Յ. ՊԱԼԵԱՆ – Անդրադարձ – Գրադարանի Մէջ Տեղ Չգտած Վկայութեան Էջեր
22 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 –
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Օգոստոսի ծուլացնող այս օրերուն, գարադարանիս մէջ տեղ գրաւելու պատիւէն զրկուած եւ ասդին-անդին դիզուած թերթեր ու պրակներ խառնշտկեցի, հինի եւ հինցածի բեռէն ազատելու համար տան տարածութիւնը: Սենեակներն ալ շնչելու իրաւունք ունին: Եւ տոպրակներով թուղթեր աղբաման գացին: Վերջին պահուն, դէզին մէջէն պրակ մը աչք քթթեց: Կողքի երեք գոյները փրկեցին զինք:
82 տարի առաջ տպուած պրակ մը:
Ֆրանսայի ՀՅԴ Կեդր. Կոմիտէն, Մայիս 28ի անկախութեան տարեդարձին առիթով յայտարարութեամբ մը չէ գոհացած, պրակ մը հրատարակած է: Էջեր՝ պատմութիւն կերտած եւ պատմութիւն դարձած դէմքերու ստորագրութիւններով: Թուական՝ 1938: «20ամեակ Հայաստանի անդրանիկ Հանրապետութեան հռչակման»:
Պրակ մը, պրակի ճակատագրով: Մէկ օրուան կեանքով: Թէեւ կողքի չորրորդ էջին վարի անկիւնը ըսուած է. «Այս հատորին գինն է 5 ֆրանգ, 1 շիլին, 25 սենթ»: Կողքով՝ 72 էջ:
Պրակի սկիզբը, Ֆրանսայի Կեդր. Կոմիտէի Յայտարարութենէն ետք, կը կարդանք Աւետիս Ահարոնեանի ՄԱՍԻՍը, արտատպում, քանի որ ան 1934 փետրուարին կաթուածահար եղած էր եւ պիտի մեռնէր 1948ին: Ապա կը կարդանք «Հայոց Ազգային Խորհուրդ»ի «Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի յայտարարութիւնը»: Աւելի հետաքրքրական են Հանրապետութեան կարեւոր դէմքերու վկայութիւնները:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք արտասահման ապաստանած էին Հանրապետութեան աւագ դէմքերէն շատեր: Պատմութան վկաներու վկայութիւնները այլապէս հետաքրքրական են, իրաւութիւն ունին: Տպաւորելու միտող ճառ չեն: Այսպէս, վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեան, «Հայաստանի անկախութեան հռչակումը» խորագրին տակ, խիտ եւ համապարփակ պատկեր մը կու տայ: Այնքա՜ն վճիտ է ղեկավարական բովէ անցած Ալեքսանդր Խատիսեանի խօսքը, որ ճշմարիտ էր էրէկ, ճշմարիտ է այսօր: Կ’ըսէ.
«Այսօր, այս հանդիսաւոր օրը, երբ մենք տօնում ենք մեր անկախութեան 20րդ տարեդարձը, ես ուզում էի ցոյց տալ, որ Մայիսի 28ը պատահական պատմական դէպքերու հետեւանք չէ,- այլ բնական եւ անխուսափելի երեւոյթ է, որ մի օր պիտի պատահէր: Բոլոր ազգերը, որոնք ապրում են ազգային անկախութեան գաղափարով,- հասնում են իրենց նպատակին երկու ուժերու ներդաշնակ գործակցութեամբ՝ սեփական ուժի եւ արտաքին նպաստաւոր պայմաններու» (էջ 12):
Կենսափորձէ բխած եւ բառերը չչարչրկրող պատմափիլիսոփայական ըմբռնում, որ ճիշդ էր երէկ, ճիշդ դուրս եկաւ եւ ճիշդ պիտի ըլլայ դեռ վաղը:
Կը յաջորդէ Շաւարշ Միսաքեան, որ կ’ընէ ժամանակաշրջանի մը եւ անոր յաջորդող մեր վերաբերումներուն բնորոշումը, զոր նոյնութեամբ կրնանք կրկնել այսօր: Այնքա՜ն դիպուկ է Շաւարշ Միսաքեանի խօսքը՝ «կռուած ըլլալու» փաստի մասին, «Պատմութիւնը կ’ըսէ» խորագրին տակ (էջ 13), կը կարդանք.
«Եթէ ուրիշ որեւէ արժէք մէկդի դնէինք, միայն կռուած ըլլալու իրողութիւնը բաւական էր, որպէսզի մարդիկ երկիւղածութեամբ խոնարհէին Մայիս 28ի յիշատակին առջեւ:
«Եւ ի՜նչ կռիւ… Նոյնիսկ եթէ միայն ինքնապաշտպանութեան համար մղուած ըլլայ:
Միայն մեր մէջ է, որ մարդիկ շուտ կը մոռնան անցեալը, կամ բանգիտութիւն կը սեպեն ՛՛պատահմունք՛՛ի, ՛՛դէպքերու դասաւորման՛՛ վերագրել անվիճելի նուաճումներ եւ փաստեր:
Եւ միայն մեր մէջ է, որ նոյնիսկ թափուած արեան խորհուրդը կը շփոթեն առօրեայ իմաստակութեանց հետ»:
Շուտ մոռնալ, ապերախտութիւն, առօրեայ իմաստակութիւններ… Խորաթափանց Շաւարշ Միսաքեանի խօսք, երէկի եւ թերեւս նաեւ այսօրուան համար:
Այնքա՜ն խիտ ու առինքնող է Սիմոն Վրացեանի վկայութիւնը «Սարդարապատի Հրաշքը» խորագրուած էջերուն մէջ (էջ 17).
«Ողբերգական օրեր Հայաստանի համար: Ի սպառ կտրած արտաքին աշխարհից: Մենակ ու լքուած: Ջախջախուած եւ անօգնական: Ամէն կողմ աւեր ու աւար: Որբ ու գաղթական: Ողբ ու կական: Սով ու համաճարակ հիւանդութիւններ: Պարտութի՛ւն եւ մա՛հ: Հայոց աշխարհը՝ մեռելների կղզի, համատարած գերեզմանատուն: Իսկ Վէհիբ փաշայի գումարտակները գրաւել են Շիրակը, Արագածոտնը, մտել են Արարատեան դաշտ եւ արագ շարժումով մօտենում են Էջմիածնին ու Երեւանին:
Ո՛չ մի տեղից ո՛չ մի յոյս: Փախո՞ւստ. բայց ո՞ւր: Թիֆլիսի ու Բագուի ճամբաները՝ փակ: Պարսկաստանի երկաթուղին ապստամբ շարուրցիների եւ նախիջեւանցիների ձեռքը: Իսկ հարաւից եւ արեւմուտքից Թիւրքն է խուժում՝ վրէժխնդիր ու կոտորող: Մա՛հ ու մահ – ուրիշ ելք չկայ:
Ու յանկարծ. ՛՛Հայե՛ր, շտապեցէ՛ք հայրենիքը ազատելու՛՛, որոտաց ընդհանուր յուսալքութեան մէջ Զօրավար Սիլիկեանի ձայնը: Յաւիտեան տանջուող ու միշտ կենսունակ ու յաղթական Հայի ոգին է խօսում այդ օտարացած ու նո՛ր միայն, տառապանքի ծովում իր ազգային ինքնութիւնը ճանաչած հայ զօրավարի բերնով.
– Հայեր, շտապեցէ՛ք հայրենիքը ազատելու:»
Կրակի բովէն անցած, ժողովուրդի ճակատագիրը անոր հետ ներկայութեամբ ապրած առաջնորդի եւ վկայի վկայութիւն, որ պատմութիւն կը խտացնէ:
Եւ կրկին վկայութիւն: Ա. Գիւլխանդանեան կը ներկայացնէ բարդ իրադրութիւնը, որուն մէջ դերակատար են ոչ միայն տեղւոյն ժողովուրդները, այլ նաեւ միջազգային ուժեր, բանակներ, մասնաւորաբար՝ անգլիական:
Հրանտ Սամուէլ (էջ 29) «Մայիս 28 եւ Հայկական Դատը» գլխուն տակ, առաջին քանի մը տողերով պատմութեան ամբողջ շրջան մը խտացնէ: Կ’ըսէ.
