ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Քաղաքակրթութեան Թեքումներուն Եւ Լաբիրինթոսին Մէջ – Բ. Հայկական Ինքնութեան Մասին Վկայութիւններ
22 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՆԱԽՈՐԴԸ – Ա.- Հայկական Ինքնութեան Մասին Վկայութիւններ
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Պատահական չէ, որ Միջագետքի մէջ կազմաւորուած քաղաքակրթութիւնները, մասնաւորապէս՝ Տիգրիս եւ Եփրատ գետերու հովիտներուն շրջանը, անընդհատ փոխուած են, սակայն Հայկական լեռնաշխարհի մէջ կազմաւորուած հայկական քաղաքակրթութիւնը շարունակած է պահպանել իր գոյութիւնը եւ կայուն կերպով զարգանալ:
«Լեռնականը՝ ուզէ չուզէ, պէտք է պարկեշտ, պատշաճ, հիւրասէր, աշխատասէր, հետաքրքրասէր, ֆիզիքապէս եւ բանականօրէն առողջ, պահպանողական, ջատագովը հասարակական եւ անհատական կարգապահութեան, նախաձեռնող եւ յանդուգն ըլլայ եւ այլն: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ան հիւրերուն կ՛ընդունի գրկաբաց, այնպէս ալ անոր պիտի ընդունին նոյնպէս գրկաբաց: Լեռնականը հիւրեր ընդունելու կարիք ունի միայն այն պատճառով, որ ան մեկուսացած է աշխարհէն եւ պէտք է վերահասու ըլլայ, իր շուրջի աշխարհի անցուդարձերէն: Այս միջոցով կազմաւորուած է Քանթի նշած «Գերազանց ոգի՝ եռանդ»-ը: Ակնյայտ է, որ այս ամէնուն ենթական, նախ եւ առաջ այն գիւղացին է, որուն մասին Ռէքլուն իրաւամբ կը վերագրէ հայերու մասին Թուրնֆորի խօսքերը:
««Գրկաբացութեան» յատկանիշը նա՛եւ անտեսուած է: Հայերը դարեր շարունակ առեւտուրով զբաղած են, որ կու գայ փաստելու, թէ, որքան ալ անոնք իրենց անձնական շահերը կը հետապնդէին՝ ուրեմն առեւտուրի մէջ չե՛ն խաբած: Ընդհակառա՛կը, անոնք կրցան յաճախորդներ գրաւել, ներառեալ թագաւորական ընտանիքներու անդամներ, մեծահամբաւ իշխաններ եւ աւատապետեր ու տեղական վաճառականներ, որ կը փաստէ իրենց պարկեշտութիւնը եւ ազնուութիւնը, առանց որոնց, իրենք երբե՛ք «գրկաբաց», սիրալիր ընդունելութեան պիտի չարժանանային: Հայ վաճառականները նաեւ ծառայած են իբրեւ թագաւորական թարգմաններ, դիւանագէտներ, նոյնիսկ՝ կարգ մը երկիրներու մէջ բարձր պաշտօններու տիրացան եւ արտաքին գործոց նախարարներ դարձան (նաեւ, ներքին գործոց նախարար, վարչապետ եւ այլն*):
«Ակնյայտ է, որ երկարատեւ յարաբերութիւններուն ընթացքին, հայ առեւտրականները ո՛չ միայն առեւտուրով զբաղած են, այլ նաեւ, միաժամանակ, օտարներուն ծանօթացուցած են հայկական մշակոյթը, արուեստը, արհեստը եւ մասնակցած են տուեալ երկրին համապատասխան տարբեր ձեռնարկներուն: Իրենց այս յարաբերութեան ընթացքին՝ հայերը կառուցած են եկեղեցիներ, դպրոցներ, գաղութներուն մէջ հիմնած են տպարաններ եւ բարեգործական նախաձեռնութիւններու ձեռնարկած: Անոնք նոյնիսկ ունեցած են այդ ժամանակներուն յարմար յատուկ տարազ, եւ պատահական չէ, որ Ռուսոն (Jean-Jacques Rousseau, 1712-1778*) (6) հայ վաճառականի զգեստ կը հագնէր՝ քաղաքական հետապնդումներէ խուսափելու համար (ան կը նկատուի ֆրանսական յեղափոխութեան ռահվիրաներէն*): Եւ անշուշտ իշխանութիւնները այդ տարազին եւ պատկանելիութեանը ծանօթ էին (եւ, հագնողին հանդէպ յարգալիր*):
