Պէյրութը Թուրքերուն Համար Չէ՛… * Տոքթ. Պետրոս Աֆէեան
26 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Օգոստոս 24, 2020
Պէյրութը յափշտակման առարկայ չէ՛, ո՛չ իսկ հիւսիսէն արշաւող խեչափառներուն կամ ծովային հրէշներուն համար:
Պէյրութը Օսմանեան չէ՛: Ո՛չ ալ ինքնազօր խաղալիք մը, որը իր դրացիներուն կողմէ լարուած՝ արեւին տակ այրող ու ճչացող երախաներուն հանդէպ կատարուած ոճիրը իբր զուարճութիւն կը ներկայացնէ ուրիշներուն:
Պէյրութը սուրիացիներուն համար չէ՛, ո՛չ ալ քիւրտերուն: Ան իր հարաւի բարեկամ-դրացիներուն հրասայլերուն եւ ռատիոկայանի հաղորդումներ լռեցնող հրթիռներուն համար չէ՛: Ոչ ալ թուղթի կտոր մը՝ Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ յետոյքները սրփող: Անոնք սրճարաններու մէջ իրենց քաղաքավարի վերաբերմունքով, նստած կը լրտեսեն մեծ Ռուս Արջին եւ անոր քաուպօյ ընկերներուն վրայ:
Պէյրութը ծանօթ էր կախարդութեան: Իւրացուցած էր հոտառութիւնը: Եւ պարիկներու պորտախաղով կը պատրաստէր աստուածներու խնճոյքին հոլանի սփռումը: Պէյրութը ծանօթ էր իր բազմալեզու խմբերգային համերգներով՝ տրուած ծովեզերքներու եւ կանաչ, սպիտակ եւ կարմրագոյն լեռներու վրայ, նախանձ ստեղծելով օտար եւ սոսկալի, անգութ, չարամիտ եւ ատելութեամբ լեցուն ներխուժողներուն մէջ:
Պէյրութը կ’արիւնի իր հանդէպ չարութիւն ցանկացողներուն սնանկութեան պատճառով: Կ’արիւնի Ծոցին, ծովուն եւ օդին պատճառով: Բայց եւ այնպէս, 18 խոստովանութիւններ միասնաբար եւ հազուագիւտ կեցուածքով, դարձեալ պիտի երգեն միաձայն ու անվախ.
Պէյրութի շերտաւորման ու անդամահատման իրաւունքը Թուրքիոյ չի՛ պատկանիր՝ Պէյրութը հեռու պահելու Իրանէն, Թեհրանէն ու դժոխքէն…:
*Լոյս տեսած է “Armenian Interests” առցանց շաբաթաթերթին Օգոստոս 23, 2020-ի համարին մէջ:
Անգլերէնէ թարգմանեց՝ Յարութիւն Մըսրլեան
«Հայրենիք»
yerakouyn.com/2020/08/26/պէյրութը-թուրքերուն-համար-չէ՛-տոքթ/