կ՚աշտարակուին, անընկճելի եւ շքեղ եւ անվեհեր,
Իրենց ըմբոստի ուսերէն առկախ երկաթները ազատարար զանգերու պէս մէկզմէկու ընդհարելէն…
Դէպի ստոյգ մահը կը քալեն, ցեղին ցաւովը սպառազէն եւ մօտաւոր մահէն զօրաւոր…
………………………………………………………………………………………………………………………………….
…………………………………………………………………………………………………………………………………
Ո՜վ գերագոյն եղբայրներ, առաւօտը քաղցրօրէն քաղցր է, եւ ամենագութ աստղերը կը տարաժամին…
Եւ երկնակամարէն ծորացող լոյսը, այսօր, ձեր հերոսի հոգեվարքին համար է սահմանուած…
Հիմա հովեր պիտի անցնին տառապանքով հեծեծուն, արիւնով կարմիր, մոխիրով սպիտակ…
Հայրենիքէն փախչող հովեր պիտի անցնին, կարօտով, արցունքով եւ յիշատակով բեռնաւոր,
Եւ հողին տրտմութենէն տրտում՝ տատրակները իրենց փետուրներուն շուշանը վար պիտի թափեն…
Եւ սրարշաւ արծիւներ ձեր հերոսի մահագոյժը կատարէ պիտի պատգամեն…
Մինչդեռ չարաշուք խուժանը վարէն, թերեւս, մա՛հ պիտի որոտայ գաղափարի զոհերուդ…։
Եւ ահա կմախակերպ սիւներուն առջեւ կանգ առին, մահը ոտքերնուն տակ եւ հայեացքնին աստղերուն,
Եւ որոտումին պէս խօսեցան, իրենց բռունցքին մէջ կայծակներ ծրարած եւ բառերնուն հետ ապառաժներ շարժելէն.
«Նախ դուն ե՛տ թաւալէ, ստրկութեան եւ չարիքի արիւնախում խուժա՛ն,
Դո՛ւն, որուն բերանէն դեռ մեր ցեղին արիւնն է որ աչքերնուս առջեւ վար կը կաթկթի…
Դո՛ւն, որ մեր հացովն ես սնած ու մեր դարբնած սուրերը մեր սրտին ուղղած…
Դո՛ւն, որ քու անիմաստ գոյութիւնդ մեր կենսագործութեանը եւ մեր ճիգին կը պարտիս,
Դո՛ւն, որ դաշտե՜ր մոխրացուցիր եւ մենք, որ անխոնջօրէն զանոնք արշալոյսներու վերածեցինք…
Դո՛ւն, որ մահ սերմանեցիր եւ մենք, որ ցեղովին գեղեցկութիւն եւ բարօրութիւն ծնցուցինք…
Դո՛ւն, բարբարոսութեան անխիղճ գործօն, ե՛տ քաշուէ, ե՛տ թաւալէ, ե՛տ խաւարուէ…
Թող մեր վերջին հայեացքը պայծառ մեռնի՝ մեր ոգեվարի գալարումին արժանի չես դուն…
Եւ դո՛ւք, դատաւորնե՛ր, դահիճնե՛ր, եւ դո՛ւն, մեռելատի՛պ Մարդասպան,
Ըսե՛նք ձեզի, այս ժամը ձեր զարհուրանքի ժամն է, Հայրենիքին կողը նոր հերոսներու երկունքէն կը սարսռայ…
Այլեւս օրէնք չի կայ, ազատակամ ու խիզախ մահը, մահն է ձեր դարաւոր բռնութեան,
Կործանողներու կործանումը փոթորիկներու պէս, անջրպետներէն պիտի հասնի, պիտի գայ,
Միայն Գաղափարն է որ ո՛չ մահ ունի, ո՛չ դատաւոր, ո՛չ գերեզման եւ ո՛չ դագաղ։
Եւ հիմա զմեզ խեղդող չուանը մեզի տուէ՛ք, մեզի տուէ՛ք, դահճապետնե՛ր, դահիճնե՛ր,
Եւ կեցցե՛ն Ըմբոստները, կեցցե՛ն Ըմբոստները, կեցցե՛ն, եւ կեցցէ՛ Հայաստան…»։
………………………………………………………………………………………………………………………………..
………………………………………………………………………………………………………………………………..
Հեթանոս խուժանը անհետացաւ, ինչպէս դիակներ պղինձէ հովերուն շունչէն հալածական,
Եւ անցնող զեփիւռները իրենց մայրական լացը լացին, անցնող թռչուններն իրենց երգը երգեցին,
Անցնող ճառագայթներն իրենց ոսկիէ պսակը եւ դափնին հիւսեցին,
Անցնող եղբայրը եւ լռին եւ անխօս հոգիները իրենց զարհուրելի վրէժները յղացան…
Ու ձեր մարմինները, ո՜վ Ահաւորներ, ո՜վ Ճշմարիտներ, ով գերագո՜յն եղբայրներ,
Ձեր մարմինները օդին մէջ առկախ եւ ձեր մեծաբաց աչքերը հայրենի աստղերուն,
Օրերով եւ գիշերներով, երկու, սիւներուն մէջտեղ քինայոյզ ճօճեցան եւ ճօճեցան,
Եւ ձեր վերջին խօսքերը, անտառին նման ուռճացան…» Կեցցե՛ն Ըմբոստները եւ կեցցէ՛ Հայաստան…»։
[1] Փա՜ռք պարտեալին ( լատ. )։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