«Մայիս 28 պսակումն եղաւ ՛՛Հայկական Դատ՛՛ին, որուն համար միլիոնաւոր զոհեր տուաւ մեր ժողովուրդը:
1918-1920՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ազատ եւ անկախ կառավարութեան օրով հայ ժողովուրդը ա՛յն հաւատքն ունեցաւ, թէ այլեւս լուծուած է ՛՛Հայոց Հարց՛՛ը եւ ընդմիշտ վերջ գտած՝ ցեղին ահաւոր երկունքը:
Յոյսի եւ հաւատքի այդ խանադավառ շրջանը երկար չտեւեց: Երեսուն ամսուան կարճատեւ բայց կենսուրախ կեանք մը միայն ապրեցաւ ազատ Հայաստանը, որմէ վերջ Հայութիւնը կրկին զրկուեցաւ անկախութենէն եւ դարձաւ հայմաթլոս:» (Հայմաթլոս՝ անհայրենիք, Յ.Պ.):
Հրանտ Սամուէլ դիպուկ դատում մը ունի, որուն մասին կը մտածենք միշտ, նաեւ՝ այսօր, բայց քաղաքական ամօթխածութեամբ չենք խոստովանիր: Էջ 33ի պարբերութիւններէն մէկուն մէջ կը կարդանք.
«Դժբախտաբար Դաշնակցութեան հիմնական քաղաքականութեան երկրորդ կէտը՝ ազգին բոլոր տարրերուն միացումը՝ չիրականացաւ: Դարերու գերութիւնը հայ ժողովուրդին մէջ ստեղծած էր ստրկամիտ հոգեբանութիւն, որ կործանարար դեր խաղաց մեր ազատագրական պատմութեան մէջ» (ընդգծ. Յ.Պ.):
Ա. Աբեղեան, Պերլինէն, ԱԶԱՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆ (Մայիս 28ի քսանամեակին առթիւ (էջ 36-39) յօդուածին մէջ կ’ընէ զանազան հաստատումներ.
«Սերունդներ սերունդների ետեւից երազել էին այդ օրը: Սերունդներ սերունդների ետեւից պայքարել էին՝ վերանուաճելու համար Հայ Ժողովուրդի ազատ ու անկախ ապրելու անկապտելի իրաւունքը:…. Մինչ այդ օտարների զօրամասերը լեցնող հայ մարտիկներ՝ ազգային վաշտեր ու գունդեր, հայկական բանակ կազմակերպած – հայեցի՛ ոգով, հայեցի տեսքով: Անծանօթ ու խորթ սահմանների պաշտպանութեան դաժան հարկադրանքի փոխարէն՝ Հայ Հայրենիքին, իր սեփական օջախին դէտ (գրուած է դէտ, հաւանօրէն պիտի ըլլայ տէր) կանգնելու բոլորանուէր պատրաստակամութիւն:…. Այլասերման կործանարար ուղին բռնած օտարամոլ մտաւորականը եւ ուծացած մեծատունը՝ սեփական արժանապատուութեան, ազգային ինքնագիտակցութեան վերադարձի ճամբուն:… Միայն թէ՝ չհատնի Յոյսը, չսպառի Հաւատը, չպակսի Իմաստութիւնը՝ այս հին ու ազնուական, այս արիարանց ժողովուրդի ղեկավար տարրի մէջ. միայն թէ՝ շարունակուի վառ մնալ հայրենի հողի պաշտամունքը»:
Ութսուն երկու տարի առաջ ըսուած խօսքեր… զորս պէտք է կրկնել զանգուածներու եւ հայրենի ու սփիւռքեան էսթէպլիշմընթներու ականջին:
Քաղաքական կեանքին մասնակից Արշակ Ջամալեան ուշագրաւ պատկերը կու տայ Հայաստանի հանդէպ ռուսական քաղաքականութեան (էջ 40-45), «Հայաստանի անկախութեան խնդիրը եւ Ռուսաստան» յօդուածով, որուն եզրակացութենէն կ’արտագրեմ պարբերութիւն մը, որ մտածելու պէտք է մղէ հայ քաղաքական գործիչը:
«Աւելի՛ եւս զարհուրելին կայ: Այն՝ որ երկու հարիւր տարուայ ընթացքին, Ռուսաստանը ամէն անգամ, երբ փոքր ինչ դժուարութիւն էր ունենում ներսում կամ սահմաների վրայ, լքում էր հայ ժողովուրդը իր ճակատագրին՝ առանց մտահոգուելու որ դա կարող է նրա բնաջնջումով վերջանալ: Այդպէս եղել է Պետրոս Մեծի ժամանակ, այդպէս է եղել Եկատերինա Բ.ի ժամանակ, այդպէս եղաւ 1917-1918ին:
Ի հարկէ, ինչ որ կ’ըսուի, վկայի վկայութիւն է…
Էջ 46-50. Շաւարշ Նարդունի ստորագրած է հետաքրքրական յօդուած մը՝ «Դէպի Մայիս 28 Մեր Գրականութեան Հետքերով»: Իր իսկ բառերով. «Հետաքրքրական է որոնել այն ցանկութիւնները, զորս կ’արտայայտէ հայ գրականութիւնը քաղաքական անկախութեան մասին»: Եւ կը շարունակէ. «…փնտռենք թէ ի՛նչ արտայայտութիւններ կան հայ գրականութեան մէջ մեր քաղաքական ձգտումներուն մասին»: Մեզի կը բերէ հին պատմիչները մինչեւ մեր օրերը, բանաստեղծները եւ երգերը:
Կը մէջբերէ Գամառ-Քաթիպայէն քառեակ մը այնքա՜ն պարզ եւ այնքա՜ն խոր, զոր այսօր ալ կարելի է կրկնել փոխան կարգախօսային աղմուկի: Կը կարդանք.