Հայերուն մէկ այլ բնորոշ յատկութիւնը՝ անոնց խաղաղասէր բնոյթն է: Թուրնֆոր կը գրէ. «Հայերը իրենք զիրենք երջանիկ կը համարեն, երբ զէնքով չեն զբաղիր, ի տարբերութիւն այլ ազգերուն՝ անոնք զէնք կը վերցնեն, որպէսզի յարձակումներէ պաշտպանուին»: Մէկ այլ բան, որ կ’արժէ նշել, ռուս պատմաբան Սերկէյ Կլինքայի (Sergei Glinka, 1774-1847) հաւաստիացումն է (7). «Գրածս գովաբանութիւն չէ, եւ որքանո՞վ բոլոր պատմութիւնները (հայերու մասին) փառաբանութենէ հեռու են: Հայերը իրենց վարմունքը՝ նկարագիրը չփոխեցին վայրագ նուաճումներու ժայթքումներուն հետեւանքով՝ շնորհիւ իրենց բարոյական յատկանիշներով ազգային ոգիին (իրե՛նք ալ վայրագ չդարձան*), քանի որ, մնացեալը անցողական է:
«Պաշտպանել հայրենիքը, պահպանել սեփական անկախութիւնը, դիմադրել արտաքին բռնութեան փորձերուն. ասոնք էին զինուելու հիմնական նպատակները: Ահա թէ ինչո՛ւ Միհրը, անոնց հեթանոսական չստուածներէն մէկը, հոգեւոր կրակ էր, որ մի՛այն կը պահպանէր եւ չէր վնասեր բնութիւնն ու մարդը: Կրկին Պայրընին դիմենք. «Դժուար է ազգի մը ժամանակագրութիւնը գտնել, որ զերծ է արատաւոր յանցագործութիւններէ, ի բացառեալ հայերէն, որոնց առաքինութիւնները խաղաղութեան արդիւնք են, եւ որուն թերութիւնները ճնշման արդիւնք են»: Անհրաժեշտ է նշել նաեւ, անգլիացի քաղաքական եւ պետական գործիչ Ուիլեըմ Էուարթ Կլատսթոնը (վարչապետ, William Ewart Gladstone, 1805-1898) (9), իբրեւ յայտնի անձնաւորութիւն, որ գրած է հայերու մասին, ըստ իրեն. «Հայերը քրիստոնէական քաղաքակրթութեան հնագոյն ժողովուրդներէն են եւ աշխարհի մէջ ամենէն խաղաղ, գործարար եւ գիտակիցներէն մէկը»: Ան կը նշէ նաեւ, որ աշխատասիրութիւնը, խաղաղութեան ձգտումը, ողջախոհութիւնը հիմնական պատճառներն են, թէ՝ ինչո՛ւ Հայաստանի մէջ ստրկութիւն գոյութիւն չէ ունեցած, իբրեւ հասարակութիւն:
«Մենք կրնանք շարունակել նշել հայերը փառաբանողներուն շարքը՝ յիշելով ֆրանսական ակադեմիայի գերմանացի արեւելագէտ Վ. Պելքինը (V. Belkin, շատ հաւանական է, որ պէտք է Վալտմար Պելքը ըլլայ՝ Waldemar Belck, 1862-1932, (13) որ Հայաստանի զանազան վայրերու մէջ եւ Գետաբակի մօտակայքը՝ Գանձակ, շուրջ 300 դամբարան պեղած է եւ հայերու մասին գիրքեր հրատարակած –ՅՉ*), ռուս ռազմական պատմաբան Վիքթոր Ապազան (Viktor Abaza, 1831-1898) եւ ուրիշներ: Պարզապէս նշեմ, որ ամենամեծ ապացոյցը հայերուն խաղաղութեան՝ դէպի խաղաղութիւն մղումին, անոնց պատմութիւնն է, անկախութեան եւ ազատագրումի պայքարի դրուագներով լեցուն: Արեւելքի մէջ ան յայտնի է նաեւ իր յոխորտանքով լեցուն էջերով մեծ զօրավարներու, պատերազմի հերոսներու եւ, վերջապէս, ասոր լաւագոյն ապացոյցը «Սասնայ ծռեր» դիւցազներգական բանաստեղծութիւնն է:
