ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ – Անդրադարձ – Էրտողան Հրահանգած Է Եկեղեցի Մըն Ալ Կը Վերածէ Մզկիթի
25 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Բիւզանդական սուրբ Սոֆիա ուղղափառ եկեղեցիի մզկիթի վերածման հակաքաղաքակրթական եւ կամայական որոշումը աշխարհի կողմէ երկչոտի կրաւորականութեամբ ընդունուեցաւ եւ կարծէք եղաւ կատարուած իրողութիւն:
Ռեչէփ Թայիպ Էրտողան բնական էր որ այդ պիտի համարէր իր առջեւ բացուած ազատուղի եւ հրահանգեց Պոլսոյ ուրիշ պատմական եւ խորհրդանշական ուղղափառ եկեղեցի մըն ալ վերածել մզկիթի:
Եկեղեցին կը կոչուի Խորայի Սուրբ Փրկիչ, որ 1958էն ի վեր կը գործէր որպէս թանգարան:
Ժողովուրդները հայրենահանելէ եւ ջարդելէ ետք, անցեալի քաղաքակրթութիւններու եւ քրիստոնէութեան հետքերը պէտք է ջնջել, անվերադարձ կերպով թրքացնելու համար ուրիշ ժողովուրդներու պատկանող բռնագրաւուած հայրենիքները եւ անոնց պատմամշակութային ժառանգութիւնները: Եւ քանի որ միջազգային հանրութեան լռութիւնը Ռեչէփ Էրտողանի կողմէ կը համարուի համամտութիւն կամ պարտութիւն, ան պիտի շարունակէ իր արշաւը, որպէսզի աշխարհի այդ մասին իրաւ տէրերէն ոչ մէկ հետք մնայ: Այս ընթացքին իմաստը պէտք է հասկնալ. Ռեչէփ Էրտողան գիտէ, որ այդ հողերուն վրայ թուրքերը եկուոր են: Պատմութիւն եւ իրաւունք եաթաղանով չեն ջնջուիր:
ՄԱԿ, ԻՒՆԵՍՔՕ, Եւրոմիութիւն, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ դարձած են կրաւորական մեղսակից հանդիսատեսներ: Բայց այդպէս կրնա՞ն շարունակել: Վտանգը այլապէս կրնայ սպառնական դառնալ նաեւ իրենց համար, բոլոր քաղաքակթութիւններուն համար: Ցարդ դիպաշարը այնպէս է, որ կարծէք այս մշակութային կողոպուտը, ալան-թալանը, տեղի կ’ունենայ հեռաւոր մոլորակի մը, զոր վաղը աստղագէտի նմանող տիտղոսաւոր քաղաքական (չ)իմաստուններ պիտի մեկնաբանեն միջազգային ամպագոռգոռ ժողով մը գումարելով, եւ ապա պիտի շարունակեն հրթիռներու եւ նաւթի վաճառքը:
Մեծն Յուստինիանոս Ա կայսեր օրով կառուցուած այս Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին յայտնի է իր ճոխ եւ հարուստ խճանկարներով: Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց ճակատագիրը, քանի որ իսլամական կրօնը պատկերներու պաշտամունքը կը մերժէ: Սուրբ Սոֆիա քրիստոնէական տաճարը 80 տարի թանգարան մնալէ ետք, տուրք տալով կրօնական եւ ազգայնամոլական մղումներու, դարձաւ մզկիթ: Միջազգային հանրութեան անզօրութեան եւ պարտուածի լռութիւնը որպէս քաջալերանք ընդունուած է Ռեչէփ Թայիպ Էրտողանի կողմէ, այլ կերպ կարելի չէ մեկնաբանել անոր յանդգնութիւնը: Եւ հիմա պէտք է սպասել երրորդ եկեղեցիի մը, չորրորդ եկեղեցիի մը մզկիթի վերածումը:
Եւ պատճառ չկայ որ այդ արշաւը սահմանակուի յունական եկեղեցիներով, եւ Պոլիսով, քանի որ Թուրքիան միայն Պոլիս չէ:
Բոլոր խճանկարները եւ որմնաքանդակները կարելի է ժամանակաւորապէս եւ միայն աղօթքի ժամերուն թաքցնել, ինչպէս այդ կ’ընեն Սուրբ Սոֆիայի մէջ, կ’ըսէ օսմանագէտ Զէյնէպ Թիւրքեըլմազ, քանի որ անոնք կը զարդարեն ամբողջ շինութիւնը: Ըստ գիտնականին, այդ ընել հաւասար է քանդումի, քանի որ եկեղեցիի ներքին ճարտարապետութիւնը կարելի չէ այդ ձեւով պահպանել: Այսինքն այդ պատմական արուեստի գործերը, խճանկարները, կրնան ընդմիշտ կորսուիլ: Այս մակարդակին կը սպասուի ԻՒՆԵՍՔՕի միջամտութիւնը,- եթէ այդ ըլլայ,- բայց ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով: Իսկ եթէ ԻՒՆԵՍՔՕն լուռ մնայ, իր հունով նաեւ ՄԱԿը, միջազգային կառոյցները եւ հանրութիւնը կը վարկաբեկուին, ո՛չ ոք ո՛չ ոքի կրնայ վստահիլ, ամենաթողութիւն անտառի օրէնքը կը դառնայ կանոն:
Միջազգային մամուլը հիմա լայնօրէն կ’արձագանգէ, լուրը թարմ է, ան վաղը կրնայ հիննալ եւ մոռցուիլ: Միջազգային մեծ ժողովները եւ որոշում կայացնող կառոյցները լուռ կը մնան: Ինչպէ՞ս բացատրել այդ լռութիւնը:
