Արցախի Պետութեան Կողմէ 25.000.000 Դրամ Լիբանանահայ Վարժարաններուն

Արցախի Պետութեան Կողմէ 25.000.000 Դրամ Լիբանանահայ Վարժարաններուն

30 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Հինգշաբթի, 27 օգոստոս 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան` Արցախի պետութեան անունով քսանհինգ միլիոն դրամ փոխանցելով յօգուտ լիբանանահայ կրթական ասպարէզին:

Վեհափառ հայրապետին խորհուրդով, նոյն օրը Քեպապճեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայ յարանուանութեանց երեք պետերուն` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան եւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան:

Այս առիթով, Կարօ Քեպապճեան նշեց, որ Արցախի ամէնէն ծանր օրերուն առաջին օգնութիւնները հասան Լիբանանէն, եւ այսօր պահն է , որ իր կարգին Արցախը ձեռք երկարէ լիբանանահայութեան, որպէսզի ան մնայ կանգուն: Ան աւելցուց որ «հոն, ուր հայ կայ, հոն, ուր հայկական եկեղեցի, կուսակցութիւն, դպրոց ու մշակոյթ գոյութիւն ունի, հոն Արցախը ներկայ է ու կ՛ապրի»:

Իր կարգին, յօգուտ լիբանանահայ կրթական ասպարէզին փոխանցուած քսանհինգ միլիոն դրամը ստանձնելով` Լիբանանահայ երեք համայնքապետներուն անունով շնորհակալութեան խօսք արտասանեց Շահէ արք. Փանոսեան, որ ըսաւ. «Գումարէն անդին եւ վեր, տագնապի ժամանակներուն մեր կողքին Արցախն ու հայրենիքը ունենալը, մեզի կորով եւ ուժ ներշնչող երեւոյթ է: Յատկապէս, լիբանանահայ կրթական ասպարէզին ընծայուած օժանդակութիւնը, մեր գոյութիւնը առաւել եւս ամրացնելու նպատակին կը ծառայէ: Էականը, պէտք է մէկս միւսին օժանդակ եւ նեցուկ մնանք, որպէսզի իբրեւ ազգ, հայրենիք եւ սփիւռք մնանք կանգուն եւ մեր եկեղեցիներով, դպրոցներով ու կառոյցներով առաւել եւս ամրացնենք մեր գոյութիւնը ամէն տեղ:

ԱՐՑԱԽԸ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՔԻՆ

Արցախի պետութեան կողմէ25,000,000 դրամԼիբանանահայ վարժարաններուն

Posted by Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարան – Armenian Prelacy of Lebanon on Friday, August 28, 2020

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

aztagdaily.com/archives/481816

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail