«Եթէ Թուրքիան Միջերկրականի Մէջ Իր Կեցուածքէն Ետդարձ Չկատարէ, Կրնանք Անոր Դէմ Տնտեսական Պատժամիջոցներ Հաստատել» Կ՛ըսէ Պորել
30 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Մաաս. «Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Աւելի Քան Լարուած Են»
Եւրոպական Միութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել նշեց. «Եթէ Թուրքիան արեւելեան Միջերկրականի հարցով իր յամառ կեցուածքէն ետդարձ չկատարէ, կրնանք անոր դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատել»` հաստատելով «եւրոպական պետութիւններուն արեւելեան Միջերկրականի մէջ միասնականութիւնը, եւ պէտք է հասնիլ լուծումի մը, որ կ՛երաշխաւորէ մեր շահերը»:
Պորել նշեց, թէ «Թուրքիոյ դէմ զսպիչ քայլերը կրնան նաւերու նման ներուժներ թիրախաւորել»:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս իր կարգին նշեց. «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները արեւելեան Միջերկրականի մէջ տիրող կացութեան պատճառով աւելի քան լարուած են»: Ան եւրոպական երկիրներուն կոչ ուղղեց յառաջիկայ ամիս նախատեսուած Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի ընթացքին յաւելեալ խիստ քայլեր որդեգրելու հարցը քննարկելու:
«Կառուցողական երկխօսութիւնը Միջին Արեւելքի տագնապէն դուրս գալու ուղին է», շեշտեց Մաաս:
aztagdaily.com/archives/481852