«Հայ ժողովուրդի խաղաղասիրական առանձնայատկութեան օրինակ մըն է Մեծ Հայքի հզօր կայսրութեան՝ Արտաշէս Ա. թագաւորը, որ Հայոց թագաւորութեան սահմանները ճշդած էր ո՛չ թէ զէնքի ուժով, այլ հայախօս բնակչութեան ներկայութեամբ: Ընդհանրապէս, խաղաղասիրութիւնը պայմանաւորուած է ժրաջանութեամբ եւ հարստութիւն ձեռք բերելու ինքնուրոյն կարողութեամբ: Հազարաւոր տարիներ ապրելով լեռնաշխարհի խիստ պայմաններուն մէջ, հայերը սորված են վաստակիլ իրենց սեփական ապրուստը, քրտնաջան աշխատանքով, իմանալով բնութեան օրէնքները, ինչպէս նաեւ գիտակցելով, որ ուրիշին ունեցուածքը թալանելը՝ ինքզինք կ՛աղքատացնէ:
«Մշտապէս զիրենք շրջապատող աւազակներուն զոհը ըլլալով, հայերը ընդմիշտ հասկցած են, որ կողոպուտը լա՛ւ ապրելու ճիշտ միջոցը չէ: Գողութիւն, թալան, ուրիշին սեփականութիւնը գողնալը միշտ դիմադրութիւն կը յառաջացնէ, եւ կողոպուտին պատճառով՝ պէտք է պատրաստ ըլլալ ո՛չ թէ մի՛այն շահելու, այլեւ կորսնցնելու. մէկը կը կորսնցնէ իր զաւակները, իր միտքի խաղաղութիւնը եւ յաճախ կողոպուտի զոհ կը դառնայ:
«Շատ մը գոյութիւն ունեցած հզօր կայսրութիւններ, հայերուն աչքին առջեւ, իրենց ժողովուրդներուն հետ անհետացած են: Իւրաքանչիւր պատերազմ, նոյնիսկ յաղթական՝ նոր պատերազմ կը ծնի եւ, գերակշիռ կերպով, յաղթողը կը դառնայ պարտուող: Այսպէս անհետացան շումերները, աքքատները, ասորիները, հռոմէական եւ պարթեւ կայսրութիւնները երկրի երեսէն:
«Հին ժամանակներէն ի վեր, թալանը՝ եւրոպական մայր ցամաքին մէջ ապրող ժողովուրդներուն ապրելակերպի կարեւոր մասն էր: Սակայն, ընդունելով հին յունական փիլիսոփայական բանականութիւնը, եւրոպացիները յաջողեցան մեծապէս խթանել կրթութիւնը, գիտութիւնը, ճարտարարուեստը, զարգացնել արուեստները նաեւ, ժառանգել՝ դաժան, չարամիտ եւ ամբարտաւան ուղին, որ կը կեդրոնանար հրատապ քաղաքական եւ տնտեսական շահերու վրայ, եւ ատոր շնորհիւ անոնք յաջողեցան ապահովել բարեկեցիկ կեանք իրենց մեծահարուստ խաւին, քաղաքացիներուն եւ հպատակներուն համար:
«Եւրոպական Լուսաւորութեան ժամանակի մտածողները, որոնք կը պաշտպանէին Ֆրանսայի յեղափոխութեան կողմէ հռչակուած մարդու իրաւունքները, ազատութեան, հաւասարութեան, «եղբայրութեան» գաղափարները, իրականութեան մէջ, չունէին արժանի հետեւորդներ եւ չէին երաշխաւորեր «եղբայրութեան» գաղափարի իրականացումը: Այս ամէնն էր, որ հնագէտ Հէյնրիխ Շլէյմանը (Heinrich Schliemann, 1822-1890, որ կը նկատուի գիտական հնագիտութեան հիմնադիրը*) (9), մղեց այն եզրակացութեան, որ «Եւրոպայի ողբերգութիւնը այն է, որ իր քաղաքակրթութիւնը հիմնած է յունական, եւ ոչ թէ հայկական մշակոյթին վրայ»: (Ան ըսած է. «Ամբողջ Եւրոպայի մշակոյթը ինքզինք ժառանգորդը կը նկատէ հնադարեան յունական եւ հռոմէական քաղաքակրթութիւններուն՝ առանց գիտակցելու, որ այդ երկուքը իրենց կարգին գոյացած են հնադարեան հայկական քաղաքակրթութենէն» (10) – ՅՉ)
«Այսօր Արեւմուտքը կը հնձէ իր մեղքերուն պտուղը. միջազգային ահաբեկչութիւն եւ միջազգային գաղթականութիւն: Ասոնք պարզապէս սերմերն են որ իրենք ցանեցին, եւ տակաւին Եւրոպան շատ բան ունի վճարելու իր վայրագութիւններուն, թալանին, պատերազմներուն եւ հարիւրաւոր ժողովուրդներու վնասելուն համար:
