«Մենք Մէկ Դար Առաջ Պատռած Ենք Սեւրը, Այսօր Ալ Միջերկրականի Մէջ Մեզի Պարտադրուիլ Փորձուող Սեւրին Առջեւ Գլուխ Չենք Կրնար Խոնարհեցնել» Կ՛ըսէ Էրտողան
22 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ընկերային ցանցերու իր էջին վրայ գրառում կատարած է Միջերկրական ծովու արեւելքին մէջ ինքնին Թուրքիոյ մեղքով յառաջացած լարուածութեան վերաբերեալ:
«Մենք` իբրեւ ազգ, եթէ մէկ դար առաջ Սեւրը պատռած եւ մէկդի նետած ենք, այսօր ալ արեւելեան Միջերկրականին մէջ մեզի պարտադրուիլ փորձուող Սեւրին առջեւ գլուխ չենք կրնար խոնարհեցնել: Մեր զաւակներուն չենք կրնար յանձնել երկիր մը, որ չի կրնար սեփական իրաւունքները պաշտպանել, թոյլ է, անինքնավստահ եւ քաջութեան պակաս ունի», գրած է Էրտողան:
Նշենք, որ «Սեւրի մտատանջութեամբ» տառապող Թուրքիոյ մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած էին Սեւրի դաշնագիրի ստորագրման 100-ամեակին առիթով Հայաստանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները: Սակայն Սեւրի պայմանագիրը կ՛առնչուի նաեւ Յունաստանին. ըստ այս դաշնագիրին, Իզմիրի (Զմիւռնիա) շրջանը եւ Պոլսոյ շրջանին մեծ մասը պէտք էր անցնէին Յունաստանի վերահսկողութեան տակ, սակայն Լոզանի դաշնագիրին պատճառով այդ ծրագիրները չիրագործուեցան:
aztagdaily.com/archives/481150