Անմիջականէն վեր ելլենք, եւ հարց տանք, թէ Ռեչէփ Էրտողան ի՞նչ կը հետապնդէ այս հակամշակութային, հակաքաղակրթական, ցեղապաշտ եւ կրօնամոլական ծայրայեղութիւններուն դիմելով:
Ինչ որ կը պատահի սոսկ կրօնականէ աւելին է: Առաջին հերթին, Ռեչէփ Էրտողան թուրք կրօնամոլ, պահպանողական եւ ազգայնամոլ զանգուածին բաւարարութիւն կու տայ, ամրացնելու համար իր ընտրազանգուածը, այսինքն՝ Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութիւնը, ժողովրդային ուշադրութիւնը շեղելու համար համավարակի պատճառով երկրի տնտեսական կացութեան վատթարացումէն:
Այս հակայոյն եւ հակաքրիստոնեայ բիրտ արարքները գրգռութիւն են (provocation) ուղղուած Յունաստանի, որպէսզի ան հակազդէ, պատճառ դառնայ զինեալ բախումներու եւ Թուրքիա գրաւէ իր հողամասին մօտերը գտնուող յունական կղզիները, ուր կրնայ կազի եւ նաւթի պաշարներ գտնելու համար հորահատումներ ընել: Այս կացութեան անդրադարձած է Ֆրանսայի նախագահը եւ բացորոշ կերպով դիրք ճշդած Յունաստանի կողքին: Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Եւրոմիութիւն, մինչեւ ե՞րբ կրնան խուփ աչքերով դիտել կացութիւնը, որ վաղը պատճառ կրնայ ըլլալ միջազգային Պարզ է. Ռեչէփ Էրտողան կը հետապնդէ ոչ միայն անցեալի յիշեցման հետքերու եւ փաստերու ջնջումը, այլ նաեւ առիթ կը փնտռէ, որպէսզի տարածքային ընդարձակում իրականացնէ, օսմանեան կայսրութեան ծաւալապաշտութեան ընթացք տայ: Եթէ անցեալին Յունաստանը օսմանեան տիրապետութեան տակ էր, ինչո՞ւ ան պիտի չվերադառնայ նախկին վիճակին, կայսրութեան վերականգնումով: Այս օսմանեան կայսերական վերականգնումի տրամաբանութիւն է:
Եթէ վաղը, մզկիթի վերածուած եկեղեցիի գմբէթի պատմական, մշակութային եւ արուեստի որմնաքանդակները ծեփեն կիրով կամ պարզապէս փճացնեն, հպատակելով իսլամութեան սկզբունքներուն, մարդկութիւնը պիտի կորսնցնէ արուեստի անփոխարինելի հարստութիւն մը: Այն ատեն պէտք է դատել ոչ թէ Թուրքիան եւ Ռեչէփ Էրտողանը, այլ նաեւ բոլոր կրաւորական մեղսակիցները, եթէ մինչ այդ անոնք ալ ենթարկուած չըլլան նոր օսմանական կայսրութեան տիրապետութեան:
Զարմանալի է, որ ամէն բանի համար ցոյցի դիմող զանգուածները լուռ կը մնան համամարդկային մշակութային աղէտին ի տես եւ ի լուր: Գերավաճառութեան, ժողովուրդներու հայրենազրկման եւ անոնց հոգեմտաւոր մշակոյթի իւրացման եւ փճացման միջեւ տեսակարար ի՞նչ տարբերութիւն կայ:
Մարդիկ օրին չուզեցին տեսնել եւ նկատել, որ Կարսի Առաքելոց եւ Այնթապի հայկական եկեղեցիները մզկիթի վերածուած էին, քանի որ տեսնել եւ նկատել կը պա-հանջէին դիրքորոշում, այսօր Սուրբ Սոֆիան եւ Սուրբ Փրկիչը կ’արժանան նոյն ճակատագրին:
Վաղը այլ հեռու եւ մօտ երկինքներու տակ ուրիշ եկեղեցիներ ալ կրնան հետեւիլ… Պատմութեան օղակը չէ փակուած:
Բարի կամքի տէր իսլամներուն, մեծերուն եւ համեստներուն, թագաւորներուն եւ սուրբ վայրերը նախանաձախնդրութեամբ պահողներուն, անոնք ըլլան արաբ, պարսիկ, փաքիստանցի, սուրիացի, եգիպտացի կամ այլ, հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ պիտի ընէին, եթէ կռթնելով բիրտ ուժի մը, խելագար ղեկավար մը ուզէր Մեքքէի, Մետինէի սրբավայրերը, Ազհարի, Օմայատի, Քազապլանքայի, նաեւ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ այլ երկիրներու հռչակաւոր սրբավայրեր եւ մզկիթներ եկեղեցի դարձնել…
Իսլամ ժողովուրդները իրենք պէտք է գիտնան մերժել Էրտողանի եւ անոր նմաններու կրօններու կողմէ ըստ էութեան մերժելի չարագործութիւնները:
Քանի որ յաճախ կը լսենք կրօններու երկխօսութեան մասին, այս հարցումը ուղղել մեղանչում չ’ըլլար:
Բիրտ ուժին եւ կամայականութեան առջեւ տեղի տալով ոչ քաղաքակրթութիւններ կը փրկուին, ոչ ալ՝ խաղաղութիւն:
Ենթադրուածէն աւելի մեծ բռնկումներու նախօրեակին կը գտնուինք եւ Ռեչէփ Էրտողան դարձած է հրձիգ:
Միշտ պէտք է յիշել, որ Բ Աշախարհամարտի նախօրեակին, Հիթլերի առջեւ եղած տեղատուութիւններու արդիւնքը ի՞նչ եղաւ:
Պատմութիւնը դպրոց է:
23 օգոստոս 2020, Փարիզ
aztagdaily.com/archives/481442