«Վերը մենք նշեցինք հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունեցող հայկական գաղութներուն մասին, ուր պահպանուած են ո՛չ միայն բազմալեզու գրականութիւնը, յղումները եւ ուսումնասիրութիւնները, այլեւ նիւթական մշակոյթի նշանակալի հետքերը: Կարգ մը գաղութներ ստեղծուած են հայերուն ուրոյն տեղաշարժով, երբ տարբեր պատճառներով հայերը ստիպուած եղած են լքելու իրենց հայրենիքը, միւսները՝ վայրենի պետութիւններու պարտադիր վերաբնակեցումին կամ տեղահանութեան պատճառներով:
«Բռնագաղթը քանի մը նպատակ ունէր. նախ՝ վտարել զանոնք հայկական տարածքներէն, որպէսզի վերջնականապէս իւրացնեն հողերը, միւս կողմէ՝ այդ տարածքները ոչ գրաւիչ, կամ ոչ պիտանի դարձնել, հարեւան թշնամի երկիրներուն համար: Անմիջական հարեւանները՝ Բիւզանդիոնը, Պարսկաստանը, Ռուսիան եւ հեռաւոր՝Լեհ-Լիթուանեան, Թրանսիլվանիան (Ռումանիա*), եւ Հնդկաստանը, բռնի, կամ խաղաղ միջոցներով, հայերով բնակեցուցած են գիւղեր, քաղաքներ եւ շրջաններ: Տեղահանելով, երբեմն շահագործելով, հող տրամադրելով, տնտեսական առաւելութիւններ շնորհելով, ազգային կրթութեան, մշակութային, կրօնական ազատութիւններով ու ներքին ինքնավարութիւն շնորհելով՝ հայերը բնակութիւն հաստատեցին օտարին անմարդաբնակ, կամ գրաւեալ տարածքներուն վրայ՝ օգտագործելով իրենց առեւտրային եւ արհեստային ներուժը, սեփական անվտանգութեան եւ զարգացման համար: Ի՞նչն էր հայերուն նկատմամբ այսպիսի բարեացակամ վերաբերմունքին պատճառը: Պատասխանը ակնյայտ է: Հայերը աշխատասէր են, առաջադէմ, նաեւ, խաղաղասէր ու խաղաղ:
«Այս նիւթով, հաճոյքով կ՛ուզեմ յիշեցնել հատուած մը Խրիմի պատմութենէն: Երբ Ռուսիոյ կայսրուհի Եկատերինա Երկրորդը (1729-1796) հրահանգեց իշխան Փոթեմքինին գրաւելու Խրիմը, ան հետեւեալ քայլը առաւ. Խրիմ հրաւիրեց յոյներ եւ քրիստոնեայ հայեր, անոնց շնորհելով հարկային եւ կալուածային մենաշնորհներ: Քրիստոնեայ հայերուն եւ յոյներուն կարաւանները մտան քրիստոնեայ Ռուսիա, որուն հետեւանքով, տեղացին տնտեսական անկում կրեց եւ կորսնցուց իր դիմադրողականութիւնը ռուսական յարձակումին նախօրէին:
«Բիւզանդիոնը ժամանակին տկարացուց հայկական թագաւորութիւնները, վտարեց հայերը՝ ճանապարհը հարթելով թրքական զօրքերուն արշաւանքին դէպի երկրին խորերը, մինչեւ Կոստանդնուպոլիս, ուր ի՛նքն ալ կործանեցաւ:Ուստի, թուրքերը հեռու չմնացին որեւէ միջոցէ, նոյնիսկ դիմեցին (հայերուն*) ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկումին՝ պարպելով երկիրը այս կենսունակ քրիստոնեայ տարրէն:
«Արեւմուտքը նմանապէս անուղղակի մեղսակից էր ատոր մէջ (ցեղասպանութեան*), որ պիտի շարունակուի՝ մինչեւ որ անոնք ձերբազատուին Բրիտանիոյ. «Մենք մնայուն դաշնակիցներ չունինք, մենք մնայուն թշնամիներ չունինք: Միայն մեր շահերն են անփոփոխ եւ յաւէրժական» լոզունքէն, քանդիչ փիլիսոփայութենէն, որ ըսած է վարչապետ Հենրի Փալմըրսըն (Henry Temple, Lord Palmerson, 1848): Անհրաժեշտ է ունենալ «մնայուն բարեկամներ», որ կը գոյանայ միայն փոխադարձ շահերու եւ գործակցութեան միջոցով:
«Թէեւ, առաջին հայեացքով, հայ ժողովուրդին մասին, շատ յայտնի օտարներու գովեստի այս խօսքերը, չափազանցուած կը թուին, իրականութեան մէջ, անոնք արդարացուած են: Սակայն, սա չի նշանակեր, որ հայերը աշխարհի «լաւագոյն» ժողովուրդն են, առ նուազն, քանի որ կան շատ «լաւ» ազգեր, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են մարդկային քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ: Դարեր շարունակ, հայերը գտնուելով օտարներու դաժան տիրապետութեան տակ, իւրացուցած էին անոնց շատ մը թերութիւնները, եւ այժմ, անոնք լքած են իրենց նախնիներուն ազգային-բարոյական կերպարը՝ կորսնցնելով բազմաթիւ արժէքներ:
«Ուստի, ես հայերուն պատգամ մըն է, որ կը յղեմ, ո՛չ միայն հպարտանալու անցեալի փառքին եւ գովասանքին համար, այլեւ ջանքեր գործադրել վերականգնելու հայ ազգի առանձնայատուկ վեհութիւնն ու առաքինութիւնը, ինչպէս նաեւ ձերբազատուիլ օտարամուտ թերութիւններէն: Մի՛այն այդ ինքնամաքրումի եւ վեհացման շնորհիւ դուք կը կարողանաք ձեզ համարել առաքինի ժողովուրդ, ինչը աւելի կարեւոր է, քան ուրիշներուն գովասանքը»:
17 օգոստոս 2020
Շար. 2 եւ վերջ
*Լուսաբանութիւնները եւ վերագրումները իմ կողմէս:
(1) https://moderndiplomacy.eu/2020/08/09/in-the-bends-and-labyrinths-of-civilizations/
(2) https://play.google.com/books/reader?id=984GAAAAQAAJ&hl=en&pg=GBS.PP1
(3) https://play.google.com/books/reader?id=-S0BAAAAQAAJ&hl=en&pg=GBS.PP11
(4) https://washingtonlatest.com/in-the-bends-and-labyrinths-of-civilizations-modern-diplomacy/
(5) https://en.wikipedia.org/wiki/Immanuel_Kant
(6) https://en.wikipedia.org/wiki/Jean-Jacques_Rousseau
(7) https://en.wikipedia.org/wiki/Sergey_Glinka
(8) https://www.google.com/search?client=firefox-b-d&q=William+Ewart+Gladstone
(9) https://www.dw.com/en/heinrich-schliemann-the-man-who-discovered-troy/a-18946144
(10) https://allinnet.info/interesting/armenia-the-homeland-of-the-sumerians/
(11) https://www.peopleofar.com/2013/12/05/jean-jacques-rousseau-in-his-armenian-attire/
(12) https://www.peopleofar.com/2014/03/02/ancient-cave-dwellings-of-armenia/
(13) https://en.wikipedia.org/wiki/Waldemar_Belck
Վալտմար Պելքի հրատարակած հայերու մասին գիրքերէն են
- Ueber neuerlich aufgefundene Keilinschriften in russisch und türkisch Armenion, in: Zeitschrift für Ethnologie, 24 Bd (1892) pp. 122–152, (with Carl Lehmann-Haupt) – On newly discovered cuneiform inscriptions in Russian and Turkish Armenia.
- Archäologische forschungen in Armenien, 1893 – Archaeological investigations in Armenia.
- Reisebriefe von der Armenischen Expedition, 1899-1900 – Travel letters from the Armenian expedition.
aztagdaily.com/archives/481079