«Կու տամ քեզ պատիւ, կ’ունենաս դու յարգ,
Ու կը դնեմ քեզ ազնիւ մարդոց կարգ,
Երբ օրօրանէդ մինչեւ գերեզման՝
Ձգտումդ լինի փրկել Հայաստան»:
Ի՞նչ կ’ըսեն մեր բազմաձեւ եւ բազմագոյն խմբագրականները, որ չկայ այս քառեակին մէջ: Եւ կը յիշեցնէ, որ «Րաֆֆի եւ Ահարոնեան եղան գլխաւոր ուսուցիչները ազատագրական կռիւներուն եւ գրականութեան»: Բազմաթիւ մէջբերումներ կ’ընէ: Կը յիշէ նոյնիսկ Պետրոս Դուրեանը եւ Միսաք Մեծարենցը, որոնք ունեցած են «քաղաքական անկախութեան տենչը՝ թէեւ միշտ տարտամ (էջ 49)»:
Գրականութիւն պեղող Շաւարշ Նարդունի առանձնացուցած է տողեր Դուրեանէ եւ «դողդոջուն» Միսաք Մեծարենցէ:
Պետրոս Դուրեան՝
Մինչ ե՞րբ գլուխդ պիտի ծռես,
Շղթայակապ այդպէս հեծես,
Հէք Հայաստան շիջելարեւ…
Միսաք Մեծարենց.
Քո՜յր, մօտեցուր իմ ձեռքին
Աստուածաբոցն հրացան,
Զի ամէն բան ինձ կրկին
Կը յիշեցնէ վրէ՜ժն արեան:
Եւ Նարդունի կ’եզրակացնէ ճշմարտութեամբ մը, զոր այսօր ալ պէտք է կրկնել.
«Ես կը հաւատամ թէ հայրենիքները կը ստեղծուին նախ հոգիներու մէջ, որպէսզի յետոյ ստեղծուի հողային հայրենիքը» (էջ 50):
Իսկ պարզ չէ՞, որ հոգիներու մէջ հայրենիքը կը ստեղծուի մշակոյթով, լեզուով, գիրով:
Կը յաջորդեն յօդուածները Վահան Համբարձումեանի «Անկախութեան նախօրեակին», Վ. Իշխանեանի՝ «Անցեալի թելադրանքը», Ա. Ուրարտեանի՝ «Ի՞նչ շահեցանք Մայիս 28էն» եւ Ս. Տէր Թովմասեանի՝ «Արամի Կեանքէն» խորագիրներով: Վերջինը կրկին հրատարակել թերթերու մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), որպէսզի ճանչնանք մարդը՝ որ պատմութեան հանգուցային պահուն եղաւ հայրենակերտ առաջնորդ:
Գրքոյկ մը՝ Մայիս 28ի քսանամեակին առիթով: Ուշագրաւ չէ՞ միթէ, որ փոխանակ որմազդով մը կամ այլ յայտարարութիւններով գոհանալու, սերունդ կար որ գիրք կը հրատարակէր, նախանձախնդրութեամբ տէր կ’ըլլար վկաներու վկայութիւններուն:
Կարգախօսային աղմուկէն տաբեր որակ…
19 օգոստոս 2020, Նուազի-լը-Կրան
aztagdaily.com/archives/481083